Լրահոս
ՄԻՊ-ն էլ տեղյա՞կ չէ
Օրվա լրահոսը

Բնականաբար Արցախի պետութիւնը լուռ պիտի չմնար այս յայտարարութիւններուն նկատմամբ. «Հայրենիք»

Հոկտեմբեր 20,2018 12:26

Բնականաբար Արցախի պետութիւնը լուռ պիտի չմնար այս յայտարարութիւններուն նկատմամբ։ Եւ հակադարձութիւնը չուշացաւ։ Արցախի նախագահի բանբեր Դաւիթ Պապայեան շատ պարզ եւ հասկնալի ոճով մը հրապարակեց Արցախի պետութեան դիրքորոշումը՝ ատրպէյճանական դիւանագիտական բառամթերքին մէջ արմատացած «գրաւեալ տարածք» եզրին նկատմամբ։

«Արցախ գրաւեալ տարածք հասկացողութիւնը չունի։ Ուրիշի տարածքներ չենք գրաւած։ Արցախ փորձած է ինքնորոշում ունենալ, որովհետեւ յստակ էր, որ չէր կրնար գոյատեւել Ատրպէյճանի իշխանութեան տակ։ Ատրպէյճան փորձեց մեզ ոչնչացնել եւ մենք, որպէսզի գոյատեւենք, ստիպուեցանք կրակակէտեր ոչնչացնել եւ քարտէսը փոխուեցաւ։ Փոխուեցան նաեւ սահմանները։ Անշուշտ գրաւեալ տարածքներ պէտք է վերադարձուին, սակայն մենք գրաւեալ տարածքներ չունինք», յայտարարեց Դաւիթ Պապայեան Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտէն։

Արցախեան շարժման նպատակը իրագործուած է՝ Արցախի պետութեան Տը Ֆաքթօ ստեղծմամբ։ Այսօր երբ տակաւին կեցուածքները՝ Երեւան- Ստեփանակերտի եւ Պաքուի միջեւ ամբողջովին իրարմէ տարբեր են, խնդրին էութիւնը կը կայանայ Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքի յստակ անտեսման եւ ժխտման մէջ, որ Ատրպէյճանի պետական քաղաքականութեան կորիզն է։ «Ոչ մէկ լուծում, այնքան ատեն որ Ատրպէյճանական տարածքներ գրաւուած կը մնան», կը պնդեն ատրպէյճանի իշխանութիւնները։ «Արցախի ժողովուրդը ինքնորոշման իրաւունք ունի իր հայրենի բնօրրանին մէջ», արդարօրէն կը հակադարձեն արցախցիները՝ վկայակոչելով Միջազգային Օրէնքին տրամադրութիւնները։

Հոս կայ անշուշտ կարեւոր կէտ մը՝ ինչ կը վերաբերի նոյն Միջազգային Օրէնքին մէջ ամրագրուած պետութիւններու հողային ամբողջականութեան դրոյթին, զոր ատրպէյճանցիները կը շահարկեն՝ Արցախի տագնապին մէջ։ Այս իմաստով ալ առանց յոգնելու եւ վհատելու՝ հետեւողականօրէն եւ բոլոր մակարդակներու վրայ, կենսական է զուտ առարկայական տուեալներու վրայ հիմնուելով՝ միջազգային հանրութիւնը մնայուն կերպով իրազէկ պահել Արցախի էութեան եւ պատկանելիութեան հայկականութեան մասին, միշտ նշում կատարելով նաեւ Նախիջեւանի, որ դժբախտաբար այլ ճակատագիր ունեցաւ։ Արցախի հայկական պատկանելիութեան պատմական անժխտելի ապացոյցներուն շարադրումը, անոնց մնայուն կերպով հրապարակումը եւ քաղաքական- ակադեմական հարթակներու վրայ այս խնդրին էութեան ճշգրիտ ներկայացումը անշուշտ հիմք է հայկական դիւանագիտութեան արձանագրելիք յաղթանակներու համար, որովհետեւ երբ Ատրպէյճան առիթ չի փախցներ խօսելու «գրաւեալ տարածք»-ներու մասին, Արցախի հայկական պատկանելիութեան եւ Ստալինեան անարդարութեան զոհ գացած ըլլալու անուրանալի իրականութեան հետեւողական արծարծումը տեղին եւ նպատակաուղղուած պատասխաններուն կորիզն է։

Յառաջիկայ օրերուն Արցախի տագնապին շուրջ խօսակցութիւններու, քննարկումներու եւ խորհրդակցութիւններու շարաններ պիտի արձանագրուին։ Ասոնց մէջ նշանակալից պիտի ըլլայ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ապահովութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթընի Հարաւային Կովկասի երեք հանրապետութիւններ՝ Հայաստան, Ատրպէյճան եւ Վրաստան կատարելիք այցելութիւններուն ընթացքին կայանալիք խօսակցութիւնները։ Չմոռնանք, որ Պոլթըն ամերիկացի նախկին համանախագահն է Մինսքի խումբին, որ Արցախի տագնապին լուծման բանակցային հոլովոյթի միջազգային իրաւասու մարմինն է։ Այս իմաստով ալ Պոլթընի կատարելիք յայտարարութիւնները առաւել կարեւորութիւն կը ստանան, խնդրին բանակցային հոլովոյթին տարբեր հանգրուաններուն իրազէկ դիւանագէտի անոր հանգամանքին բերումով։ Եթէ Պոլթըն եւս որեւէ ակնարկութիւն կատարէ «գրաւեալ տարածք»ներու վերադարձին մասին՝ Արցախի պետութեան պատասխանը արդէն իսկ տրուած է։ Կը մնայ զայն պարզապէս կրկնել՝ յիշեցման կարգով։

Ա. Ա. 

Հոդվածն ամբողջությամբ կարող եք կարդալ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հոկտեմբեր 2018
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Սեպ   Նոյ »
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031