Հայաստանի քաղաքական ու յարակից կեանքերը 2018-ի Ապրիլէն ի վեր նորանոր զարգացումներու տանող շոգեկառքը 14 Յունուարին պիտի անցնի նորագոյն կայարանէ մը, երբ անցեալ Դեկտեմբերին ընտրուած խորհրդարանի բանայ իր առաջին նստաշրջանը։
Ինչպէս «Թաւշեայ յեղափոխութեան» նախընթաց փուլերուն, այսօր ալ 14 Յունուրով բացուող փուլին կապուած են նոր յոյսեր, ակնկալութիւններ, սակայն նաեւ կան մտավախութիւններ. մամուլը ողողուած է օր աւուր «դէպքերու» շուրջ եւ աւելի հեռահաս մեկնաբանութիւններով։
Օրինակի համար, լուսարձակներ կեդրոնացած են խորհրդարանէն հրաժարողներու, խորհրդարանի անդամներուն մէջ կիներու թիւին յաւելման, մեծ թիւով երիտասարդներու խորհրդարան մուտքին, փորձառու-անփորձ երեսփոխաններու, անուն ու վաստակ կերտածներու տեղ անծանօթ մասնագէտներու ազգային ժողով մուտքին եւ նմանօրնիակ բազմագոյն երեւոյթներու վրայ. իւրաքանչիւրը արդարօրէն արժանի է ուշադրութեան, գնահատումի, վերլուծումի։
Ինչպէս Ապրիլի շարուժումէն ի վեր, նոր խորհրդարանի պաշտօնավարութեան սկզբնաւորութեան նախօրեակին ալ, Հայաստանի ու անոր զարգացումներուն ակնդէտ հետեւող հայկական աշխարհին մէջ ստեղծուած են երկու գլխաւոր ալիքներ, զորս անպայման պէտք չէ դիտել իբրեւ ներհակ ու զիրար չէզոքացնող, սակայն անոնց միջեւ տարբերութիւնը ակներեւ է։ Առաջինը՝ լաւատեսութեան եւ յոյսի մակընթացութիւնն է, իսկ երկրորդը՝ վերապահութեան ու թերահաւատութեան ալիքը։
Առաջին ալիքը՝ յոյսի ու լաւատեսութեան մթնոլորտը ունի իր հիմնաւորումները։ Նորութիւն արձանագրած պիտի չըլլանք, եթէ անգամ մը եւս հաստատենք, որ այս ալիքը կը մեկնի շարք մը շօշափելի իրականութիւններէ, ինչպէս՝ փտախտի եւ մենաշնորհներու, չարաշահութեանց եւ պաշտօնի շահագործման դէմ բացուած պայքարի ճամբուն մէջ արձանագրուած յաջողութիւններէն։
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
6-8 Յունուար 2019
Հոդվածն ամբողջությամբ կարող եք կարդալ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի այսօրվա համարում