Վարչապետի պաշտօնը ստանձնելէ ի վեր, Նիկոլ Փաշինեան երրորդ անգամ ըլլալով պիտի տեսակցի Վլատիմիր Փութինի հետ։ Առաջին տեսակցութիւնը տեղի ունեցած էր ՄայիսինՍոչիի մէջ` Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ երկիրներու ղեկավարներու վեհաժողովին, իսկ երկրորդը՝ Մոսկուայի մէջ, աշխարհի ոտնագնդակի ախոյեանութեան բացման հանդիսութեան։
Սեպտեմբեր 8-ին տեղի ունենալիք Փաշինեան – Փութին հանդիպումը, վերոյիշեալ երկու հանդիպումներուն բաղդատած, պարզ փրոթոքոլային բնոյթ պիտի չունենայ։ Կրնայ հեզասահ չընթանալ նոյնիսկ։ Անցնող օրերու իրադարձութիւններն ու Մոսկուայի կողմէ կատարուած մեկնաբանութիւնները դուռ կը բանան բազմաթիւ հարցադրումներու։
Յստակ ու հաստատ եզրակացութիւններու կը յանգի Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի արտայայտութիւնը, թէ Քրեմլի համար նեղացուցիչ է Հայաստանի մէջ տիրող ներկայ իրավիճակը, մասնաւորապէս, երբ անցեալի տասը տարիներու իրադարձութիւններուն մասին հետաքննութիւններ կը բացուին եւ ձերբակալութիւններ կը կատարուին:
Լաւրով չբաւարարուեցաւ այդքանով եւ, շեշտելով թէ այս իրավիճակը կը նկատուի Հայաստանի ներքին հարցը, սակայն մաղթեց, որ ներքին խնդիրներուն լուծումը կատարուի օրէնքի եւ սահմանադրութեան ամուր հիմերու վրայ։
Մինչ այդ, հազիւ քանի մը օր առաջ, Սոչիի մէջ, Վլատիմիր Փութին տեսակցութիւն մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Միացեալ յայտարարութեամբ մը, Պաքու եւ Մոսկուա համագործակցութեան տասը համաձայնագիր ստորագրեցին, որոնց կարգին՝ քարիւղի հետազօտական աշխատանք, «Հիւսիս-Հարաւ» միջազգային փոխադրական միջանցքի ստեղծում, որ արեւմտեան եւրոպական շուկան պիտի կապէ ասիականին եւ պիտի դիւրացնէ Պարսկաստանէն բեռներու փոխադրութիւնները՝ Հարաւային Ասիայէն եւ Միջին Արեւելքէն Եւրոպա:
Դեռ աւելին, ռազմագիտական ոլորտին մէջ ալ երկու երկիրներուն միջեւ համաձայնութիւններ կնքուած են։ Արդարեւ, Ատրպէյճան աւելի քան հինգ միլիառ տոլարի զէնք գնած է Ռուսաստանէն եւ այդ համագործակցութիւնը պիտի շարունակուի՝ յատուկ զինուորական-արհեստագիտական վերաորակաւորման գործընթացով։
Հոս տեղին է վերադառնալ Լաւրովի վերջին յայտարարութիւններուն, կատարուած՝ Փաշինեան – Փութին տեսակցութեան սեմին։ Լաւրով կը նշէ, թէ Ռուսաստան շահագրգռուած է, որ այն երկիրները, որոնց հետ Մոսկուա դաշնակցային յարաբերութիւններ եւ ռազմավարական գործընկերութիւն ունի, անհրաժեշտ է որ ըլլան կայուն, շեշտելով, որ ներքին գործընթացները պէտք է սահմանադրութեան համապատասխան ընթանան եւ բարենպաստ պայմաններ ստեղծուին` ընկերա-տնտեսական բնագաւառին մէջ։
Հոդվածն ամբողջությամբ կարող եք կարդալ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի այս համարում