Թրքական ամենաշատ տպաքանակ ունեցող ընդդիմադիր Sozcu պարբերականը անդրադարձած 10-11-րդ դարերու Հայոց մայրաքաղաքայ Անիին:
Թրքական պարբերականին հրապարակումը եզակի է, քանի որ վերջապէս Անին ներկայացուած է որպէս հայկական:
Նախաբանին մէջ կը նշուի, որ Հայոց Բագրատունիներու օրօք Անին տարածաշրջանային կարեւոր ուժային ու մշակութային կեդրոն էր:
«Անիիի բարգաւաճման գագաթնակէտը եղած է 11-րդ դարուն: Ան նաեւ 1001 եկեղեցիներու քաղաք կ՛անուանեն ու ատիկա այնքան ալ չափազանցութիւն չէ, քանի որ արդէն յայտնաբերուած են աւելի քան 40 եկեղեցի, վանք ու մատուռ: Կ՛ենթադրուի, որ Անիի մէջ ապրած է մինչեւ 100 հազար բնակչութիւն:
Անիի գլխաւոր եկեղեցին` Մայր տաճարը կառուցուած է Հայոց Գագիկ թագաւորի օրօք, իսկ ճարտարապետը եղած է Տրդատը: Նոյն Տրդատն ալ վերականգնած է Պոլսոյ Սուրբ Սոֆիայի գմբէթը»,-նշուած է հրապարակման մէջ:
Նյութի մանրամասները կարդացեք «Եռագույն»–ի կայքում