Պոլսի «Արաս» հրատարակչությունը տեղեկացնում է, որ հերթական գիրքը Ստամբուլի աչք որակումը ստացած հանրահայտ լուսանկարիչ Արա Գյուլերի մասին է: Գրքում մեկտեղված են նրա լուսանկարներն ու պատմվածքները: «Գիրքը, որ ի մի կը բերէ ստեղծագործ լուսանկարչութեան ոլորտին մէջ Թուրքիոյ միջազգային գետնի վրայ հռչակուած յառաջատար արուեստագէտներէն մէկուն՝ Արա Կիւլերի, վաղ շրջանին գրառած պատմուածքներն ու յետագայի լուսանկարները, բովանդակալից կերպով կը բացայայտէ անոր նուազ ծանօթ՝ գրողի ու պատմուածագիրի ինքնութիւնը։
Թրքերէն, հայերէն եւ անգլերէն համաժամանակեայ, եռահատոր այս նոր հրատարակութիւնը կը վերածուի «լուսա-պատմուածքի պատկերագիրք»ի մը՝ հետապնդելով հաւանական զուգորդումները ընդմէջ Արա Կիւլէրի գրութիւններուն ու երեւակայական աշխարհին։ Կիւլէրի կարծիքով, իր պատմուածքները կարեւոր դեր ունեցած են լուսանկարներուն մէջ իմաստալից պահը որսալու ու անոնցմով համադրութիւն մը ստեղծել կարենալու ուղղութեամբ։ Արուեստագէտը իր այս տասներեք պատմուածքը կը բնութագրէ որպէս լուսանկար։ «Բաբելոնէն վերջ պիտի ապրինք» կ՚ապացուցէ, որ Արա Կիւլէր ո՛չ միայն իր լուսանկարներով, այլ նաեւ պատմուածքներով ալ կը պատկանի «պատկերաւոր աշխարհին»,-ասվում է հաղորդագրության մեջ։
Սեփ. լր.
«Առավոտ»
28.08.2018