Հայ կեանքին մէջ, դժբախտաբար վերջերս հետզհետէ աւելի յաճախ պայթուցիկ, թէժ եւ ճգնաժամային իրավիճակներ կը ստեղծուին։ Դեռ քանի մը շաբաթ առսջ, Փաշինեան-Փութին հանդիպումէն երկու օր ետք եւ Երեւանի աւագանիի ընտրութենէն օրեր առաջ, խիստ կարեւոր ու խորհրդապահական հեռախօսական զրոյցներու հրապարակումը կատարուեցաւ, ակնթարթի մը մէջ ահաւոր կացութիւն մը ստեղծելով։
Բաւական հանդարտելէ ետք, ահաւասիկ ամիս մը ետք, շատ աւելի դժնդակ մթնոլորտ մը կը տիրէ Երեւանի մէջ, Ազգային Ժողովի կանոնակարգային օրէնքին մէջ աղմկայարոյց փոփոխութիւններու պատճառաւ։
Երեւանեան գունագեղ երկինքը փոխարինուած է քաղաքական բնագաւառէն բազմիցս մատնանշուած «սեւ ու սպիտակ»ի խառնուրդով՝ մոխրագոյնով։
Քաղաքական օդերեւութաբանական պայմաններու տակ, այս գորշ ամպերու կուտակումը կրնայ պատճառ դառնալ հեղեղային անձրեւի եւ մրրիկի։
Այո՛, երբեք կարելի չէ քննադատել, քարկոծել ու մեղադրել ամբոխ մը, որ հաւատալով իր ղեկավարին կամ ղեկավարութեան եւ կառչած մնալով անոր կամ անոնց բռնած ուղիին, կրցած է Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն հաւաքել քուէներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը։
Սակայն միեւնոյն ժամանակ, այո՛, կարելի է զանազան մտահոգութիւններ արտայայտելով հարցադրել, մեղադրել եւ գէթ զգաստութեան հրաւիրել ղեկավարութիւնը, որ ժողովրդավարական եւ ամբոխավարական տարրական կանոնները խախտելով, կ՛օգտագործէ իր ետին կանգնող զանգուածը՝ հնազանդ հաւաքի մասնակցողն ու քուէատուփ ուղղուողը վերածելով հլու կամակատարի։
Ի վերջոյ, ամբոխը չէ որ կը յղանայ միտքերն ու գաղափարները, այլ զայն ներշնչող եւ հրաշքներ գործող՝քարիզմա ստեղծող ղեկավարը։ Այս վերջինը կրնայ իր կարգին սայթաքիլ, եթէ չկարենայ զանազանել պետութիւնն ու ղեկավարութիւնը, ազգային շահերն ու անձնական մութ հաշիւները, որոնք նախկին ղեկավարներուն կողմէ եղած էին եւ դուռ բացած՝ «թաւշեայ» յեղափոխութեան։
Հոդվածն ամբողջությամբ կարող եք կարդալ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի այս համարում
Լուսանկար՝ Նարեկ Ալեքսանեան, «Հետք»