Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Հարցը կը վերաբերի ընդհանրապէ՛ս ՀՅԴ հայաստանեան գործունէութեան ուղղութիւնները վերարժեւորելուն. «Ասպարեզ»

Սեպտեմբեր 25,2018 11:25

Դաշնակցական ականաւոր ու վաստակաշատ անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին գործիչ Կարօ Արմէնեան, իր Դիմատետրի էջին վրայ ակնարկի մը մէջ արձանագրած է հետեւեալ տողը. «Դաշնակցութիւնը, թէեւ թոյլ արդիւնքներով, դուրս կու գայ այս ընտրութիւններէն իր նոր անելիքի եզրերը ձեւաւորելու հսկայ պարտականութեամբ»:

Հսկայական պարտականութիւն, որ կ՛ենթադրէ նաեւ հսկայական աշխատանքի յանձնառութիւն. բան մը, որմէ չի կրնար խուսափիլ Դաշնակցութիւնը՝ իր ամբողջ կառոյցով, հայաստանեան եւ արտերկրի իր շարքերով:

Հարցը, անշուշտ, քարոզարշաւի ու ընտրապայքարի՝ մասնագիտական մակարդակով վարելուն չի վերաբերիր: Այս ընտրապայքարը, ընդհակառակը, աւելի անմիջական էր, թա՛րմ, եւ վստահ ենք, որ անոր մէջ ընդգրկուած երիտասարդները շատ ըսելիք պիտի ունենան՝ իբրեւ ներդրում «անելիք»ներու ծրագիրի մշակման գործին: Յամենայնդէպս, աւանդական քարոզչական գործիքներու (կայք, հեռատեսիլ) արդիւնաւէտութիւնը առանձին օրակարգի նիւթ է:

Հարցը նաեւ չի վերաբերիր ընտրազանգուածի յստակացման: Երեւանի ընտրութիւններուն կրնային մասնակցիլ նաեւ մայրաքաղաքի մէջ հաստատուած հազարաւոր սփիւռքահայեր, յատկապէս՝ սուրիահայեր, իրանահայեր ու լիբանանահայեր, որոնց մասնակցութեան մասին, դժբախտաբա՛ր, անհրաժեշտ տեղեկութիւն չունինք: Նաեւ, չունինք Դաշնակցութեան համակիրներու տեղաբաշխման մասին տուեալներ:

Հարցը կը վերաբերի ընդհանրապէ՛ս մեր հայաստանեան գործունէութեան ուղղութիւնները վերարժեւորելուն, ինչպէս նաեւ Դաշնակցութեան հիմնական սկզբունքները պահպանելով (Արցախի ինքնիշխանութեան պահպանման եւ ազատագրուած հողերուն առնչութեամբ անզիջող դիրքերը) եւ կուսակցութեան ծրագիրին ու գաղափարախօսութեան վրայ հիմնուելով՝ Հայաստանի մէջ ընկերային արդարութեան, աշխատաւորներու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ընդհանրապէս քաղաքացիի արժանապատիւ կեանքին համար շեշտաւորուած պայքարի անցնելուն:

Նյութի մանրամասները կարդացեք «Ասպարեզ»ի  կայքում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Սեպտեմբեր 2018
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Օգո   Հոկ »
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930