Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Կայուն ընտրազանգուածը բաւարա՞ր Է. «Ասպարեզ»

Սեպտեմբեր 01,2018 11:57
hyd

«ԱՍՊԱՐԷԶ». Տարիներ շարունակ մեր կուսակցութիւնը՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, հպարտութեամբ յայտարարած է, որ Հայաստանի մէջ ունինք «կայուն ընտրազանգուած» մը, որ միշտ մեզի հետ է եւ բոլոր ընտրութիւններուն մեր կողքին կանգնած է ու պիտի շարունակէ կանգնիլ:

Այս կայուն ընտրազանգուածի ապահով հովանիին տակ, Դաշնակցութիւնը Հայաստանի քաղաքական դաշտէն դուրս մնալու մտավախութիւն չունի եւ ընդհանրապէս նման մտավախութեան վրայ չէ, անշուշտ, որ անիկա իր կեցուածքներն ու դիրքորոշուները կ՛որդեգրէ:

Այդ կայուն ընտրազանգուածին մէջ են, անշուշտ, կուսակցութեան հազարաւոր անդամները, իրենց ընտանիքներու ու բարեկամներու շրջանակէն բազմաթիւ քուէարկողներ եւ Դաշնակցութեան գործունէութեան հանդէպ հաւատք ու համակրանք տածող քաղաքացիներ:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հայաստանեան գործունէութեան կենսունակութեան այս երաշխիքին կողքին, անշուշտ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կը վայելէ Սփիւռքի իր կառոյցներուն զօրակցութիւնն ու Հայաստանին, Արցախին, Ջաւախքին ու ընդհանրապէս հայութեան բերած անոնց նպաստէն կուտակուած վարկի դրական զգայնութիւնները:

Այսուհանդերձ, քաղաքական եւ ծրագրային իր նպատակները իրականացնելու համար, Դաշնացկութիւնը չի կրնար բաւարարուիլ այս կայուն ընտրազանգուածի նեցուկով: Նախ, կայ այդ յենարանին զօրակցութեան չափի խնդիրը: Նոյնիսկ կայուն ընտրազանգուածը կրնայ իր զօրակցութիւնը պայմանաւորել կուսակցութեան դիրքորոշումներու գնահատումներով եւ մերթ ընդ մերթ ցոյց տալ իր աւելի ուժեղ կամ նուազ աջակցութիւնը՝ որդեգրուած վարքագիծին, իր համաձայնութիւնն ու յուսախաբութիւնը արտայայտելով:

Ի միջ այլոց, պէտք է ըսել, որ Սփիւռքի մէջ ալ կացութիւնը շատ տարբեր չէ: Այստեղ ալ մենք շատ կը վստահինք մեր կայուն ընտրազանգուածին, որ կը բաղկանայ մեր շարքերէն, ուղեկից կառոյցներէն, մեր ու այդ կառոյցներուն շուրջ համախմբուած համակիրներէ: Այդ զանգուածի կայունութիւնն ալ փորձարկուած է, եւ սակայն, որքան ալ դիամցկուն՝ այստեղ ալ, առարկայական եւ ենթակայական ազդակներու բերումով մաշումի գործընթացը իր վնասները զգալի կը դարձնէ: Առարկայական ազդակներու շարքին ձուլումն է, տեղայնացումը եւ այլասերումը: Իսկ ենթակայական ազդակ է մեր մօտեցումներուն մէջ այժմէականութեան ու թարմութեան պակասը, ձեւով մը լճացումը:

Հայաստանի պարագային ալ արդէն պարտաւորեցնող կը դառնայ կայուն ընտրազանգուածին վրայ միայն յենելու հանգիստ վիճակէն դուրս գալու եւ անցնելու աւելի ազդեցիկ քարոզչական մարտավարութեան՝ հիմնուած ժողովուրդի շահերուն եւ արդարութեան պաշտպանութեան ընկալելի ու երեւցող քաղաքական գործին վրայ:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Սեպտեմբեր 2018
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Օգո   Հոկ »
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930