Թուրքիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Կարօ Փայլան մեկնած է Վան ու անձամբ ծանօթացած հայկական գերեզմանոցի տարածքի իրավիճակին, ուր վերջերս տեղի իշխանութիւնները հասարակական զուգարան կառուցած էին:
Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ Փայլան Վան այցելելէ ետք համոզուած է, որ զուգարանի կառուցման վայրին մէջ հին հայկական գերեզմանոց եղած է: Այս մասին կը գրէ «Ակօս»-ը:
«Ուր ձեռքս տարի, մարդու ոսկոր դուրս եկաւ: Ակնյայտ է, որ հասարակական զուգարանը, հանդերձարանն ու սրճարանը կառուցուած են գերեզմաններու վրայ: Ցաւ ապրեցայ, որ չկրցանք նոյնիսկ մեր մահացածներուն տէր կանգնիլ»,–ըսած է Փայլան լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն:
Պատգամաւորը նշած է նաեւ, որ ծնունդով վանեցի յայտնի հայ գեղանկարիչ Արշիլ Կորքիի թաղամասի մօտ գտնուող աղբիւրը, որ վերակառուցուած էր 2015-ին, նոյնպէս դադրած է գործելէ, իսկ քաղաքապետարանը հանած է Կորքիի մասին յիշատակող բացատրական պաստառը: