Սթանպուլի մէջ հրատարակուող հայկական «ՀայԹերթ» պարբերականը կը գրէ, որ Թուրքիոյ մէջ գործող «Հայկական անհիմն պնդումներու դէմ պայքար» միութիւնը, որ սովորաբար հանդէս կու գայ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին փաստերը հերքող արշաւներով, այս անգամ բողոքած է հայկական ապրանքներու վրայ «Արարատ», «Անի», «Վան», «Աղթամար» եւ Արեւմտեան Հայաստանի այլ տարածքներու պատմական անուանումներու տեղադրումին համար:
Միութեան նախագահ Կէոկսէլ Կիւլպէյ յայտարարած է, որ անոնք «թրքական հողեր են», իսկ հայկական ապրանքները կամ վաճառանիշերը նման անուններով կոչելով՝ հայերը կ’ապացուցեն, որ «աչք ունին Թուրքիոյ հողերուն վրայ»:
Կիւլպէյ կրկին քննադատած է Վանի Աղթամար կղզիին վրայ գտնուող Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագի մատուցելու իշխանութիւններու թույլատուութիւնը՝ յայտնելով, որ ատիկա այլեւս ոչ թէ կրօնական, այլ քաղաքական միտում ունեցող ձեռնարկ է, եւ այդ մէկուն վառ ապացոյցն են հայ զբօսաշրջիկները, որոնք կը փորձեն Հայաստանի դրօշներով կղզի մտնել:
Նյութի մանրամասները կարդացեք «Եռագույն»–ի կայքում