Վերջերս բոլորին նման ես ալ հետեւեալ լուրին իրահասու եղայ.
«Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ անվտանգութեան ծառայութեան սահմանապահ վարչութեան աշխատակիցները հայ-թրքական սահմանը ապօրինի հատած երկու անձ ձերբակալած են: Ծառայութեան ընթացքին սահմանապահ հերթափոխը Թուրքիոյ տարածքին նկատած է երկու անյայտ անձ, որոնք փորձած են լողալով անցնիլ Արաքս գետը:
Քանի մը ժամ անց անյայտ անձինք հատած են պետական սահմանը եւ փորձած թաքնուիլ Հայաստանի տարածքին մէջ: Ռուս սահմանապահները հետապնդած են սահմանախախտները եւ ձերբակալած: Ձերբակալման ընթացքին սահմանախախտները փորձած են դիմադրել, սակայն սահմանապահները կրցած են չէզոքացնել զանոնք:
Հարցաքննութենէ ետք պարզ դարձած է, որ սահմանախախտները Փաքիստանի Իսլամական Հանրապետութեան քաղաքացիներ են:
Օրէնսդրական կարգի համաձայն` սահմանախախտները փոխանցուած են Հայաստանի իրաւապահ մարմիններուն, որոնք պիտի պարզեն անոնց հայ-թրքական սահմանը խախտելու նպատակները»:
Աւելի ուշ իմացայ, որ յետհետաքննութեան պարզուած է, որ տուեալ սահմանախատները նպատակ ունէին Հայաստանի վրայէն Եւրոպա հասնիլ:
Այսքանը կարելի էր, որպէս պատահական լուր ընկալել, սակայն եթէ նկատի ունենանք, այն փաստը, որ միայն վերջին Օգոստոս ամսուայ ընթացքին, այս 5-րդ նոյնօրինակ դէպքն է, որ կը պատահի…կարելի՞ է այլեւս բարեմտութեամբ մը այս վիճակը պատահականութեան վերագրել, թէ անոր հետ պէտք է վերաբերիլ, որպէս երեւոյթ եւ այն ալ խիստ վտանգաւոր տեսակէն:
Դէպի Եւրոպա ելք փնտրող փախստական գաղթականները, թէ ազերիական կեղծ անձագիր կրող ահաբեկիչ վարձկանները (տեղին է նշել, որ վերոյիշեալ սահմանախախտներէն եւ ո՛չ մէկը նոյնիսկ թուրք կամ ազերի էր) Թուրքիայէն գալով ինչո՞ ւ Հայաստանի վրայով է եղեր, որ Եւրոպա ելք կը փնտրեն…:
Միջին արեւելքցիի դառն փորձարութեամբ լեցուն ուղեղս ի տես այս երեւոյթին, տարբեր բանի հոտ կ’առնէ սիրելի ընթերցող: Դո՛ւն ի՞նչ կ’ըսես:
Կը մնայ հայրենի պատկան մարմիններուն յիշեցնել մեր փորձը ահաբեկիչներու հետ եւ յոյս յայտնել, որ անոնք ալ նոյն տեսանկիւնէն մեկնաբանեն երեւոյթը, որպէսզի ապահով ու խաղաղ մնայ մեր սիրելի հայրենիքը՝ Հայաստանը:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