Կը փորձեմ մօտէն հետեւիլ երկրի իրադարձութիւններուն գիտնալով հանդերձ, որ քաղաքական ուժերու փոխ-հաղորդակցութեանց ներկայի թէժ մթնոլորտին մէջ շարք մը կարեւոր նրբութիւններ պիտի անպայման խուսափին մեր հասողութենէն։
Պէտք է յամենայն դէպս ողջունել այն ակնյայտ փաստը, որ այժմ կը գտնուինք քաղաքական փոխ-յարաբերութիւններու ոլորտին մէջ ի տարբերութիւն փողոցային առճակատման։ Պարոն Վարչապետն ու իր կուսակցութիւնը ի վերջոյ ընտրեցին խոհեմութեան ճանապարհը եւ տուն ճամբեցին ցուցարարներու զանգուածը. քա՛յլ մը՝ որ փակուղային էր եւ անպտուղ իրերու այսօրուան հոլովոյթին մէջ։ Անոնք այժմ կը գործեն խորհրդարանական բնականոն բանակցութիւններու հետապնդումով, թէկուզ ձգտուած մթնոլորտի մը մէջ։
Պէտք է անպայման եւ բծախնդրօրէն պահպանել սահմանադրական այս գործընթացը եւ ժողովրդավարական այս յանձնառութեա՛մբ զինուած՝ դիմել դէպի հանգուցալուծում։ Պիտի խոստովանիմ, որ կարգ մը կողմնակի ակնարկութիւններ կը շարունակեն լսուիլ դիտել տալով, որ Վարչապետ Փաշինեան եւ Քաղաքացիական Պայմանագիր Կուսակցութիւնը դեռեւս կը շարունակեն հաւատալ, որ դեռեւս իրենց ձեռքերուն մէջ ունին քաղաքական քաոսով գործելու իրենց սկզբնական զէնքը։ Այսինքն՝ խորհրդարանին քաոսով սպառնալու մտայնութիւնը դեռ արթուն է։
Կ՚ուզեմ աւելցնել, որ Պարոն Վարչապետը՝ ի՛նք այդպիսի բան չէ ըսած գէթ վերջին օրերու ընթացքին։ Բայց եթէ իսկապէս կան այնպիսիները իր շրջանակին մէջ, որոնք դեռ կ՚ապրին այդպիսի ակնկալութիւններով, անոնք պէտք է գիտնան, որ այդ օրերը վերջ գտած են միանգամընդմիշտ։ Անոնք, որոնք այդպիսի նախատեսութիւններով կը շարժին, պիտի գիտնան, որ մեր ժողովուրդը արկածախնդիրներու ձեռքին խաղալիք չի կրնար ըլլալ։ Ոչ ալ մեր երկրի տնտեսութիւնը՝ փոշիացման նշաւակ։
Կարօ Արմենեան
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի այս համարում