«Ասպարեզ». Քաղաքական կուսակցութեան մը քարոզչական մարտավարութիւնը պէտք է նպատակադրէ կուսակցութեան քաղաքականութեան լուսաբանումը՝ անոր շուրջ համախմբելու համար ժողովուրդի լայնագոյն համրանք մը, ըստ կարելւոյն ստուարացնելով համակիրներու թիւը:
Անշուշտ, քարոզչութեան անուղղակի թիրախներէն կրնայ ըլլալ նաեւ սեփական շարքերուն իրազեկութիւնը աւելցնելը, կամ անոնց համոզումներու ամրապնդումն ու յանձնառութեան ոգիի ուժեղացումը: Սակայն, երբ կուսակցութեան քարոզչութեան հիմնական ուղղութիւնը ներհայեաց կը դառնայ, դժուար թէ կարենայ անոր քաղաքական կեցուածքներու տարածման նպատակին օգտակար հանդիսանալ: Այո, անկասկած, կրնայ ամրապնդել արդէն հաւատարիմ շարքայիններու համոզումները, կրնայ համախմբել զանոնք կուսակցութեան բռնած ուղեգիծին շուրջ, բայց եթէ իր բաղադրութեան մէջ չունի լայն հանրութեան աջակցութիւնը սիրաշահելու միտող տարրեր, կը դադրի քարոզչական արժէք ներկայացնելէ:
Արտաքին ուժեղ հարուածներու ենթակայ կուսակցութեան մը համար կրնայ բնական ըլլալ ներքին ամրութեան առաջնահերթութիւնը: Սակայն, նոյնիսկ այդ պարագային, առանձնաբար ներհայեաց քարոզչութիւնը կրնայ բարոյալքում յառաջացնել՝ սեփական գաղափարներու եւ քաղաքական ուղեգիծի ու կեցուածքներու անխոցելիութեան հանդէպ կասկածի ծնունդ տալով կամ արդէն գոյութիւն ունեցող կասկածի սերմերը աճեցնելով:
Ներհայեաց կեդրոնացումով քարոզչութիւնը բաւական արդիւնաւէտ կ՛ըլլայ եթէ կուսակցութեան ընդունած հարուածները գան հակազգային, ապազգային կամ հակաժողովրդական խմբակներէ, կառոյցներէ կամ իշխանական դէմքերէ: Այդպէս էր պարագան Լեւոն Տէր Պետրոսեանի օրերուն, որուն ժողովրդականութեան նուազման համեմատութեամբ բարձրացաւ Դաշնակցութեան վարկը եւ հեղինակութիւնը:
Այսօր կացութիւնը տարբեր է եւ մեզմէ կը պահանջուի քարոզչական բոլորովին այլ մարտավարութիւն որդեգրել, մեր շրջապատին ու լայն հանրութեան յստակօրէն պարզելով մեր կեցուածքներու հիմքերը, երբեմն ալ, ինչու չէ, ընդունելով որոշ սխալներ: