Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Ո՞ւր մնաց պապերուս Հայրենիքը

Նոյեմբեր 12,2018 23:40

Ստեղծեցի Հայաստանը եւ գոհացում տուի Հայերու ազգային պահանջներուն: Բայց այդ ըրի այնպիսի ձեւով մը, որ չզոհեցի թրքական հողերէն ո’չ մէկ թիզ իսկ:

(Էնվեր Փաշա)

                                                          Ալեքսադր Խատիսեան

                                                                                              «Հայաստանի Հանրապետութեան Ծագումն

                                                                                                                Ու Զարգացումը», Բ. տպ., 1968, Պէյրութ, Էջ 89:

            Ահաւասիկ ճշմարտութեան մեծագոյնը, եւ տակաւին կը հրճուի՜նք  այս կամ այն  օտար քաղաքին կողմէ Հայ դատի եւ Ցեղասպանութեան ճանաչումով, միւս կողմէ մոռնալով մեր արդար պահանջը ո՛չ միայն ոճիրի սրբագրութեան, այլեւ հողային, այլ խօսքով՝ Արեւմտահայաստանի վերաբերեալ: Հայոց ցեղասպանութեան փաստը վաղուց ապացուցուած է միջազգային ցեղասպանագէտներու կողմէ: Մինչեւ այսօր կուտակուած փաստերը այնքան հարուստ են իրենց բազմազանութեամբ, որ այլեւս անհրաժեշտ պէտք է նկատենք մեր աշխատանքները կեդրոնացնել ոճիրի սրբագրութեան եւ հողայի պահանջին վրայ:

Սփիւռքի արեւմտահայ զանգուածը՝ մեծաւ մասամբ ցեղասպանութեան ճիրաններէն ճողոպրած հայորդիներու զաւակները եւ թոռները մոռցած են իրենց հայրերուն տարագրութիւնը, կառչելով խաբուսիկ ա՛յն իրականութեան զոր յաճախ կը բնութագրենք ըսելով. «Ուր հաց՝ հոն կա՛ց»: Այսօր եւրոպական եւ ամերիկեան ցամաքամասերուն վրայ շա՜տ քիչեր մտահոգուած են պահելու իրենց հայկական  ինքնութիւնը, որովհետեւ աւելի շատ մտահոգուած են իրենց անհատական բարօրութեամբ, քան թէ ազգին նուիրուելու հաւաքական մտածողութեամբ, որուն պակասը զգալի է նաեւ հայրենիքէն ներս:

Սփիւռքը իր ձայնը ունի ու պէտք է ունենայ, եւ որեւէ կազմակերպութիւն կամ անհատ իրաւունք չունի՛ յաւակնելու որպէս իւրովի եւ առանձինն ներկայացուցիչ-խօսնակ  ներկայանալու տարագիր սփիւռքահայութեան, եւ մասնաւորաբար Արեւմտահայաստանի պահանջատիրութեան:  Կազմակերպութիւններ եւ սրտցաւ ազգայիններ, պարկեշտ հայեր իրենց ուրոյն գնահատելի տեղը ունին մեր հասարակական-ընկերային կեանքին ու գործունէութեան մէջ, եւ երբեք պիտի չփափաքէինք ստորագնահատել եւ անտեսել  անոնց աշխատանքը, սակայն երբ հարցը կը վերաբերի համազգային պահանջատիրութեան, լրջօրէն պէտք է մտածել հաւաքական աշխատանքի եւ մտածողութեան մասին:

Պահանջատիրութիւնը կ’ենթադրէ լուրջ նախաձեռնութիւն եւ յստակ ծրագիր: Պէտք չէ բաւականանանք հայրենասիրական եւ ազգապահպանման ճառերով եւ կամ լոկ ճանաչում հայցելով գերպետութիւններէն, որոնք անկասկած իրենց պատասխանատուութեան բաժինը ունին հայոց ցեղասպանութեան մէջ: Ցեղասպանութիւնը հայ ժողովուրդին համար քաղաքական խորք ունի, որովհետեւ մագնիսի պէս կրնայ համախմբել նոյնիսկ իր արմատները մոռցած հայութիւնը: Գերազանց է անոր ոյժը՝ համախմբելու հայ ժողովուրդի բոլոր խաւերն ու հոսանքները: Ցեղասպանութիւնը կարեւոր դեր խաղացած է նաեւ սնուցանելու ազգայնական ոգի, որուն մարմնաւորումը տեսանք Ղարաբաղեան Շարժման մէջ ու ապա Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի հանդիսութեանց մէջ:

