Մեծայարգ Տիար Արմէն Սարգսեան
Նախագահ Հայաստանի Հանրապետութեան
Երեւան
Վսեմաշուք Պրն. Նախագահ,
Անցնող Կիրակի, 9 Դեկտեմբեր 2018ն իր անկախութենէն ի վեր մեր Հայրենիքի ընտրած ժողովրդավարական ուղիին վրայ յատկանշական օր մըն էր: Հայ Ժողովուրդը այդ օր ընտրեց իր անկախութենէն ի վեր 7րդ խորհրդարանը, այս անգամ նոր սահմանադրութեամբ, որ մեծ պատասխանատուութիւն դրած է խորհրդարանին վրայ:
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան համար կարեւոր իրադարձութիւն է երկրին մէջ ժողովրդավարական եւ ազատական սկզբունքներու գործադրութիւնը ու անոր յաղթանակը: Ազատ կամքով եւ նուազագոյն խախտումներով կայացած Ազգային Ժողովի ընտրութիւնը արդէն իսկ ցուցանիշ է, որ Հայրենի ժողովուրը բարեյաջող ճանապարհ կտրած է մարդկային քաղաքակրթութեան պատմութեան ուղիին վրայ:
Ժողովուրդի կողմէ ընտրուած իւրաքանչիւր պետական հաստատութիւն ունի իր պարտաւորութիւնները զինք ընտրած քաղաքացիին նկատմամբ: Հայ Ժողովուրդի արդար ակնկալութիւնն է այս պարագային, որ խորհրդարան մուտք գործած իւրաքանչիւր ուժ պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ ի դերեւ չհանէ զինք ընտրող քաղաքացիին արդար ակնկալութիւնները, որոնք են.
1. Ներքին ճակատի վրայ ունենալ ընկերային արդարութեան վրայ հիմնուած հայրենիք՝ տնտեսապէս զարգացած, քաղաքական ու ապահովական գետնի վրայ ամուր եւ մարդկային իրաւունքներու մարզին մէջ բազմակարծութեան հանդէպ հանդուրժողական:
2. Արտաքին ճակատի վրայ դիւանագիտական լաւագոյն յարաբերութիւններու մէջ ըլլալ Հայ ժողովուրդի բարեկամ շրջանային եւ միջազգային գլխաւոր ուժի կեդրոն երկիրներու հետ, Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան եւ ճանաչողութեան ապահովում, Հայ Ժողովուրդի դատի արդար լուծում հիմնուած Ցեղասպանութեան ճանաչումի եւ հատուցումի արդար սկզբունքին վրայ:
Աշխարհասփիւռ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը այս առումով եւ ինչպէս միշտ յանձնառու է զօրավիգ կանգնիլ Հայրենի պետականութեան, իր ունեցած լծակներն ու կարողութիւնները անոր տրամադրութեան տակ դնելով:
Վսեմաշուք Պրն. Նախագահ,
Ձեր միջոցաւ կը շնորհաւորենք Հայրենի մեր ազգակիցները ու ժողովրդավարական ընտրութիւններու ջատագով ու մասնակից բոլոր կողմերը ընդհանրապէս եւ ընտրութիւններու, որպէս արդիւնք Ազգային Ժողով մուտք գործողները մասնաւորաբար, բոլորին մաղթելով շինիչ գործակցութիւն ու բարեյաջող երթ յօգուտ մեր Հայրենիքի աւելի եւս վերելքին:
Այսօր, յառաջիկայ տօնական օրերու ընդառաջ եւս ձեզի անձնապէս, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին կը մաղթենք ամենայն Բարիք:
Ի Դիմաց՝
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
Սեւակ Յակոբեան Սերխիօ Նահապետեան
Ատենադպիր Ատենապետ