«Էրմենիհապեր». Գերմանական «Պիլտ» թերթին համաձայն՝ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները արգիլած են Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի Քրիստոնեայ ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան պատգամաւոր Ալպերթ Վայլերի մուտքը իրենց երկիր, որովհետեւ ան Արցախ այցելած է:
Վայլեր Հայաստանէն Արցախ այցելած էր 2014ին եւ 2016ին: Ատրպէյճան զայն յայտարարած է «անբաղձալի անձ» եւ իր երկիր մուտքի արգելքի որոշումը կայացուցած է ամենաբարձր մակարդակով, ուստի, Գերմանիոյ մօտ Ատրպէյճանի դեսպանին հետ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան՝ այս հարցով բանակցութիւնները ապարդիւն եղած են:
Հարաւային Կովկասի երկիրներուն հետ Գերմանիոյ յարաբերութիւններու խորհրդարանական խումբի փոխնախագահ Ալպերթ Վայլեր մաս պիտի կազմէր Կովկաս այցելող Մերքելի պատուիրակութեան:
Վայլեր մտահոգութիւն յայտնած է տարածաշրջանին մէջ տիրող իրավիճակին վերաբերեալ՝ նշելով. «Ատրպէյճան ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ ժողովրդավար երկիր: Ժողովրդավարական ճանապարհով ընտրուած պատգամաւորի դէմ այդ գործողութիւնները ո՛չ մէկ կապ ունին ժողովրդավարութեան հետ»:
Նյութի մանրամասները կարդացեք սկզբնաղբյուր կայքում