Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ
Պրն. Նիկոլ Փաշինեան
Երեւան
Հարգարժան պարոն վարչապետ,
«Թեքէեան Կենտրոն» Հիմնադրամի հայաստանեան եւ Լոնտոնի մեր կառոյցներուն, ինչպէս նաեւ Թեքէեան Խնամակալ Մարմնի, ԹՄՄ եւ աշխարհասփիւռ թեքէանական այլ կառոյցներու կողմէ թոյլ տուեք ներկայացնել որոշ դիտարկումներ ՀՀ սփիւռքի եւ մշակոյթի նախարարութիւններու հետագայ ճագատագիրի վերաբերեալ:
Տեղեկութիւնները, որ մեզ հասած էին ՀՀ սփիւռքի եւ մշակոյթի, ինչպէս նաեւ կարգ մը այլ նախարարութիւններու փակման եւ կամ ուրիշ նախարարութիւններու հետ միաւորման մասին` տակաւին խորհրդարանական ընտրութիւններէ առաջ, կարծեք այլեւս իրականացման փուլին մօտեցած են:
Այս առթիւ կ’ուզենք յայտնել մեր լրջագոյն մտահոգութիւնը եւ անհանգստութիւնը: Մեր խորին համոզմամբ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը եղած է այն միակ եւ եզակի կառոյցը, որ պետական- պաշտօնական խողովակով նպաստած է Մայր Հայրենիքի եւ Սփիւռքի մերձեցման, համատեղ ծրագիրներու իրականացման, համազգային կարգ մը կարեւոր հարցերու շուրջ միասնական քաղաքականութեան մշակմանը եւ համակարգմանը: Ինչպէս Հայաստանի Հանրապետութիւնը ունի իր դեսպանատուները շատ երկիրներու մէջ, այնպէս ալ սփիւռքի նախարարութիւնը, իր կարգ մը առաքելութիւններէ զատ, նաեւ հանդիսացած է հայկական սփիւռքի տեսակ մը դեսպանատունը Հայրենիքի մէջ:
Տարիներ առաջ անկախ Հայաստանի մէջ սփիւռքի նախարարութեան ստեղծումը կը փաստէր սփիւռքի եւ սփիւռքահայութեան հանդէպ Հայրենիքի տածած կարեւորութեան, հայրենի իշխանութեանց կողմէ սփիւռքահայ կառոյցներու աշխատանքի գնահատականի մասին, եւ այսօր նախարարութեան լուծարումը կամ ընդգրկումը այլ կառոյցի մէջ, կը փաստէ ներկայիս հայրենի կառաւարութեան վերաբերմունքի փոփոխութեան մասին` հանդէպ եօթը միլիոնանոց հայ սփիւռքի: Կառաւարութիւն մը, որը, իր հաւաստմամբ, ստացած է հայ սփիւռքի ջախջախիչ մեծամասնութեան /եւ ոչ թէ առանձին սփիւռքահայ անհատներու/ աջակցութիւնը եւ տակաւին անոր պէտք ունի: Հայկական սփիւռքը, որ պատրաստ է միշտ կանգնելու Հայաստանի կողքին, անկախ վարչակարգէ, իր բազմաշերտ, բազմալեզու, բազմամշակոյթ էութեամբ այսօր ահռելի ներուժ ունի, որը պէտք է հայրենի կառաւարութիւնը հմտօրեն օգտագործէ: Այսօր անկարելի է պատկերացնել Հայաստան- Սփիւռք կապերու հետագա ամրապնդումը, ներդրումներու աւելացումը, հայրենադարձութեան կազմակերպումը եւ համակարգումը, սփիւռքի աքթիւ մասնակցութիւնը հայաստանեան կեանքին, հայ դատի միասնական հետապնդումը` առանց կամուրջ հանդիսացող պետական այդ կառոյցի:
Հաւասարապէս մտահոգուած ենք նաեւ մշակոյթի նախարարութեան հետագայ ճակատագրով:
Ի հարկէ, ըմբռնելով եւ գնահատելով կառաւարման արդիւնաւետութիւնը բարձրացնելու եւ ծախսերը նուազեցնելու Ձեր ջանքերը, այնուամէնայնիւ, կ’ուզենք հոյս յայտնել եւ հաւատալ, որ այդպիսիք հնարաւոր են նաեւ նշուած նախարարութիւնները պահպանելով որպէս առանձին կառոյցներ, հաշուի առնելով հայութեան համար անոնց բացառիկ գործառոյթները եւ կարեւորութիւնը:
Հարգանքներով`
Վարդան Ուզունեան
նախագահ «Թեքէեան Կենտրոն» հիմնադրամի
հոգաբարձուներու խորհուրդի,
պատուաւոր քարտուղար Լոնդոնի Թեքէեան Խնամակալ Մարմնի
25 դեկտեմբերի, 2018 Լոնտոն
Եկեք Հայաստան ու օգնեք հզորացնել այն: Հայաստանը այլևս չպետք է խրախուսի սփյուռքի գոյությանը: Գնչուական ժամանակաշրջանը փակված է