«Ասպարեզ». Ամերիկայի Ծերակոյտը հաստատեց նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ առաջադրուած Լին Թրէյսիի թեկնածութիւնը՝ իբրեւ Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան:
Հայ Դատի յանձնախումբին մօտիկ ծերակուտական Պապ Մենենտեզ այս առթիւ յայտնեց, որ ինք կ՛աջակցի այս թեկնածութեան, սակայն կ՛ակնկալէ սերտօրէն աշխատիլ տիկին Թրէյսիի հետ՝ կարենալ խրախուսելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան անկեղծ ճանաչումը:
Նշենք, որ Լին Թրէյսի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Ռուսիոյ հարցերով աւագ խորհրդականն էր: Նախապէս ան կը վարէր Ռուսիոյ եւ Թուրքմենիստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու փոխդեսպանի պաշտօնը:
Լին Թրէյսի, իր թեկնածութեան քննութեան ընթացքին յայտարարած էր, որ Միացեալ Նահանգները իր ջանքերը պէտք է կեդրոնացնէ երեք ուղղութիւններու վրայ, որոնք կը նպաստեն ժողովրդավար հասարակութեան համար անհրաժեշտ հաւասարակշռութեան: Այս ուղղութիւնները պիտի ըլլան կաշառակերութեան դէմ պայքարը, քաղաքացիական հասարակութեան ամրապնդումը եւ անկախ լրատուական միջոցներու աջակցութիւնը:
Յիշեցնենք, որ Թրէյսիի թեկնածութիւնը արդէն հաստատուած էր Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի կողմէ:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ տնօրէն Արամ Համբարեան այս առթիւ յայտնեց, որ «քաղաքական խաղաղ իշխանափոխութեամբ եւ ժողովրդավարութեան զարգացման պայմաններով յատկանշուած տարիէ մը ետք, Հայ Դատի յանձնախումբը պատրաստ է համագործակցելու դեսպան Թրէյսիի հետ՝ առաւել որակաւոր մակարդակի բարձրացնելու հայ-ամերիկեան ռազմավարական յարաբերութիւնները»:
Նշենք, որ Ծերակոյտը նաեւ հաստատեց Ըրլ Լիցընպըրկըրի թեկնածութիւնը՝ իբրեւ Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան: Լիցընպըրկըրի նշանակման անդրադառնալով՝ Համբարեան յայտարարեց, որ Հայ Դատի յանձնախումբը կ՛ակնկալէ Միացեալ Նահանգներու Պաքուի մօտ դեսպանէն, որ ամուր կեցուածք ցուցաբերէ Ալիեւի իշխանութեան հակահայ բռնութիւններուն հանդէպ եւ ընդդիմանայ Ատրպէյճանի ընդդիմադիրներու նկատմամբ բիրտ հալածանքներուն: