«Ասպարեզ». Գաղափարի Ու Ազգային Ուղեգիծի Ամրացում
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
«Թաւշեայ Յեղափոխութենէն» ասդին, ու դէպի բարեշրջում զարգացումներուն ու խոստումներուն դիմաց, Հայաստան անգամ մը եւս ինքզինք կը գտնէ գաղափարներու բիւրեղացման ու անոնց հիմամբ ազգային պետութիւն ձեւաւորելու հրամայականին դէմ յանդիման։ Այս հանգրուանին, այս հրամայականը տարբեր երանգով կը հնչէ, որովհետեւ բարեշրջական երթը կը կատարուի ժողովուրդին համար, յանուն ժողովուրդին։
Պէտք է արձանագրել, որ վերանկախացումէն ասդին, Հայաստանի կառավարման դրութեան մէջ գաղափարական ենթահողը լայն տեղ չէ գտած. Հայաստան շտապեց խորհրդային-համայնավարական դրութենէ ընդհուպ ոստնուլ դրամատիրական քիչ թէ շատ վայրագ դրութեան մը գիրկը, որ առիթ տուաւ շատ մը չարիքներու, որոնցմէ մէկն ալ սակաւապետներու համակարգին ձեւաւորումն էր ու զանգուածներու բարեկեցութեան յամեցումը։ Ի դէպ, տասնամեակներ առաջ կատակով կը խօսուէր այլ ճշմարտութեան մը մասին, թէ՝ «դրամատիրութիւնը մարդուն շահագործումն է մարդուն կողմէ, իսկ համայնավարութիւնը՝ ճիշդ հակառակը…»։
Աւելին, վերանկախացած Հայաստանի իշխանութեան վերնախաւերը կազմաւորուեցան ու իրարու յաջորդեցին առաւելաբար անձնակեդրոն կուսակցութեանց ճամբով։ Անհատներու եւ խմբակներու միջեւ մրցակցութիւնը, շահերու համակարգումն ու խաչաձեւումը կարեւոր տեղ գրաւեցին յաջորդական իշխանութիւններուն մէջ, սկզբնական շրջանին հզօր նկատուող ու խորհրդարանն ու պետական մեքենային միւս թեւերը իրենց հակակշիռին տակ ունեցողներ, մօտաւորապէս տասնամեակ մը ետք դուրս ինկան իշխանութենէ, մեծ մասամբ վերածուեցան բացասական դերակատարութիւն ստանձնող ընդդիմադրութեան մը, նաեւ դիմեցին անուանափոխութեան եւ այլ միջոցներու։ Առաւելաբար շահադիտական նպատակներով, նախկին համայնավարներ օր մը փայլեցան ՀՀՇի, յետոյ՝ Հանրապետականի, Ազգային քոնկրեսի կամ այլ կուսակցութեանց երկինքին վրայ, վաղը կրնան ծագիլ նաեւ նոր իշխանութեան մասնակցելու ձգտող այլ կուսակցութեանց ցանկերուն վրայ։ Այս վիճակին մէկ հետեւանքն ալ այն եղաւ, որ Հայաստանի մէջ ունեցանք տէրպետրոսեանականներ, սարգսեանականներ (քանի մը տեսակը…), վազգէնականներ, «կիրակոսականներ-մարկոսականներ» եւ դեռ՝ ուրիշներ։ Այդպէս եղաւ, որովհետեւ Հայաստանի կուսակցութիւններէն շատեր միայն անուանական կերպով ունին գաղափարական հիմքեր։ Բացառութիւններէն է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, որ սկիզբի օրերէն ալ, ու մինչեւ ներկայ փուլին, քաղաքական աշխատանքի ու առաջադրանքի հիմք ունի գաղափարական յստակ սկզբունքներ։ Այս մօտեցումը նորութիւն չէ Դաշնակցութեան համար. Առաջին Հանրապետութենէն ի վեր, նաեւ՝ Դաշնակցութեան ընկերային գաղափարներու բիւրեղացումէն ասդին, անոր գաղափարական հիմունքները կը ձգտին Հայաստանի մէջ ստեղծել ընկերային արդար ու հաւասարակշուած դրութիւն, որուն մէջ հիմնական գիծեր են ըստ կարելւոյն անթերի ժողովրդավարութիւն, ազգային շահերու գերակայութիւն եւ պատմական իրաւունքներու առաջնահերթութիւն։ 10 Օգոստոսին հրապարակուած ծրագիրը, որ կը կրէր «Ընկերային-տնտեսական քաղաքականութեան հիմնադրոյթերու նախագիծ» խորագիրը, նորագոյն դրսեւորումը եղաւ այս վարքագիծին. անցեալին ալ Դաշնակցութիւնը կարեւոր հանգրուաններու հրապարակ եկած է քաղաքական յստակ տարազումով ու ծրագիրներով, որոնց գործնականացման համար նկատի առնուած են Հայաստանի ու աշխարհի այժմու իրականութիւնները, կատարուած են համապատասխան պատշաճեցումներ։ Պէտք չէ մոռնալ, որ պատմական իրադարձութեանց ու ընկրային-տնտեսական քաղաքական կեանքերու մէջ կան անփոփոխելի եւ փոփոխելի գործօններ. հիմնական սկզբունքները կը մնան, պէ՛տք է մնան անփոփոխ, որովհետեւ այլապէս, տուեալ կուսակցութիւն մը կը դադրի ինքզինք ըլլալէ։ Սպասելի է, որ այլ կուսակցութիւններ եւս նման մօտեցումով պատրաստուին յառաջիկայ ընտրութիւններուն, որպէսզի պայքարը ըլլայ ազնիւ, մղուի գաղափարներու միջեւ մրցակցութեան, եւ ոչ թէ անհատներու եւ որոշ խմբաւորումներու շահերուն համակարգումի-խաչաձեւումի տրամաբանութեամբ։ Եւ սա պիտի ըլլայ «Թաւշեայ Յեղափոխութեան» բերելիք կարեւորագոյն նպաստներէն մէկը, որովհետեւ երկրին ու ժողովուրդին բարօրութեան ու շահերուն շուրջ է որ պիտի մղուի ընտրապայքարը։
Եթէ պահ մը մեր աչքերը տարածենք դէպի աշխարհի այն երկիրները, որոնք ըստ բաւականին յառաջդիմութիւն արձանագրած են ժողովրդավարութեան, ընկերային արդարութեան ու ազգային շահերու պաշտպանութեան ոլորտներու մէջ, պիտի տեսնենք, որ հոն, կուսակցութիւններ ընտրապայքար կը մղեն յստակ եւ շօշափելի ծրագիրներու հիմամբ, եւ ոչ միայն բարի խոստումներով կամ նախորդ իշխանութիւնները քննադատելով։ Ասոնք կարեւոր են, առաւելաբար կը ծառայեն քարոզչական նպատակներու, սակայն կայ անկէ անդին. իւրաքանչիւր կուսակցութիւն կը մշակէ ներքին ու արտաքին յստակ քաղաքականութիւն, իր տնտեսական, յարաբերական, մշակութային եւ, մէկ խօսքով, ժողովուրդին կեանքը մարմնաւորող բոլոր ոլորտները լաւագոյնս յանձանձելու առաջադրութեամբ, այնպէս՝ ինչպէս կը թելադրեն գաղափարական իր սկզբունքները։ Դրամատէրը բնականաբար կը հակադրուի ընկերվարականին եւ ձախ մտածողութեամբ գործող կուսակցութեանց, անոնք ալ՝ ազատ-շուկայականին, քրիստոնեայ դեմոկրատը՝ այլոց, եւ այսպէս՝ շարունակաբար։ Պէտք է ընդունիլ նաեւ, որ ասոնցմէ իւրաքանչիւրը տարբեր երկիրներու մէջ ունի իւրայատուկ մեկնաբանութիւններ, եւ, օրինակի համար, Գերմանիոյ մէջ ազատական թեքումով