Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Հազարաւոր Ցուցարարներ, Պէյրութի Մէջ Պահանջեցին «Հաց, Ազատութիւն, Ընկերային Արդարութիւն» Մինչ Կառավարութեան Կազմութեան Փորձերը Շաբաթավերջին Ձախողեցան. Aztagdaily

Դեկտեմբեր 24,2018 12:46

Երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, Պէյրութի նահատակաց հրապարակին վրայ սկսան համախմբուիլ ցուցարարներ, որոնք եկած էին իրենց բողոքը արտայայտելու երկրին մէջ տիրող ընկերային-տնտեսական ծանր պայմաններուն, աղքատութեան, սղաճին, փտածութեան եւ կառավարութիւն կազմելու առումով երկրին վարիչներուն անկարողութեան դէմ: Ցուցարարներէն շատեր հագած էին դեղին բաճկոններ` հետեւողականութեամբ այս օրերուն Ֆրանսայի մէջ ծաւալած «դեղին բաճկոն»-ներու շարժումին: Ցոյցին համար կոչերը քանի մը օր առաջ ուղղուած էին ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն` լիբանանեան քաղաքացիական շարժումի զանազան խմբակներուն կողմէ: Հայտնում է Aztagdaily-ն։

Շուրջ ժամը 12:30-ին բազմահազար ցուցարարները նահատակաց հրապարակէն քայլարշաւով ուղղուեցան դէպի Ռիատ Սոլհի հրապարակը: Ներքին ապահովութեան ուժերը, խորհրդարանի պահակագունդը, եւ լիբանանեան բանակը ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրած էին խորհրդարանի եւ վարչապետարանի շրջապատերուն շուրջ: Ցուցարարները, ինչպէս քաղաքացիական շարժումի նախորդ բոլոր ցոյցերուն, այս ցոյցին եւս կոչ ուղղեցին համայնքային դրութեան ջնջման, անոնք պահանջեցին տուրքերը չբարձրացնել սահմանափակ եկամուտներու տէր մարդոց վրայ, որդեգրել հարկային աւելի արդար համակարգ, տուրքերը բարձրացնել դրամատուներու շահերուն եւ մեծահարուստներուն վրայ եւ որդեգրել առողջապահական քարտի դրութիւնը:

Աւելի ուշ, ցուցարարներէն ոմանք մօտեցան վարչապետարանին շուրջ հաստատուած երկաթեայ անցարգելներուն եւ փշալարերուն: Անոնք վարչապետարանի ապահովութեան հսկող ներքին ապահովութեան ուժերու տարրերուն վրայ սկսան նետել ջուրի պարապ շիշեր, նաեւ փորձ կատարեցին քանդելու երկաթեայ անցարգելները:

Այս միջադէպէն կարճ ժամանակ ետք ցուցարարներու առանձին խումբեր սկսան ուղղուիլ դէպի Պշարա Խուրիի անուան կամուրջի շրջան եւ Շաֆիք Ուազզանի պողոտայ-«Նահար» օրաթերթի շրջապատ: Անոնք Պշարա Խուրիի շրջանին մէջ վնաս պատճառեցին հանրային ինչքերուն եւ ճամբաները փակեցին աղբարկղներով: Լիբանանեան բանակի արագ միջամտութեան ուժերը քանի մը փողոցներու մէջ միջամտեցին եւ ցրուեցին ցուցարարները: Այս գործողութիւններուն ընթացքին կարգ մը պարագաներու ապահովութեան ուժերը մահակներով բիրտ ուժի դիմեցին:

Այնուհետեւ ցուցարարները խումբ-խումբ սկսան ուղղուիլ դէպի Էշրեֆիէ-Նահատակաց հրապարակ քառուղի եւ Ժըմմէյզէի մուտք: Ամբողջ ճամբուն ընթացքին անոնք արձակեցին «Հաց, ազատութիւն, ընկերային արդարութիւն» կարգախօսը: Անոնք փակեցին Ժըմմէյզէի մուտքը, սակայն լիբանանեան բանակի ջոկատները շուտով միջամտեցին եւ վերաբացին ճամբան:

Այս միջոցին լիբանանեան բանակը ապահովական յաւելեալ միջոցառումներ որդեգրեց Շաֆիք Ուազզանի պողոտայ – «Նահար» օրաթերթի շրջապատին մէջ, զինուորական յաւելեալ ջոկատներ ուղղուեցան շրջան` ապահովական կացութիւնը հակակշիռի տակ առնելու համար, որովհետեւ ցուցարարները քարկոծած էին լիբանանեան բանակը եւ ապահովութեան ուժերը:

Յետմիջօրէի շուրջ ժամը 3:00-ին մեծաթիւ ցուցարարներ դարձեալ ուղղուեցան դէպի Պշարա Խուրիի շրջան եւ փակեցին ճամբաները: Իսկ Ռաս Նապպա շրջանին մէջ ցուցարարները ճամբաները փակեցին հրկիզուած աղբարկղներով:

Յետմիջօրէի ժամը 3:30-էն սկսեալ ցուցարարները նահատակաց հրապարակի շրջանէն սկսան ուղղուիլ դէպի Համրայի շրջան, ուր լիբանանեան բանակը արգելք հանդիսացաւ անոնց յառաջխաղացքին: Տեսնելով բանակին եւ ապահովական ուժերուն արգելքը` մեծաթիւ ցուցարարները փոխեցին իրենց ճամբան, յաջողեցան շրջանցել բանակայինները եւ Ռինկի կամուրջին վրայէն ուղղուեցան Համրա: Համրայի ճամբուն վրայ, Քանթարի փողոցին մէջ, ցուցարարները դարձեալ ճամբան փակեցին աղբարկղներով:

Երբ ցուցարարները մտան Համրայի շրջան, անոնց եւ ապահովական ուժերուն միջեւ ծայր տուին բախումներ, որոնց պատճառով բազմաթիւ ցուցարարներ վիրաւորուեցան:

Յետմիջօրէի ժամը 4:30-ին լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ բանակը վերահաստատեց իր նախանձախնդրութիւնը խաղաղ ցոյց կատարելու եւ կարծիքի ազատ արտայայտութիւնը յարգելու նկատմամբ, սակայն կոչ ուղղեց ցուցարարներուն վնաս չհասցնելու պետական եւ անձնական ինչքերուն ու կառոյցներուն` նկատել տալով, որ այսպիսի արարքներ դուրս են խաղաղ ցոյց կատարելու հասկացողութենէն:

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը ընդգծեց, որ թոյլ պիտի չտայ վնաս հասցնել պետական եւ անձնական ինչքերուն: Բանակը կոչ ուղղեց ցուցարարներուն ցոյցը պահելու իր պահանջատիրական շրջագիծին մէջ:

Համրայի մէջ ապահովական ուժերուն հետ ցուցարարներուն ունեցած բախումներէն ետք, վերջիններս վերադարձան Ռիատ Սոլհի հրապարակ: Ճամբուն վրայ, Պլիսի շրջանին մէջ եւ Մըրի աշտարակին մօտ անոնք դարձեալ ճամբաները փակեցին: Երեկոյեան շուրջ ժամը 5:00-ին հասնելով Ռիատ Սոլհի հրապարակ, անոնք փորձեցին ներխուժել վարչապետարանին շուրջ կանգնեցուած պատնէշէն ներս: Ապահովական ուժերը արգելք հանդիսացան անոնց այս փորձերուն: Այս պատճառով ալ ցուցարարներէն շատեր վիրաւորուեցան: «Նաշրա» կայքը հաղորդեց, որ ապահովական ուժերը խոշտանգած են իր լրագրողը: Անոնք բիրտ ուժ կիրարկելով Ռիատ Սոլհ հրապարակը պարպեցին ցուցարարներէն: Երեկոյեան ժամը 6:30-ին կարգ մը ցուցարարներ, որոնք մասնակցեցան ամբողջ օրուան վրայ երկարող ընկերային պահանջատիրական շարժումներուն, դարձեալ համախմբուեցան Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ` ապահովական խստագոյն միջոցառումներու ներքեւ:

Կառավարութեան Կազմութեան Ջանքերը Մնացին Ապարդիւն

Թէեւ լիբանանցիները շաբաթավերջ մուտք գործեցին նոր կառավարութիւն մը կազմելու յոյսերով, սակայն անոնց յոյսերը ի դերեւ ելան, երբ յստակացաւ, որ կառավարութեան կազմութեան ջանքերը ապարդիւն մնացած են նախարարութիւններու փոփոխութեան, ինչպէս նաեւ Սիւննի խորհրդակցական հանդիպումը ներկայացնող անձնաւորութեան` Ժաուատ Ատրայի անձին շուրջ համախոհութեան չգոյանալուն պատճառով:

Հակառակ տիրող այս մթնոլորտին, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շաբաթ գիշեր նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցած Ս. Ծննդեան համերգի աւարտին յայտնեց, որ իրենք պատրաստակամ են եւ յոյսով կ՛աշխատին ի խնդիր հայրենիքին: «Չկայ դժուար կացութիւն մը, որ իր աւարտը չունենայ», ընդգծեց նախագահ Աուն:

Միւս կողմէ, երէկ առաւօտեան վարչապետ Սաատ Հարիրի կատարեց հետեւեալ թուիթըրեան գրառումը. «Երբեմն պէտք է լուռ մնալ, որպէսզի ուրիշները լսեն»:

Իսկ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ նշեց, որ կառավարութեան կազմութեան ճիգերուն իմաստով իրենք անձնատուր չեն եղած` աւելցնելով, որ պիտի շարունակեն այդ հոլովոյթին համար ամէն ջանք ի գործ դնել:

Նշենք, որ երէկ գիշեր Հըզպալլայի աղբիւրներու վերագրուեցան յայտարարութիւններ, թէ կուսակցութիւնը Պասիլը կ՛ամբաստանէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտելու յանցանքով: Ուշ գիշերին սակայն, Հըզպալլա հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտուեցաւ, որ հազարերորդ անգամն ըլլալով Հըզպալլա կը հերքէ «Հըզպալլայի աղբիւրներ» եզրաբանութիւնը կամ նման աղբիւրներու գոյութիւնը:

Հըզպալլայի հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ իրենց վերագրուող որեւէ նման յայտարարութիւն Հըզպալլան չի պարտաւորեցներ եւ Հըզպալլայի պաշտօնական կեցուածքին հետ չ՛առնչուիր:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Դեկտեմբեր 2018
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Նոյ   Հուն »
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31