Երեւանը, հաւանօրէն նաեւ ամբողջ Հայաստանը, ընտրական հեւքի մէջ են, Երեւանի քաղաքապետը եւ աւագանին ընտրելու համար: Փորձեցի լրիւ ցանկը ունենալ բոլոր թեկնածուներուն, բայց այդ կարելի չեղաւ: Անոնք բազմաթիւ են:
Ընտրութենէն առաջ լաւ պիտի ըլլար տեղեկագիր մը ունենալ Քաղաքապետարանի կատարած եւ կատարելիք աշխատանքներու մասին: Այսինքն, նոր կառուցուող կամ վերանորոգուող շէնքերու կողքին գրուած «Աւելի բարեկարգ Երեւան» խօսքը լրացնելու համար, պիտի խօսուի՞ այն մասին, թէ ի՞նչ են այն կարիքները, որոնց բաւարարումով Երեւանը կ’ըլլայ աւելի բարեկարգ:
Առաջադրուած բազմաթիւ թեկնածութիւնները եւ բոլոր կուսակցութիւններու անուններն անգամ յիշելու դժուարութեան առջեւ կանգնած քաղաքացին, այսպէս թէ այնպէս պիտի ընտրէ ըստ աւանդական կապերու կամ թատերական ներկայացումներու տպաւորութեան: Անհատներու եւ կուսակցութիւններու անուններու խճողումը կը դժուարացնէ քաղաքացիին ընտրութիւնը:
Իսկ «այլընտրանք չկայ եւ ես կամ» ըսելով յայտարարութիւն կատարել մարտահրաւէր է, որուն հետեւանքները կրնան անհաճոյ ըլլալ յուսադրուած ժողովուրդին համար, աւելին չըսելու համար: Եւ հետագային կը գումարուին բարդութիւնները եւ կրկին կը կանգնինք այսինչը կամ այնինչը յանցաւոր եւ պատասխանատու համարելու կրկնուող անվերջանալի վէճերու համար:
Ժողովուրդը քուէատուփ պիտի երթայ առանց լուսաբանուած ըլլալու, առանց գիտնալու թէ քաղաքապետը, ով որ ըլլայ ան, ի՞նչ պիտի ընէ:
Այս պարագային քուէարկութիւնը պիտի նմանի սպիտակ էջի վրայ գրուած եւ տրուած լիազօրութեան, որ ոչ ժողովրդավարութիւն է, ոչ իմաստութիւն եւ ոչ ալ վստահութիւն:
Հոդվածն ամբողջությամբ կարող եք կարդալ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի այս համարում