Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Գիտակից Ժողովուրդը յարգելու եւ սիրաշահելու անհրաժեշտութիւնը. «Ասպարեզ»

Հոկտեմբեր 06,2018 11:44

«Ասպարեզ». Բազմաթիւ անգամներ Բաղրամեան պողոտայէն քալելով՝ անցած եմ Ազգային ժողովի բարձր ճաղերով երկաթէ դուռին առջեւէն: Բնաւ այդ հսկայ դուռը բաց չեմ տեսած: Կողքի փոքր դուռէն մտած եմ Ազգային ժողովի բակը, սակայն, Սովետական շրջանէն մնացած այդ հսկայ երկաթէ սեւ դուռը միշտ եղած է փակ:

Յուզումով կարդացի, թէ Հոկտեմբերի 2ի գիշերը, այդ հսկայ դուռը բացուէր է եւ ընդվզած տասնեակ հազարաւոր ցոյց ընող ժողովուրդին մէկ մասը, գիտակից քաղաքացիներու պէս, մտեր են Ազգային ժողովի բակը, խաղաղօրէն մնացեր են հոն եւ ուշադիր եղած են, որպէսզի պարտէզներուն խոտերուն վրայ չկոխեն եւ վնաս չհասցնեն բոյսերուն ու ծաղիկներուն:

Յաջորդ օրուընէ սկսեալ, այդ երկաթէ հսկայ դուռը մնացած է բաց ժողովուրդին եւ զբօսաշրջիկներուն առջեւ, կարծես նոր էջ մը բանալով եւ աւելի մօտեցնելով Հայաստանը ժողովրդավար երկիրներու շարքին: Այս նոյն գիտակից ժողովուրդին մաս կազմողներն են, որոնք անցնող Ապրիլին Հանրապետութեան հրապարակին վրայ գիշերները զանգուածային ցոյցեր կը կատարէին, իսկ յաջորդ օրը կու գային ու իրենց ցոյցին պատճառով ստեղծուած աղբերը կը հաւաքէին, մաքուր պահելով իրենց հայրենիքը:

Այս ցոյցերուն մասնակցողներուն եւ անոնց թիկունք կանգնողներուն մէջ կը գտնուին Հայաստանի անկախացումէն ետք հասակ նետած եւ ժողովրդավարութեան հաւատացող ու ժողովրդավարութեան համար պայքարող ժողովուրդին մէկ կարեւոր հատուածը: Այս գիտակից ժողովուրդին մէկ մասը ուսանողներ են, իսկ ուրիշ մաս մը արդէն իր ուսումը ստացած է եւ կ՛աշխատին նորաստեղծ ընկերութիւններու մէջ ու Հայաստանի նոր ստեղծուած միջին դասակարգին կը պատկանի:

Կարեւոր կէտերէն մէկը այն է, թէ այս ցոյցին մասնակցողներուն մէջ կը գտնուին ժողովուրդին գիտակից հատուածին մէկ մասը, որ անցնող տարիներուն իր քուէն 10,000 դրամի համար չծախեց, այլ ընդհակառակը, մասնակցեցաւ ընտրութիւններուն՝ իբրեւ դիտորդ եւ փորձեց, պատասխանատու քաղաքացիներուն նման, առաջքը առնել ընտրակեղծիքներուն:

Այս կը նշանակէ, թէ որեւէ մէկ քաղաքական ուժ, սակայն յատկապէս յառաջդիմական քաղաքական ուժ, որ կ՛ուզէ ժողովրդավարութեան եւ արդարութեան հաստատումը Հայաստանի մէջ, պէտք ունի սիրաշահելու եւ ներգրաւելու այս ցոյցերուն մասնակցողները եւ անոնց թիկունք կանգնող գիտակից քաղաքացիները: Ինչպէս կրնայ յառաջդիմական քաղաքական ուժ մը ժողովրդավարութեան եւ արդարութեան համար պայքարիլ, առանց իր շուրջը ունենալու ժողովուրդին այն հատուածը, որ կը հաւատայ ու արդէն կը պայքարի ժողովրդավարութեան համար:

Հետեւաբար, յառաջդիմական քաղաքական ուժ մը, երբ դժուար քաղաքական որոշումներ կ՛առնէ, պէտք չէ որ իր դէմ թշնամացնէ ժողովուրդին այն հատուածը, որ ժողովրդավարութեան համար տրամադիր է պայքարելու, բացի եթէ Հայրենիքին ֆիզիկական գոյութիւնը վտանգի տակ է: Իսկ եթէ այդ քաղաքական ուժը թշնամացնէ ժողովուրդին այդ գիտակից հատուածը, այդ քաղաքական ուժին վիճակը կ՛ըլլայ շատ շատ գէշ:

ԱՐԱ ԽԱՆՃԵԱՆ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հոկտեմբեր 2018
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Սեպ   Նոյ »
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031