Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրապարակային հրահանգէն երկու ժամ ետք, Հայաստանի ոստիկանութիւնը եւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցները պիտի չներխուժեն օլիկարգներու բնակարանները, դուրս պիտի չբերեն զանոնք իրենց պալատներէն ու պիտի չպառկեցնեն զանոնք փողոցները ու մայթերու վրայ: Այդպէս բան չի՛ կրնար ըլլալ: Ուրեմն, այդպիսի հրահանգ պէտք չէ տալ: Կ՛ակնկալենք մեր երկրի վարչապետէն՝ ժողովրդային յեղափոխութեան յաջողութիւնը երաշխաւորելու ծանրագոյն պատասխանատուութիւնը ստանձնած ղեկավարէն՝ գրգռութիւններու չենթարկուիլ, պաղարիւնութիւնը պահել եւ իր ստորադասներէն պահանջել, որ իրենց աշխատանքը տանին մասնագիտօրէն՝ բացառապէս օրէնքի սահմաններուն մէջ մնալով:
Յայտնի է, որ օլիկարգներուն եւ յատկապէս նախկին իշխանաւորներուն ծա՛նր օրեր կը սպասեն, որ անոնց անօրինութեանց ու թալանին վերաբերեալ բացայայտումները լրջօրէ՛ն պիտի վտանգեն իրենց ազատութիւնն ու կուտակած հարստութիւնը: Որքա՛ն սեղմուի անոնց վիզի օղակը, այնքա՛ն հակազդեցութիւնը բուռն ու բիրտ պիտի ըլլայ, ինչին պատրաստ պէտք է ըլլան երկրի ապահովութեան հսկող ուժերը, կառոյցները: Ուրեմն, պէտք չէ՛ իյնալ ծուղակը, պէտք չէ՛ կատարել այնպիսի յայտարարութիւններ, որոնք կրնան դոյզն իսկ վնասել պետութեան ղեկավարի հեղինակութեան ու վարկին՝ յաչս միջազգային հանրութեան:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» օրաթերթի այսօրվա համարում