Հայաստանի Անկախութեան 27-րդ տարեդարձը կը դիմաւորենք հիմնովին նորոգուած ոգեւորութեամբ, յոյսով ու լաւատեսութեամբ:
Անկախութեան տարեդարձը կը դիմաւորենք Հանրապետութեան սրընթաց վերելքի, ժողովուրդի տնտեսական բարգաւաճման, արդար ու ժողովրդավար միջավայրի ընձեռած ստեղծագործական ու նախաձեռնողական ոգիի թռիչքին առջեւ խոչընդոտներուգրեթէ ամբողջական վերացման պայմաններու մէջ:
Այս նոր մեկնակէտը յաւելեալ պատասխանատուութեան տակ կը դնէ բոլորս, հայկական իրականութեան մէջ գործող բոլորհոսանքները, բոլոր ուժերը, բոլոր կառոյցները, որպէսզի յաղթահարենք մեր մէջ դանդաղումի, ձեռնպահութեան,կրաւորականութեան ամէն միտում եւ ձեռնարկենք գործնական, շօշափելի ներդրումներով սատարելու Հայաստանիպետականութեան հզօրացման, տնտեսական բարգաւաճման ծրագիրներուն:
Այս նոր մեկնակէտը նաեւ պէտք է դառնայ անկիւնադարձ՝ Հայաստանէն արտագաղթի հոսքը կանգնեցնելու եւհայրենադարձութեան հեռանկարները գործնականացնելու ուղղութեամբ: Պետութիւն-Սփիւռք անօրինակ համագործակցութեամբպէտք է կարենանք վերացնել արտագաղթի աղէտը, որ կը սպառնայ մեր երկրի կենսունակութեան:
Անկախութեան տարեդարձի այս տօնական օրուան առթիւ, մենք կը յայտարարենք մե՛ր յանձնառութիւնը՝ մերհնարաւորութիւնները նուիրաբերելու Հայաստանի փառաւորման:
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ՝
Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն