Լրահոս
ՄԻՊ-ն էլ տեղյա՞կ չէ
Օրվա լրահոսը

Զօրակցութիւնը իբրեւ երաշխիք. «Ասպարեզ»

Սեպտեմբեր 08,2018 10:41

«Ասպարեզ». Հայաստանի գերիշխանութեան հանդէպ ազգովին պէտք է նախանձախնդիր ըլլանք: Անկախութիւնը՝ առանց գերիշխան պետականութեան, անհեթեթ հակասութիւն է եւ ի վերջոյ կը յանգի ամբողջական կախեալութեան, գաղութացման:

Հայաստանի վարչապետը Մոսկուա կ՛երթայ՝ երրորդ անգամ հանդիպելու մեր երկրի ռազմավարական դաշնակից Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Այս այցելութիւնը կը համընկնի ռուսական պաշտօնական տարբեր մակարդակներէ ու մամուլի աղբիւրներէ դրսեւորուած զգուշացումներու ժամանակաշրջանի մը, սկսեալ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի յայտարարութենէն, մինչեւ Հայաստանի ոստիկանութեան կողմէ Միքայէլ Յարութիւնեանի հետախուզումը Ռուսիոյ մէջ չեղարկելու ռուսական կողմի կեցուածքը: Այս վերջինը արդէն իսկ ուղղակի արհամարհանք է Հայաստանի իշխանութեանց հանդէպ:

Փաշինեան Մոսկուա պիտի երթայ՝ դիւանագիտական լուծում տալու այս թնճուկին, որմէ կարծես կախեալ կրնայ ըլլալ Հայաստանի ու Արցախի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն կուրծք տալու մեր զինանոցի արդիւնաւէտութիւնը:

Այս կախուածութեան զգացողութիւնը, որքա՛ն ալ տհաճ, հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն յատկանիշը եղած է մեր ամբողջ անկախութեան շրջանին: Այդ յատկանիշը աւելի ու աւելի շեշտուած է տարուէ տարի՝ թալանի ու կողոպուտի, անարդարութեան ու փտածութեան իբրեւ հետեւանք Հայաստանի բնակչութեան թիւի նուազումին եւ ընդհանուր բարոյալքումին ուղղակի համեմատութեամբ:

Վարչապետ Փաշինեանի վճ-ռական յայտարարութիւնը, թէ՝ մարդասպանները պիտի պատժուին եւ թալանողները հաշիւ պիտի տան, Հայաստանի գերիշխանութեան նախանձախնդրութեան կեցուա՛ծքն է որ կ՛ընդգծէ: Եթէ Փաշինեան նահանջէ այդ դիրքէն, ան ահագին վարկ ու հեղինակութիւն կրնայ կորսնցնել, ինչ որ պիտի ուրախացնէ յեղափոխութեան հակառակորդները, միեւնոյն ատեն՝ զիջելով Հայաստանի գերիշխանութենէն: Ան, որ այդ զիջումին դէմ է, իր ընդդիմութիւնը կրնայ արտայայտել՝ Փաշինեանին զօրակցութիւն յայտնելով, որպէսզի անոր խօսակիցը առաւել հաշուենկատի վերաբերմունք ունենայ Հայաստանի պետութեան ներկայացուցիչին հանդէպ: Այս պարագային, այդ զօրակցութիւնը հայկական դիրքի ամրութեան միա՛կ երաշխիքը կրնայ ըլլալ:

 

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Սեպտեմբեր 2018
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Օգո   Հոկ »
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930