Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Արա Կիւլերի լուսանկարներն ու պատմուածքները՝ միատեղուած. «Եռագույն»

Սեպտեմբեր 12,2018 13:13

144 էջնոց Գիրքը, որ ի մի կը բերէ ստեղծագործ լուսանկարչութեան ոլորտին մէջ միջազգային հռչակ ունեցող յառաջատար արուեստագէտներէն մէկուն՝ Թուրքիոյ քաղաքացի Արա Կիւլերի, վաղ շրջանին գրառած պատմուածքներն ու յետագայի լուսանկարները, բովանդակալից կերպով կը բացայայտէ անոր նուազ ծանօթ՝ գրողի ու պատմուածագիրու ինքնութիւնը: Թրքերէն, հայերէն եւ անգլերէն եռահատոր այս նոր հրատարակութիւնը կը վերածուի «լուսա-պատմուածքի պատկերագիրք»ի մը՝ հետապնդելով հաւանական զուգորդումները ընդմէջ Արա Կիւլերի գրութիւններուն ու երեւակայական աշխարհին:

Ըստ Կիւլերի՝ իր պատմուածքները կարեւոր դեր ունեցած են լուսանկարներուն մէջ իմաստալից պահը որսալու ու անոնցմով համադրութիւն մը ստեղծել կարենալու ուղղութեամբ: Արուեստագէտը իր այս տասներեք պատմուածքները կը բնութագրէ իբրեւ լուսանկար: «Բաբելոնէն Վերջ Պիտի Ապրինք»ը կ՛ապացուցէ, որ Արա Կիւլեր ո՛չ միայն իր լուսանկարներով, այլ նաեւ պատմուածքներով ալ կը պատկանի «պատկերաւոր աշխարհին»:

ԳԻՐՔԷՆ ՀԱՏՈՒԱԾՆԵՐ

Շարժանկարին մէջ քովս աղջիկ մը նստաւ: Կին մը կամ աղջիկ մը: Չեմ ճանչնար, պէտք չունիմ երբեք ճանչնալու: Ան ալ զիս չի ճանչնար, պէտք ալ չունի ճանչնալու: Մութ էր: Ճերմակ պաստառին վրայի սեւ գլխարկով մարդը չորս ձեռք կրակեց դեղին կնոջ ու կինը գետին ինկաւ: Աղջկան մարմինը բաւական տաք ու հրապուրիչ է եղեր: Եթէ լոյսերը վառին, ըստ մեր երկրին սովորութեան, խայտառակ պիտի ըլլանք: Ընկեր մը ունէի ինծի այսպիսի պատահար մը պատմած էր: The End. Աղջիկը տգեղ է եղեր:

Վստահ եղէք, ո՛չ մէկուն միտքին մէջ գէշութիւն կայ այս դարուս: Օրինակի համար՝ ես, բարձրահասակ նաւաստին, մինչեւ հիմա ըրածներէս ո՛չ մէկուն համար կը զղջամ: Մինչեւ այսօր փափաքածներս ըրի, ասկէ վերջ դարձեալ պիտի ընեմ: Եթէ ուզեն, երկրին վրայ ապրող բոլոր մարդիկը ինծի հետ գժտին, ես դարձեալ անոնց ցաւերուն հետ ցաւ պիտի զգամ: Ամէն անհատ փափաքածին պէս թող ապրի: Ասոր մէջ ի՞նչ վնաս կայ: Աշխարհը նոյն թուականին է որ պիտի կործանի: Ես օրէնքներու հնազանդեր եմ կամ ոչ, դուն մահապարտի ճերմակ զգեստով կախաղանին եռոտանիներուն մէջտեղ, երեք ժամ անշարժ մնացեր ես, ինչ կայ որ, լլալիքը միշտ նոյնն է: Արդեօք կարեւորը երկու բեւեռներու համաձայնութի՞ւնն է: Ըսենք որ համաձայնեցան, ինծի՞ ինչ: Ըսենք որ չհամաձայնեցան, դարձեալ ինծի՞ ինչ: Ես նաւաստի մըն եմ: Այսօր այս նաւով, վաղը միւս նաւով ա՛լ աւելի ուրիշ օր մըն ալ ուրիշ նաւով մը ծով պիտի բացուիմ: Իմ աշխարհս անհուններն է: Եթէ փոթորիկը զօրաւոր ըլլայ ու ընկղմինք, ձուկերը խնջոյք պիտի սարքեն: Իսկ եթէ պատերազմի ընթացքին բլուրի մը ստորոտը անյագ բնութեան նորածին լոյսին ներքեւ, կարծր ու տաք փամփուշտով մը անդիի աշխարհ ճամբորդեմ, այն ատեն ալ որդերը խնջոյքի պիտի տիրանան: Արդիւնքը նոյնը ըլ ալէ վերջ ես, բարձրահասակ նաւաստին, օրս օր ընել կ՛աշխատիմ:

Այս գիշեր ուշադրութիւն ըրէք, ձեր դրան առջեւէն անպայման մէկը սուլելով պիտի անցնի: Այդ մարդը ե՛ս պիտի ըլլամ:

Նյութի մանրամասները կարդացեք «Եռագույն»ի  կայքում

 

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Սեպտեմբեր 2018
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Օգո   Հոկ »
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930