Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Հայրենիքը կը գտնուի տագնապներով լի խաչմերուկի մը դիմաց, որուն համար ազգին ներքին միասնակամութիւնը հրամայական անհրաժեշտութիւն է»

Սեպտեմբեր 21,2018 12:02

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 27-րդ ամեակի առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հայ ժողովուրդին ուղղեց պատգամ մը, որուն ընդմէջէն լուսարձակի տակ առաւ հայ ժողովուրդին անկախութիւն կերտելուն ու վերակերտելուն հաւաքական հաւատքին եւ ամուր վճռակամութեան եւ մանաւանդ միասնակամութեան հրամայականը։

Վեհափառ Հայրապետը նշեց, որ անկախ հայրենիքը բնականաբար ունեցաւ թերութիւններ ու յաջողութիւններ, սակայն ան շարունակեց հայրենաշինութեան աշխատանքը շնորհիւ մեր ժողովուրդին գործօն մասնակցութեան։ «Հայրենիքը հզօրացնելը ու ծաղկեցնելը սովորական գործ չէ ու չի կրնար ըլլալ, այլ առաքելութիւն է գերազանցօրէն» ընդգծեց Հայրապետը՝ աւելցնելով, որ «ներկայիս Հայաստան դէմ յանդիման կը գտնուի նոր մարտահրաւէրներու, որոնց դիմագրաւումը կը պահանջէ հայ ժողովուրդի բոլոր զաւաներուն գիտակից մասնակցութիւնը»։

Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, որ անկախութեան օրը ցնծութեան օր է. միաժամանակ հրաւէր է մեր բոլորին՝ իրապաշտ ոգիով ու քննական հայեացքով ինքնաքննութեան, որպէսզի նպատակասլաց կերպով կարենանք մեր հայրենիքին ապագան կերտել։

Խօսելով Հայաստանի ներկայ կացութեան մասին, Վեհափառ Հայրապետը դիտել տուաւ, որ «հայրենիքը կը գտնուի տագնապներով լի խաչմերուկի մը դիմաց, որուն համար ազգին ներքին միասնակամութիւնը հրամայական անհրաժեշտութիւն է»։ Հետեւաբար, Նորին Սրբութիւնը կոչ ուղղեց հեռու մնալ ներքին բեւեռացումներ ու լարուածութիւն յառաջացնող մօտեցումներէ ու արտայայտութիւններէ, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Սփիւռքի մէջ։ Պէտք է համախմբուինք մեր հայրենիքին շուրջ. մեր միակամութիւնը աղբիւր է հզօրութեան ու երաշխիք՝ մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին յաջողութեան»։ Ապա, անդրադառնալով Հայաստանի ներկայ իրավիճակին, Հայրապետը թուեց այն տագնապները, որոնց դիմակալումը պէտք ունի համահայկական ճիգերու, ինչպէս՝ Հայաստանէն ներս օրինականութեան ամրապնդումը, հայ ժողովուրդին կենսամակարդակին բարելաւումը, տնտեսական կեանքի ծաղկումը, արտագաղթի կասեցումը, Արցախի անկախութեան ամրապնդումը եւ Հայաստանի միջազգային յարաբերութիւններու առաւել ծաւալումը։

Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց հայոց բանակին առանցքային դերը անկախութեան պահպանման մէջ. «մեր նոր օրերու թշնամիներուն դիմաց գեշեր ու ցերեկ պաշտպանողը մեր արի տղաքն են՝ մեր նոր օրերու հերոսները։ Մենք հայոց բանակին հետ ենք բառին ամբողջական իմաստով» շեշտեց ան եւ անդրադառնալով հայ ազգին գոյատեւման պայքարին մէջ հայ եկեղեցւոյ ունեցած դերակատարութեան՝ ըսաւ. «հայ եկեղեցին Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի հոգեւոր յեղափոխութեամբ, Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի մշակութային յեղափոխութեամբ եւ Խրիմեան հայրիկին մարտունակութեամբ դրօշակիրը դարձած է Հայաստանի անկախութեան։ Մեր եկեղեցին մեր պատմութեան բոլոր ժամանակներուն իր արիւնը թափած է Հայաստանի անկախութեան համար, որովհետեւ մեր եկեղեցին մեր ժողովուրդն է։ Այս գիտակցութեամբ ու յանձնառութեամբ մեր եկեղեցին կոչուած է իր հաւատքի առաքելութիւնը եւ ժողովուրդի ծառայութիւնը շարունակել՝ միշտ մնալով հայրենիքի կողքին, ջատագովը հանդիսանալով մեր հայրենիքի անկախութեան»։

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ
ԱՆԹԻԼԻԱՍ – ԼԻԲԱՆԱՆ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Սեպտեմբեր 2018
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Օգո   Հոկ »
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930