Յ. Պալեան
Ճշմարտութիւնը պէտք է որ ըլլայ մեր բոլոր գործունէութեան
կեդրոնը, ան պէտք է ըլլայ մեր կեանքի շունչը:
Մահաթմա Կանտի
Քիչ մը պատմութիւն եւ պճեղ մը գիտական հայեացք՝ Հայաստանի մէջ ընթացող քաղաքական զարգացումները հասկնալու համար մեղանչում պէտք չէ համարուի: Հասկնալու փորձը միշտ օգտակար է լուսաւորելու համար թեր եւ դէմ դիրքորոշումները:
Նիկոլ Փաշինեանի ընտրած եւ զանգուածը խանդավառող կառավարման եղանակը, որ ըստ յայտարարուածին, կը նշանակէ ժողովուրդով կառավարուիլ, թէեւ այս պարագային պէտք է ճշդում մը կատարել ժողովուրդին եւ ամբոխին միջեւ: Երբ հաւաքուած ժողովուրդը կը պատասխանէ կարգախօսներու, զորս քննելու, դատելու, եզրակացնելու եւ ըստ այնմ կողմնորոշուելու պատեհութիւն, լուսաբանութիւն եւ ժամանակ չէ ունեցած, կը դառնայ ամբոխ, կամ նկատի կ’առնուի որպէս այդպիսին եւ կ’առաջնորդուի: Անկէ կը պահանջուի այո կամ ոչ ըսել, փակելով այլընտրանքներու դռները:
Ոչ ոք ինքնիրեն իրաւունք պէտք է տայ ազատութիւնը ոտնակոխելու, ոտնակոխելու ժողովրդային աննենգ կամքը՝ զոր կը կոչենք ժողովրդավարութիւն, դեմոկրատիա, démocratie, յունարէն démos-ը: Բայց յոյները, ժողովրդավարութեան ստեղծման օրերուն իսկ գիտէին տարբերութիւն մը դնել démos-ին եւ okhlos-ին միջեւ: Այսօր, զարգացման ընթացքի մէջ եղող ժողովուրդին համար, ներսը եւ դուրսը, պերճանք պէտք չէ համարուի խորհիլ démos-ին եւ okhlos-ին մասին: Յոյներուն համար okhlos-ը ամբոխն էր, որ կը յատկանշուէր իր նրբութիւններու պակասով, գռեհկութեամբ, նախնականութեամբ, ինչ կը վերաբերի մտածման, ծանօթութեան, հետեւաբար նաեւ ընտրանքներուն:
Երբ ժողովրդավարութիւն ըմբռնումի չարաշահումով ամբոխային կառավարման եղանակի մէջ կ’ընդգրկուինք, կը տարուինք մտածելու եւ ընտրելու այնպէս, որ կարծէք ամէն բան սեւ է կամ ամէն բան սպիտակ, չկան ծիածանի երանգները: Կը մոռնանք ԺԶ դարու ֆրանսացի իմաստասէր Մոնթէնեի մարդու բնութագրումը, որ ան ալիքաւոր է եւ զանազանեալ է (ondoyant et divers), իսկ ամբոխը, ինչպէս տարբեր առիթներով դիտել տուած եմ, անմիջական է, ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ անոր ուշիմութիւնը, դատելու կարողութիւնը, երբ խմբուած է, կը մանկանայ:
Հոդվածն ամբողջությամբ կարող եք կարդալ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի այս համարում