Հակառակ անոր, որ քառորդ դարէ աւելի հայրենի հայութիւնը ցմրուր ճաշակած էր ժողովրդային կամքի բռնախեղման դառնագոյն բաժակը եւ շատ ծանր գին վճարած էր հասկնալու համար, թէ իշխանութեանց հետ խաղ չկայ եւ չի՛ կրնար ըլլալ… Այդուհանդերձ 2018ին մեր ժողովուրդը իր մէջ բաւարար եւ անհրաժեշտ ոյժը գտաւ՝ հարիւր հազարներով ոտքի կանգնելու եւ թաւշեայ յեղափոխութիւն իրականացնելու: Քանի մը շաբթուան ընթացքին արագօրէն ահագնացած ժողովրդային բողոքի անընկճելի շարժումը յաջողեցաւ, խաղաղ ու օրինապահ պայքարի անդիմադրելի գրոհով՝ հայաշխարհով մէկ բարձրացնելու ներքին ցեցերէ եւ խաթարուածութեան արատներէն մաքրուելու պանծալի դրօշը:
«Մերժիր Սերժին» կարգախօսով փողոց նետուած եւ խաթարուած իշխանութեան դէմ անհաշտ պայքարի ճակատ յարդարած ժողովրդային բազմութիւնները քառորդ դարու դաժան կենսափորձ ունէին, որպէսզի խորապէս գիտակցէին, թէ սոսկ իշխանափոխութեամբ անհնար էր իրագործել Հայաստանի եւ հայութեան ինքնամաքրումն ու վերածնունդը:
Սեփական պետութենէն խորթացուած եւ օտարուած մեր ժողովուրդին համար թաւշեայ յեղափոխութիւնը մէկ ու միակ կիզակէտ ունէր՝ կրնա՛ր ունենալ, այդ ալ սեփական պետութեան մէջ ամենայն հարազատութեամբ եւ սրտցաւութեամբ ազատօրէն ապրելու, այլեւ տան տիրոջ կարգավիճակով ապրելու տարրական իրաւունքին ձեռքբերումն էր:
Իշխանութեան ղեկին կանգնած դէմքերը կամ ուժերը փոխելը միայն ճամբու սկիզբը կրնար ըլլալ եւ այդպէս ալ եղաւ: Աւելի քան քառորդ դարէ ի վեր արմատաւորման եւ հիմնաւորման հոլովոյթէ անցնող կառավարման խաթարուած համակարգ մը հիմնայատակ փոխելու եւ յուսալի հունի մէջ մտցնելու մեծագոյն մարտահրաւէրին ընդառաջող շարժումը եղաւ հայրենի հայութեան 2018ի համաժողովրդային զօրաշարժը եւ պայքարը դեռ իր սկզբնական փուլին մէջ է:
Ապրիլ-Մայիս 2018ին, արար-աշխարհ ականատես եղաւ եւ բոլորն ալ բառերը առանց ծամծմելու վկայեցին, որ առանց քաղաքացիական պառակտումի եւ արիւնահեղութեան կատարուած կառավարման արատաւոր համակարգի մը ուղղակի կազմաքանդումը իրագործուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ:
Նոր Հայաստանը վերածնաւ՝ իր ձեռքերէն ու ոտքերէն քակելով եւ հեռու շպրտելով ժողովրդային կամքը կաշկանդելու եւ խեղելու կոչուած ամէն կարգի շղթայակապ:
Անպատժելի եւ անպարտելի հռչակուած արատաւոր ու խաթարուած իշխանութիւնը ոչ միայն տեղի տուաւ ժողովրդային բողոքի շարժման անկասելի գրոհին տակ, այլեւ իր տեսակին մէջ աննախընթաց եւ օրինակելի իրաւական ու ժողովրդավարական պետութեան յարիր հրապարակային դատ ու դատաստանի արժանացուց եւ արդար պատիժ սահմանեց չարաշահումներու կառավարման «անձեռնմխելի» կարծուած «տէր»երուն…
Նոր Հայաստանի ինքնամաքրման եւ վերածնունդին այդ նուաճումը ինքնին յուսադրիչ եւ ներշնչման աղբիւր դարձաւ ոչ միայն աշխարհասփիւռ հայութեան համար, ոչ միայն բռնութեանց կամ իրաւազրկումներու տակ հիւծող բազում այլ ժողովուրդներու աչքին, այլեւ՝ նոյնինքն ժողովրդավարութեան վերապրումի մեծ օրակարգով տագնապող զարգացած երկիրներուն համար:
Չենք անտեսեր եւ վստահաբար Հայաստանի թաւշեայ յեղափոխութեան տէր մեր ժողովուրդը ինք եւս կ՛անդրադառնայ, թէ պատմական օրինաչափութեամբ՝ կազմաքանդման գործողութիւնը միշտ ալ համեմատաբար դիւրին եղած է, բաղդատած՝ վերակառուցման աշխատանքին:
Մտահան չենք ըներ մանաւանդ այն իրողութիւնը, որ երեսուն տարի առաջ ծաւալած համաժողովրդային հոյակապ շարժումի ալիքին վրայ իշխանութեան գլուխ եկած ուժերու եւ մարդոց ձեռամբ ծնունդ առաւ եւ ուռճացաւ ու մինչեւ այսօրուան ահաւոր տարողութեան հասաւ կառավարման արատաւոր համակարգին քայլ առ քայլ կարծրացումը:
Բայց միաժամնակ երբեք չմոռնա՛նք հիմնականը, այն՝ որ անցեալի դասերով զինուած, այլեւ անցեալի այդ սխալներուն համար ուղղակիօրէն շատ ծանր գին վճարած ժողովուրդի մը նուաճած Հպարտութեան արգասիքը կը հանդիսանայ 2018ի Մեծ Շրջադարձը:
Անցեալի սխալները երբեք չկրկնելու իմաստութեամբ օժտուած է մեր ժողովուրդը, որովհետեւ ինքնամաքրումն ու վերածնունդը երկինքէն ինկած մանանայի շնորհք չեն, այլ արգասիքն են ազատութեան եւ արդարութեան ճանապարհին աւելի քան քառորդ դար ապրուած տառապանքին, խժդժութեանց եւ իրաւազրկումներու:
Աչքի լոյսի պէս պիտի գուրգուրանք ժողովրդային բողոքի հոյակապ շարժումին անբասիր եւ անշեղ յաղթարշաւին վրայ:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» օրաթերթի այսօրվա համարում