Այսպէս, երկար ժամանակ, Յուլիս 2014-էն ի վեր Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու պաշտօնը ստանձնած եւ բնականաբար, նախքան այլ երկիրներէ ներս ծառայելը, Ճորճթաունի եւ Օսթինի քաղաքական ուսումնասիրութիւններու ամպիոնէն ներս լաւապէս թրծուած եւ ի վերջոյ Կովկասեան բարձրաւանդակի պատմութեան մօտէն ծանօթացած Միլզը, առանց նկատի ունենալու իր արտայայտութեան կամ աւելի ճիշդ՝ ահաւոր սխալին հետեւանքը, Արցախի հանրապետութիւնը որակած էր «գրաւուած տարածք»։
Բարեբախտաբար, Միլզ կատարած է այս կաֆը իր պաշտօնի աւարտին։ Սակայն, միեւնոյն ժամանակ այդ բարեբախտութեան կողքին, գոյութիւն ունի դժբախտութիւն մը։ Արդարեւ, ան աւելի քան չորս տարուան իր կեցութեան պահած է նման համոզում մը, զոր ամենայն յանդգնութեամբ արտայայտած է այդ հարցազրոյցին ընթացքին։ Շատ աւելի հեշտ պիտի ըլլար, որ Միլզ հետեւէր նախագահ Օպամայի օրերուն Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մօտ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Սամանթա Փաուըրի օրինակին, որ իր պաշտօնավարութեան վերջին օրերուն ալ, ելոյթի մը ընթացքին, իր խօսքին մէջ ըսած էր, թէ 1915-ին հայերուն դէմ պատահածը ցեղասպանութիւն էր։
Իր պաշտօնը ստանձնած ժամանակ, հաւանաբար ան՝ զայրոյթն ու ցասումը իր մէջ պահելով, պարտադրուած էր հրահանգներու ենթարկուելու։ Հրաժեշտի օրերուն, Փաուըրի համար ծածկելիք հարց չկար այլեւս։ Օրինակելի արարք մը, որ հակառակն է Միլզի հրաժեշտի անփառունակ գազէլին։ Վերջապէս, այլ հարցում մըն ալ․- Արդե՞օք Միլզ տեսակցա՞ծ ու խորհրդակցա՞ծ է նախկին պաշտօնակից՝ Ճոն Էվընզի հետ։
Հոդվածն ամբողջությամբ կարող եք կարդալ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի այս համարում