Լրահոս
COP29-ի հակառակ կողմը
Օրվա լրահոսը

Shadow Government, կամ՝ քատրային քաղաքականութեան ուղի մը

Օգոստոս 15,2018 17:34

Հայաստանի Հանրապետութեան «թաւշեայ յեղափոխութեան» հարիւր օրը անցաւ: Դեռ նորելուկ մանուկ է: Ակնկալիքները մեծ են. թերեւս այդ ակնկալիքներէն միքանին կամ շատերը՝ անիրատես:

Ես այդ մասին պիտի չգրեմ: Շատ բան կայ գրուելիք եւ ըսուելիք: Բայց, համոզուած եմ որ աւելի շատ պատճառներ կան լուռ մնալու:

Այդուհանդերձ, կացութեան դրական եւ բացասական զարգացումները այնքան բազմաբնոյթ եւ տարատեսակ են, որ մարդ կը մղուի գրելու փորձութեան, կացութիւնն ու ընթացքը ածականաւորելու, բնորոշելու, նկարագրելու եւ գնահատելու փորձութեան:

Սակայն երկու պատճառ կայ որուն բերմամբ պիտի չգրեմ կացութեան մասին: Մէկը՝ իմ սահմանափակ տեսածս, լսածս, կարդացածս ու գիտցածս է հայրենի պետականութեան ընթացքին ու վիճակին մասին: Երկրորդը՝ մտահոգութիւնս որ որեւէ խօսք, կարծիք կամ տեսակէտ կրնայ քաղաքականացուիլ եւ այս կամ այն ուղղութեան ջաղացքին ջուր հոսեցնել: Յստակօրէն պէտք է ըսեմ, որ գրութիւնս տեսական մտածումներու արդիւնք է եւ պէտք չէ յուշէ որեւէ տեսակի նոյնիսկ ստուերային ակնարկութիւն:

Եւ սակայն, չես ալ կրնար այսպէս թէ այնպէս անհաղորդ մնալ հայաստանեան զարգացումներուն եւ չարտայայտուիլ:

Ինծի համար, Հայաստանի Հանրապետութեան անցնող քսանհինգ տարիներու գլխաւոր մտասեւեռումներէն էին Արցախեան հիմնախնդիրը, Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութեանց աճն ու զարգացումը, բայց մանաւանդ այս երկուքին պետականակերտումը: Պիտի շեշտեմ պետականակերտումը՝  կայացումը իբրեւ լիարժէք պետութիւն(ներ). յարատեւող, իր(ենց) պայծառ ապագային հանդէպ ապահովութիւն, վստահութիւն, լաւատեսութիւն եւ հաւատք ներշնչող համակարգուած կառոյց-հաստատութիւն(ներ), էութիւն(ներ):

Այն համոզումին եմ, որ հայկական եւ հայութեան խնդիրներուն մեծագոյն մասի լուծման կարեւորագոյն գրաւականները երկու հատ են.- հայ մարդը եւ հայ պետականութիւնը:

Հայ մարդուն մասին պիտի չգրեմ: Հայութեան, հայկական ամէն ինչի հիմքն է Հայ Մարդը:

Հայ պետականութեան կ’ուզեմ անդրադառնալ: Ինծի համար հայ պետականութիւնը շարունակականութիւն կ’ենթադրէ (ուրիշ շատ բաներու կողքին): Այդ շարունակականութիւնը կը նշանակէ որ իշխանափոխութեան ատեն, կամ ինչ որ տագնապի, մեծ ցնցումի, պաշտօնափոխութեան ատեն երաշխաւորուած ըլլայ պետութեան եւ պետական գործառոյթներու լիարժէք եւ առաւել յաջող շարունակումը եւ չձգուի վտանգաւոր պատահականութեանց:

Այս շարունակումը կ’ենթադրէ առնուազն երկու բան. ա) ունենալ աշխատանքային պաշտօնէութեան համապատասխան ատակութեամբ անձնակազմ, որ նախարարի մեկնում-ժամանումէն, անոր կարճ կամ երկար բացակայութենէն, երկրի քաղաքական ընթացքի վերադասաւորումէն, ընկերային-պատերազմական-տնտեսական աղէտէ չազդուի, այլ շարունակէ գործել՝ business as usual տրամաբանութեամբ, կայունութիւն ապահովելով եւ երաշխաւորելով՝ պետութեան հանդէպ հարցադրումներ յառաջացնող կացութեան դիմաց:

Որեւէ երկրի պարագային ընտրութիւններու կամ այլապէս (պետական հարուած, զինուրական խունթա, թաւշեայ յեղափոխութիւն եւն.) յառաջացած իշխանափոխութեան հետեւանքով պետութեան որոշմնառու համակարգի անձնակազմն է որ կը փոխուի, հիմնականին մէջ՝ պետական կառոյցներու քաղաքական թեւի աւագանին կ’երթայ եւ տեղը նորը կու գայ:

Եւ քանի որ հարցը բարեփոխուած որակի շարունակումն է, ապա կարեւոր է ուշք դարձնել նոր եկողին վրայ: Հո՛ս է որ իր գլուխը կը ցցէ քատրային քաղաքականութիւն հասկացութիւնը:

Քատրային քաղաքականութիւնը մա՛նաւանդ հաստատութիւններու՛, կառոյցներու՛ պարտականութիւնն է. պետութեա՛ն, կուսակցութիւններու՛ն պարտականութիւնն է:

Պետութեան՝ այն իմաստով որ ան իր օրէնքներու համակարգին մէջ պէտք է երաշխաւորէ եւ քաջալերէ նոր ուժերու ներգրաւումը, պաշտօնէութեան մագլցումը՝ տարիներու փորձառութեան եւ անձնական ճիգի ու քաղաքական հակումներու չափորոշիչներով: Շատ հաւանաբար, պետութիւն այս առումով այլ ընելիքներ ալ ունի՝ տեսականօրէն եւ գործնապէս:

Իսկ կուսակցութիւնները, բոլո՛ր կուսակցութիւնները – եթէ իշխանութեան հասնելու ձգտում ունին (որ անոնց գոյութեան պատճառն է) – պարտին նո՛յնպէս իրենց շարքերը ներգրաւել ատակ ուժեր, եւ երաշխաւորել – ժողովրադավարական հիմունքներով – անոնց յառաջընթացը, վերելքը:

Կուսակցութեանց մէջ քատրեր մշակելու, զարգացնելու լաւագոյն եղանակ է ստուերային կառավարութիւնը: Այսինքն, երբ տուեալ կուսակցութիւնը ընտրութիւններու հետեւանքով կը դառնայ քաղաքական ընդդիմութիւն՝ իր կառոյցին մէջ յառաջացնէ գործադիր իշխանութեան համապատասխան ի՛ր կառավարութիւնը: Այսինքն, դահլիճի իւրաքանչիւր նախարարին եւ նախարարութեան գործունէութեան, քաղաքականութեան ի պաշտօնէ – իբրեւ ընդդիմադիր – նշանակէ իր դահլիճը: Այս (ընդդիմադիր) դահլիճի իւրաքանչիւր անդամ, ըստ իր ստանձնած թղթածրարին՝ կը դառնայ գործող կառավարութեան տուեալ նախարարի մը գործունէութեան մօտէն հետեւող անձը: Ընդդիմադիր «նախարարին» քաղաքական պարտականութիւնն է քննականօրէն եւ արհեստավարժօրէն հետեւիլ գործող նախարարին գործունէութեան, արժեւորել այդ քաղաքականութիւնը, միաժամանակ մշակելով իր՝ ընդդիմադիր կուսակցութեան տուեալ նախարարութեան այլընտրանքային քաղաքականութիւնը:

Քատրային քաղաքականութեան արդիւնաւորման նպաստող աշխատանքի կարեւոր դաշտ մըն է ասիկա, որ կ’երաշխաւորէ – ի միջի այլոց – թէ՛ ատակ ուժերու մշակում-յառաջացում-առկայութիւնը, թէ՛ փորձառու եւ քաջատեղեակ փոխարինողի գոյութիւնը եւ զերծ կը պահէ թափուրութենէ, պատասխանատութեան կը դնէ նիւթին եւ նախարարական տուեալ թղթածրարին համապատասխան պատրաստուածութեամբ (գիտելիք-ուսումնական, տեսական եւ փորձառական առումներով) անձ, կ’ապահովէ եւ կ’երաշխաւորէ առողջ շարունակումը պետական մեքենային գոյատեւման՝ ժողովրդավարական հիմունքներով:

ԴՈԿՏ. ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՏԱԳԷՍԵԱՆ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Օգոստոս 2018
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուլ   Սեպ »
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031