Հայրենի պետականութիւնը իր ուրոյն քաղաքականութիւնը ունի, երբ հարցը կը վերաբերի Արեւմտահայաստանի: Ի վերջոյ, որպէս մէկ անդամը Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան, անիկա ենթակայ է միջազգային օրէնքի, եւ ատոր համաձայն որոշ պարտաւորութիւններ ունի որպէս պետութիւն եւ երբեք հրապարակաւ պիտի չպահանջէ Արեւմտահայաստանի յափշտակուած հողատարածքները, ինչպէս տեսանք մինչեւ այսօր: Պէտք չէ մոռնանք որ Թուրքիան, Ատլանտեան Ուխտի անդամ է: Անկէ հող պահանջել, կը նշանակէ հակադրուիլ Ատլանտեան Ուխտի Կորիզին՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն, Անգլիային, Գերմանիային ու Ֆրանսային: Նաեւ այստեղ պէտք է յիշեցնել բոլոր անոնց, որոնք ելլելով իրենց հայրենասիրական զգացումներէն կը շեփորեն արեւմտահայութեան վերաբնակեցման գաղափարը Արեւելահայաստանի մէջ՝ նամանաւանդ հայրենամերձ հիւրընկալ երկիրներէն, թէ նման մակերեսային մտածողութիւն մը, որքան ալ բխի ջինջ հայրենասիրական զգացումներէ, անուղղակիօրէն ահաւոր հարուած մը կ’ըլլայ մեր հողային պահանջատիրութեան, որովհետեւ կը դադրինք այնուհետեւ մտածելէ եւ զգալէ թէ հայրենազուրկ ենք:

Անվիճելի է այն իրողութիւնը, որ Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը միջազգային իրաւունքի հարց է այսօր, եւ անհիմն են բոլոր այն պնդումները  թէ թուրք կառավարութեան գործած անմարդկային ոճրագործ արարքները բացառապէս Թուրքիոյ ներքին գործն են: Գերպետութիւններ ինչպէս անցեալին, նոյնպէս եւ այսօր, մեկնելով իրենց քաղաքական շահերէն կը խուսափին պատասխանատուութիւն ստանձնելէ, մոռնալով մարդկային բարոյականութեան բոլոր սկզբունքները, եթէ անշուշտ մնացած է մարդկային բարոյականութիւն մը այս նիւթականացած աշխարհին մէջ:

Մինչեւ այսօր, սփիւռքեան մեր բոլոր ջանքերը կ’իրականանան առանձին կազմակերպութիւններու միջոցաւ, որովհետեւ սփիւռքը չունի պետական կառոյց, եւ ճիշդ ատոր համար սփիւռքեան դիւանագիտութիւնը ո՛չ միայն այլազան ու բազմատեսակ է, այլեւ յաճախ հակասական եւ իրերամերժ: Անհրաժեշտ է  ստեղծել այնպիսի դիւանագիտական աշխատանք, որով կարենանք չեզոքացնել թուրքական հակահայ քարոզչութիւնը որ կ’աղաւաղէ հայուն դիմագիծն ու պատմութիւնը, եւ այդու ապահովել թուրք եւ քիւրտ գիտակից անձնաւորութիւններ, որոնք ճշմարտութիւնը տեսնելով՝ ունին քաջութիւնը դատապարտելու թուրքական պետութեան ազգայնամոլ քաղաքականութիւնը:

Հետեւաբար ի՞նչ պէտք է ընենք մեր ձայնը աւելի լսելի եւ ընդունելի դարձնելու համար ՄԱԿ-ի ընհանուր ժողովին մէջ: Ի վերջոյ ժողովուրդներու ազատ ինքնորոշման իրաւունքը կը տնօրինուի այդ ժողովին մասնակցող եւ ձայն ունեցող պետութիւններու կողմէ:  նախ պէտք է դաս առնենք պատմութենէն եւ քաջատեղեակ ըլլանք թէ Արեւելեան Հարցը, որուն մէջ կը մտնեն հայերը, քիւրտերն ու պաղեստինցիները, ամենաբարդ ձեւով տակաւին կը մնայ համաշխարհային քաղաքականութեան սեղանին վրայ:

Հայկական հարցը հիմնովին միջազգային քաղաքական կեանք մտաւ հակառակ Պերլինի Վեհաժողովին առթած յուսախաբութիւններուն: Այնուհետեւ դիւանագիտական ու քաղաքական աշխարհը ճանչցաւ Օսմանեան պետութեան կողմէ հայոց նկատմամբ կիրառուող ազգային խտրականութեան, բռնի կրօնափոխութեանց, ճնշումներու եւ տեղահանութեանց փաստը, եւ այդ բոլորին արդարօրէն հակազդող՝ հայոց ազատագրական պայքարի իրաւացիութիւնը, ինչպէս նաեւ սեփական պետականութիւն ստեղծելու անվիճելի իրաւունքը, թէեւ ո՛չ մէկ ատեն Արեւմտահայաստանը Օսմանեան պետութենէն անջատելու հարց բարձրացուած է հայոց կողմէ մինչեւ Համաշխարհային Ա. պատերազմի բռնկիլը, որմէ ետք, ինչպէս ծանօթ է, Արեւմտահայաստանը ցեղասպանութեան պատճառով արդէն դատարկուեցաւ, եւ Անդրկովկասի մէջ յետ-պատերազմեան քաղաքական պայմաններու դասաւորման բերումով 1918 Մայիսին Արեւելահայաստանի մէջ հռչակուեցաւ Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնը:

Պատմութիւնը մեզի սորվեցուց որ Հայկական հարցը կարելի է լուծել աստիճանաբար, երբ գերպետութեանց հաշիւները կը համընկնին հայկական շահերուն: Թուրքիան փորձեց իրեն իւրայատուկ ոճով, այլ խօսքով իր բնածին բարբարոսութեամբ լուծել  Հայկական հարցը: Նախ Արեւմտահայաստանի վարչական տարածքներու սահմանները փոփոխելով կապեց համաթուրքական միջոցառումներու, եւ այդ ձեւով փորձեց թաղել հարցը: Տարածքային փոփոխութիւններով փորձեց անհետացնել հայ բնակչութեան ոյժը հայկական գաւառներու մէջ, եւ երբ ձախողեցաւ իր ծրագրին մէջ՝ դիմեց ցեղասպանութեան միջոցին, օգտուելով Համաշխարհային Ա. պատերազմի քաղաքական պայմաններէն:

Ցեղասպանութեան ու անոր հետ աղերս ունեցող բոլոր հարցերու հետ կապուած դիւանագիտական աշխատանքներու պարագային, պէտք է հաշուի առնենք միջազգային դիւանագիտութեան բոլոր ելեւէջները, եւ մանաւանդ այդ ոյժերու տեղաշարժերն ու փոփոխութիւնները ըստ պահանջի: Երբեք պէտք չէ մոռնանք որ ցեղասպան  Թուրքիան պատասխանատուութեան կանչելու բոլոր իրաւական հիմքերն ու շարժառիթները կային 1918 թուականէն սկսած: Համաշխարհային Ա. պատերազմէն անմիջապէս ետք տեղի ունեցան  դատավարութիւններ, հիմնուելով փաստացի տուուեալներու վրայ:   Դատարանը իր վճիռը արձակեց եւ դատապարտեց օսմանեան կառավարութեան նախարարները հայերու զանգուածային բռնագաղթն ու ջարդը կազմակերպելու համար: Թալէաթ, Էնվեր, Ճեմալ եւ Նազըմ մահուան դատապարտուեցան ի բացակայութեան, իսկ այլ նախարարներ 15 տարուան բանտարկութեան:  Դժբախտաբար Քեմալական շարժման քաղաքական ալիքները եկան եւ սրբեցին օրէնքի ոյժով արձակուած վճիռները եւ այդ ոճրագործները հռչակուեցան ազգային հերոսներ:

Դժբախտաբար հարցը ո՛չ միայն չլուծուեցաւ, այլ ընդհակառակն թաղուեցաւ ժամանակի փոշիին տակ: Մեծ պետութիւններ ամէն ճիգ թափեցին  ցեղասպանութիւնը մոռցնելու որպէսզի հայոց պահանջատիրութիւնը առ յաւէտ անտեսուի:  Բարեբախտաբար հրաշքով վերընձիւղած արեւմտահայը իր ամբողջ դիւանագիտական կարողականութեամբ պահանջատէրն է իրմէ յափշտակուած հայրենի հողերուն:

Անկասկած որ իւրաքանչիւր արեւմտահայ յոյս ունի եւ կ’երազէ վերադառնալ իր դարաւոր հայրենիքը, նուիրուելու համար հայրենաշինութեան սրբազան գործին: Բայց ինչպէ՞ս իրականացնել երազանքը: Ամէն բանէ առաջ պէտք է նուիրուինք ինքնաճանաչման եւ մեծ աշխատանք տանինք ինքնամաքրման: Մէկդի պէտք է դնենք մեր հատուածական, կուսակցական, յարանուանական, միութենական, հայրենակցական եւ այլ կազմակերպութիւններու բաժանարար գործելաոճը, եւ նուիրուինք ու խթանենք նոր սերունդի ներդրումը պահանջատիրութեան սրբազան աշխատանքին մէջ: Առանց հողի ազգ եւ պետականութիան չկայ: Հաւաքական մտածողութեամբ եւ հաւաքական եռանդուն աշխատանքով միայն պիտի կարենանք ուշ կամ կանուխ տիրանալ մեր պապենական դարաւոր հողերուն:

ԱՄԷՆ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ԿԵԱՆՔԻ ՄԷՋ՝ ԵՐԱԶՈՎ ՍԿՍԱԾ Է:

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (2)

Պատասխանել

  1. Հ.Շ. says:

    Այժմու իբրեւ թէ «Հայաստան»ի վիճակը նկատի ունենալով, այդ մեր Պապերի Հայաստանը երա՛զ իսկ չի կրնար ըլլալ այլեւս: Նախընտրելի է զայն այլեւս մոռնալ, որպէսզի աւելորդ տեղը մենք զմեզ չտանջենք, չչարչարենք:

    Միշտ ել լաւապէս գիտէինք թէ, օտար հողի վրայ, Հայութիւնը հետզհետէ պիտի օտարանար, անհետանար:

    Անակընկալ այն եղաւ որ, Հայաստան կոչուող երկրի մը մէջ, յանկարծ մէջտեղ ելան պատանիներ եւ երիտասարդներ, որոնք անհամեմատօրէն աւելի օտարացած, այլասեռած ու փճացած են, քան թէ դասական Սփիւռքի իրենց տարեկիցները որոնք կը կառչին իրենց արմատներուն: Ասիկա այլեւս անհերքելի, բացայայտ իրականութիւն է:

    Արեւմտեան Հայաստանը կը մնայ թերեւս մի քանի երգերու մէջ: Զորս կը հրամցնէք, այդտեղ, հայրենաբաղձ սփիւռքահայ այցելուներուն, որոնք դեռ չեն ըմբռնած որ այդ երկրին մէջ աւելի քիչ հայու ազգային ոգի կայ, քան օտար երկիրներու իրենց գաղութներուն մէջ:

    Ողբամ Մեռելոց, եալլա…

  2. Հ.Շ. says:

    Վերեւի յօդուածը հրատարակուելէն երեք ժամ ետք, ներկայացուած այդ խոշոր, կարմիր 1915 պատկերով, կարդացած են 83 անձեր, եւ հաւանած՝ 2 (երկու) հոգի:

    Ահա ուրեմն այս նիւթով հետաքրքրութեան աստիճանը…

    Եթէ Քիմ Քարտաշեանին նկարով յօդուած մը ըլլար, հաւանաբար հազարէն աւելի կարդացողներ կ’ըլլային, եւ մեծ թիւով, խանդավառ լայքեր:

    Գիտէք ինչ, այդ Ծիծեռնակաբերդն ալ փակեցէք, պարապ տեղը դրամ մի ծախսէք զայն պահպանելու համար: Այդ կերպով խԽնայուած փողը կ’աւելացնէք 800 000 սուր կարիքաւոր բնիկներուն: Մեռնողը՝ մեռե՜ր, գացեր է, պէտք է մտածել ապրողներուն մասին, չէ՞…

    փֆֆֆֆ

Պատասխանել

Օրացույց
Նոյեմբեր 2018
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հոկ   Դեկ »
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
2627282930