կուսակցութեան մը գաղափարական սկզբուքներն ու գործելակերպը լիովին չի համապատասխաներ Ֆրանսայի, Սպանիոյ կամ այլ երկիրի մը նոյն «բնոյթ»ի կուսակցութեան տարազներուն։ Երբեմն տարբեր երկիրներու գաղափարակից կուսակցութկեանց մէջ կը ստեղծուի համակարգում, սակայն վերջին տասնամեակներուն, նման համակարգում մեծ նահանջ արձանագրած է, աւելի տիրապետող դարձած է շուկայական տրամաբանութիւնը, եւ մենք ականատես եղանք Եւրոպական Շուկայի նախ՝ ամրապնդման ու գործակցական կապերու հզօրացման հոլովոյթի մը, յետոյ՝ տարանջատման ու դէպի սեփական շահերով տարուելու ընթացքներու։ Եւրոպական Շուկայէն հեռացման Բրիտանիոյ քայլերը պարզ օրինակ մըն են։ Այսուամենայնիւ, գաղափարական սկզբունքները կատարելապէս աղբանոց չեն նետուած։ Քաղաքական ելեւէջներն ու որոշ կուսակցութեանց հզօրացումը կամ տկարացումը՝ ընտրական հանգրուաններուն, կ՛արտացոլացնեն յստակ իրականութիւններ, այսինքն՝ յառաջխաղացք կ՛արձանագրէ ան՝ ոը իր սկզբունքները գործնական քայլերու կը վերածէ եւ որոշ բարեշրջում կը յառաջացնէ երկրին մէջ, կը պահպանէ նոյն ընթացքը, մինչդեռ կը նահանջէ ու կորուստներ կ՛ունենայ ան՝ որ տէր չի կանգնիր իր խոստումներուն, կը թողլքէ իր գաղափարները եւ իրողապէս կը յարի ուրիշի գաղափարներու։ Դժուար չէ այս դիտանկիւնէն տեսնել Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Իտալոյ, Սպանիոյ, Յունաստանի եւ դեռ շարք մը այլ երկիրներու վերջին տասնամեակներու զարգացումները, վերովայրումները։ Չենք արհամարհեր, անշուշտ, այն ազդեցութիւնները, որոնք ստեղծուեցան Խորհրդային Միութեան փլուզումով ու անոր յաջորդած հսկայական փոփոխութիւններով, զինակցութեանց վերադասաւորման փորձերով ու ազդեցութեան գօտիներու աշխարհագրութեան վերանայումով, սակայն մեր խօսքը առաւելաբար կը վերաբերի երկրի մը ու անոր ժողովուրդին ներքի՛ն կեանքի կառավարման ընտրանքներուն, հինէն եկող ու բնական զարգացումներ ապրող գաղափարներու միջեւ ազնիւ մրցակցութեան (կրնայ առարկուիլ, որ քաղաքական աշխարհի մէջ ազնիւ մրցակցութիւնը վերացական հասկացութիւն է, իրականը՝ վայրագ մրցակցութիւնն է. սա ճիշդ է որոշ չափով, սակայն չի հերքեր Գաղափարի՛ն անհրաժեշտութիւնը)։
Վերակազմաւորուող Հայաստանի մէջ, անհրաժեշտ է վերականգնել նաեւ իսկական մտաւորականին տեղն ու դերը. մտաւորականութիւն՝ որ անփոխարինելի դեր ունեցած է անցեալին, երկրին ու ժողովուրդին ուղղորդումին մէջ, շրջանցած է «պաշտօնեայի հոգեբանութիւն»ը եւ հեղինակութիւն դարձած է իր առողջ մտածումներով, քննադատութիւններով, պատմական դէպքերու անմիջական արձագանգումներով։
