Կիրակի, 6 Յունուար 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին զանգերը ղօղանջեցին աւետելով Քրիստոսի Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօները։ Այս առիթով, Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ իր հայրապետական պատգամը փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս։ Պատարագին ներկայ էին պետական պաշտօնական անձնաւորութիւններ, երեսփոխաններ, նախարարներ, Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպանը, այս օրերուն ժողովական աշխատանքներով Անթիլիասի Մայրավանք ժամանած օտար հիւրեր եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը։ Ս. Պատարագին երգեցողութիւնը կատարեց Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ Հոգշ. Տ. Զաւէն Աբղ. Նաճարեանի։
Իր պատգամին մէջ, Նորին Սրբութիւնը, խօսելով Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղութեան մասին, մէջբերեց Յակոբոս առաքեալին խօսքը, որ կ՚ըսէ «մօտեցէ՛ք Աստուծոյ, եւ Աստուած ինք պիտի մօտենայ ձեզի» (4.8)։ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, որ Աստուծոյ Որդւոյն ծնունդը Բեթղեհէմի մէջ Աստուծոյ մօտեցումն է մարդուն, որովհետեւ մարդը՝ Աստուծոյ զաւակը, հեռացած էր իր երկնաւոր Հօրմէն։ Բեթղեհէմի ճամբով Աստուած ոչ միայն մարդուն հետ եղաւ, մարդուն մօտեցաւ, այլ նաեւ ուզեց, որ մարդը իր կեանքը ապրի Քրիստոսի ճամբով՝ համաձայն աստուածային ճշմարտութիւններուն ու արժէքներուն։ Հայրապետը ընդգծեց, որ Բեթղեհէմի մէջ մարդեղացած Աստուծոյ Որդւոյն առաքելութիւնը մարդուն մէջ վերակերտել է աստուածային պատկերը, որ կորսուած էր մեղքին պատճառով։ Նոյն առաքեալը կոչ կ՚ուղղէ՝ ըսելով «դուք ձեզ խոնարհեցուցէ՛ք Տիրոջ առջեւ, եւ ինք ձեզ պիտի բարձրացնէ» (4.10)։ Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ Բեթղեհէմի պատգամը այսօր մեր բոլորին կոչ մըն է մօտենալու Բեթղեհէմի մէջ ծնած Աստուծոյ Որդւոյն, խոնարհելու Անոր առջեւ, որպէսզի Ան դառնայ մեր կեանքին նկարագիրը, իմաստն ու ուղղութիւն տուող ներկայութիւնը։
Ապա Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ Լիբանանի ներկայ կացութեան։ Ան ողջունեց Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահը, քրիստոնեայ եւ իսլամ հոգեւոր պետերը եւ լիբանանցի ժողովուրդը։ Ան ըսաւ, որ Լիբանանի իւրայատկութիւնը կը կայանայ համայնքային գոյակցութեան մէջ, որուն առանցքը փոխադարձ յարգանքն ու վստահութիւնն է։ «Ճիշդ է, որ համայնքները տարբերութիւններ ունին, սակայն այդ տարբերութիւններէն անդին համայնքները միացնողը Լիբանանն է, Լիբանանի ընդհանրական ու գերագոյն շահերն են։ Նոյն եւ մէկ հայրենիքին պատկանելիութեան նախանձախնդրութեամբ պէտք է ապրին բոլոր լիբանանցիները։ Փոքր երկիր ըլլալով, Լիբանանը ուրիշներու ազդեցութեան ենթակայ է, սակայն, ուրիշներուն հետ Լիբանանի գործակցութիւնը պէտք չէ վերածուի ենթակայութեան՝ ի վնաս Լիբանանի շահերուն, անոր զարգացման, յառաջդիմութեան եւ նոյնիսկ ներքին միութեան», ըսաւ ան։ Շարունակելով իր խօսքը, Վեհափառ Հայրապետը իր ընդվզումը յայտնեց ի տես կառավարութեան բացակայութեան. «Կարելի չէ երեւակայել երկիր մը այս երկրագունդին վրայ, որ վեց ամիսներ շարունակ կառավարութիւն չունենայ։
Կարծէք նախագահ ընտրելու, կառավարութիւն կազմելու կամ խորհրդարան ընտրելու քաղաքական անկարողութիւնը ու կամքը Լիբանանի մէջ վերածուած է բնական երեւոյթի։ Հայրենիք մը էապէս իր ժողովուրդն է։ Լիբանանի ժողովուրդը հաւաքական վճռակամութիւնը պէտք է ունենայ մերժելու նման անբնական երեւոյթ։ Ժողովուրդին շահերը պէտք է վեր մնան անձնական, հատուածական, համայնքային ու ուրիշներու շահերէն։ Լիբանանցի ժողովուրդը իր իրաւունքներուն ու արժանապատուութեան տէր պէտք է դառնայ եւ չհանդուրժէ նման կացութիւններու կրկնութիւնը», շեշտեց Հայրապետը։ Վերջապէս, Արամ Ա. Կաթողիկոս կոչ ուղղեց կարելի փութով կազմելու կառավարութիւնը, առաջքը առնելու կառավարութեան մը բացակայութեան ժխտական հետեւանքներուն։
Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը Վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց քաղաքական եւ պետական անձնաւորութիւններուն, ինչպէս նաեւ ներկայ ժողովուրդին շնորհաւորութիւնները:
Հայ եկեղեցի Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն Անթիլիաս-Լիբանան