(Փակագիծ մը բանանք, յիշելու եւ յիշեցնելու համար, որ միտքի տիրապետութեան նահանջին հետեւանքով, իշխանափոխութեան տաք փուլը որոշ չափով նսեմացուց այս տարուան Ապրիլ 24ը, զայն պահեց արարողականի սահմաններուն մէջ, յետոյ նաեւ Մայիս 28- տօնակատարութիւնը ետ պահեց պատմակշիռ իրագործումին համապատասխան տարողութեամբ ու տարածքով կատարելու քայլերէն, նախատեսուած բազմաթիւ ծրագիրներ «խեղդամահ» եղան, իսկ Սեւրի դաշնագիրը գրեթէ աննկատ անցաւ ընդհանրական բեմին վրայ, պարտականութիւնը ձգելով դաշնակցական մամուլին ու յօդուածագիրներու, կարծէք թէ Հայաստանի հիմները միջազգայնօրէն հաստատող ու մեր Դատին լայն տարածքը յուշող դաշնագիրը միայն մէկ կուսակցութեան կը պատկանէր. ժամանակին Եռագոյնն ու Զինանշանն ալ թողուած էր միայն Դաշնակցութեան, հիմա իրենց արդար տէրը գտած են…)։
Խորհրդային տարիներուն իսկ, ուշ 60ականններէն սկսեալ, քննական մօտեցումը համակած էր մտաւորականութիւնը, որ ի շարս շատ ոլորտներու՝ իր խօսքը ունեցած էր ու ուղղութիւն տուած՝ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄՇԱԿՈՅԹի վերաձեւաւորման ու զարգացման մէջ։ Բազմաթիւ մտաւորականներ ձեւը գտած էին հակադրուելու իշխանութիւններուն եւ շինիչ քննադատութեան ենթարկելու վիճակներ ու դրոյթներ, ետին ձգելով անհատի պաշտամունքի եւ «ինչ որ վերէն կը թելադրուի՝ ճիշդ է»ի տրամաբանութիւնը։ Վերականգնումէն անդին, պէտք է նաեւ նոր յառաջխաղացք արձանագրել այս գետինին վրայ։ Այս իմաստով, շօշափելի նախանշաններ չեն տեսնուիր ցարդ, այլ՝ նախկին գիծերու շարունակումը կը մնայ տիրապետող։ Պարզ օրինակ մըն է… օտարաբանութիւններու հեղեղը, որ տեղատուութիւն ապրելու փոխարէն՝ մակընթացութեան մէջ է։ Բնականաբար պիտի առարկուի, որ իշխանութիւնը դեռ «հոն չէ հասած», դեռ ունի այլ հրամայականներ ու առաջնահերթութիւններ, սակայն երբ իշխանութեան ամէնէն վերին խաւերէն սկսեալ մինչեւ մամուլն ու քաղաքական քննարկումներ կատարողներ, կուսակցական եւ մշակութային գործիչներ կը նախընտրեն խորանալ օտարաբանութեան ճահիճին մէջ, մինչեւ իսկ շարժումը առաջնորդուեցաւ ու կը շարունակէ առաջնորդուիլ… օտարաբանութեամբ մը՝ «դուխով», անհրաժեշտ է անգամ մը եւս յիշեցում կատարել հինէն եկող այս ախտին դարմանումին մասին, իբրեւ գործնական արտայայտութիւն՝ մշակութային բարեշրջումի նախանձախնդրութեան։ Պատկերը բոլորովին մութ չէ, յամենայնդէպս։ Լոյսի նշոյլի մը ականատես եղանք մօտաւորապէս ամիս մը առաջ, երբ վարչապետը կառավարութեան մէկ նիստին նախարարներուն առջեւ գիրքեր դրաւ ու կոչ ուղղեց անոնց ու ժողովուրդին, որ գիրքի տարածման ու ընթերցումի մշակոյթին զարկ տան։
Գաղափարական ենթահողն ու մտաւորականութեան դերակատարութիւնը կարեւոր նախադրեալներ են այլ հրամայականի մը, որ կը կոչուի առողջ քննադատութիւն։ Այս մշակոյթը պէտք է վերականգնել լիարժէքօրէն ու թոյլ չտալ, որ անիկա մահանայ, նսեմանայ։ Եթէ պէտք է, նոր Յակոբ Պարոնեաններ ու Լեռ Կամսարներ ունենանք («Ուշ-ուշ են գալիս, բայց ոչ ուշացած…»), որոնք յանդգնին սխալին ու սխալողին ըսելու թէ սխալ է, հեռու՝ քաղաքական մասնակի հաշիւներէ ու հաճոյամոլութեան փորձութենէն։ «Ամէն բան լաւ է, լաւ ընթացքի մէջ է»ի տրամաբանութիւնն ու քարոզչութիւնը մեծ բարիք չեն խոստանար։ Արդար ու տեղին քննադատութիւնը, շինիչ առաջարկներով ու մտածումներով հրապարակ գալը ո՛չ հայրենադաւութիւն է, ոչ ալ Հայաստանն ու իշխանութիւնը չսիրել կը նշանակէ։ Նման փորձառութիւններէ անցած ենք համայնավարներու օրերէն ի վեր։ Նման սխալներու կրկնութենէն պէտք է խուսափիլ անպայման, ու անկէ անդին՝ նոյն հայրենիքի զաւակներուն՝ կուսակցութեանց, ղեկավարութեանց ու ժողովրդային տարբեր խմբաւորումներու ու խաւերու միջեւ պէտք է ստեղծել փոխադարձ յարգանքի, գործակցական հոգեբանութիւն, եւ ոչ թէ հակադրեալ խմբաւորում մը «թուրքէն աւելի վատ» որակելու «քաջութիւն»։ Սա չենք արձանագրեր անցեալի սխալները անտես առնելու տրամաբանութեամբ, այլ արդար, հաւասարակշուած ու համագործակցական հայրենիքի մը կերտումին մտասեւեռումով։
Այս ու նման նախադրեալներու ամրակայումով է որ կը դիտենք Հայաստանի «Թաւշեայ Յեղափոխութիւն»ը, յուսալով, որ անիկա ո՛չ ընկրկումի, ո՛չ ալ նահանջի մատնուի որեւէ պատճառով, այլ յառաջ ընթանայ ընկերային արդարութեան, արդարադատութեան ու պաշտպանութեան ոլորտներուն մէջ։
Այս ու նախընթաց քննարկումները կատարեցինք նոր իշխանութեան առաջադրանքները դէպի իրականացում, մեր հայրենիքը իսկական բարեշրջման ընթացքի մէջ տեսնելու նախանձախնդրութեամբ։ Որքան ալ որ բարեմիտ ըլլան «նոր Հայաստան» կերտելու ձգտումները, իրաւունք չունինք մոռնալու, թէ մեր այսօրուան հայրենիքը սկիզբ առած է… Հայկ Նահապետէն ու ներգրաւած՝ հայրենակերտ բազում սերունդներ. հզօր եղած ենք միասնութեան կերտումով, տկարացած՝ զիրար ջլատելով։ Եւ սա պարզ քարոզ չէ, այլ իրական պատմութիւն։
Բնականաբար մեր քննարկումը չէր կրնար ամբողջական ըլլալ, այդպէս չէ։ Հաւանաբար նաեւ մտածուի, որ որոշ մտահոգութիւններ ու մատնանշումներ կատարուած են կանխահասօրէն։ Այո. պէտք է առիթ տալ նոր իշխանութեան, որպէսզի սկսուած բարեփոխութիւնները շարունակէ, կարելի բոլոր միջոցներով պէտք է աջակցիլ անոր յաջողութեան, թոյլ չտալ, որ օր ըստ օրէ բարձրացող յոյսի ալիքը բեկում ունենայ, որովհետեւ հարցը մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին ճակատագիրին հետ կապ ունի, անհատներէն ու կուսակցութիւններէն վեր է, կուտակուած ու լեռնացած հարցեր կարելի չէ լուծել մոգական գաւազանի մը շարժումով։ Այս պատճառով ալ, նման քննարկումներ պէտք է տարածուին, չմատնուին մասնակի կամ ժամանակաւոր հաշիւներու ոլորտին մէջ բանտարկուելու փորձութեան։