Լրահոս
COP29-ի հակառակ կողմը
Օրվա լրահոսը

«Կը կարծէք, թէ յեղափոխութիւնը արդէն աւարտա՞ծ է: Կը կարծեմ՝ ոչ»

Օգոստոս 15,2018 16:47

Լիբանանի «Զարթօնք» Օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան կը գրէ.

Հայաստան բնակող մեր հայրենակիցներէն, թէ համացանցի վրայի վերջին օրերու գրառումներէն կ՛եզրակացնեմ, որ այնտեղ օրերս կայ ընդհանուր խնդիր մը. Երթա՞լ Օգոստոս 17ի հանրահաւաքին, թէ չերթալ…:

Անշուշտ ՀՀ տարածքին բնակող իւրաքանչիւր քաղաքացի եւ այնտեղ կեցութիւն ունեցող հայորդի ինքը պիտի որոշէ, թէ այդ օր ի՞նչ պիտի ընէ բայց, կը կարծեմ, մինչ այդ այս հարցին շուրջ կ՛արժէ մեր ընթերցողներուն հետ զրուցել:

Իրապէս կը կարծե՞ս սիրելի ընթերցող, թէ հրապարակ հաւաքուած մարդոց միջոցով վարչապետ Փաշինեանը «նամակներ» պիտի ուղարկէ Ռուսիա, թէ լեցուն հրապարակը տեսնելով՝ նախագահ Փութինը պիտի նեղուի կամ զգաստանայ: Անձամբ ես աւելի լաւ կարծիք ունիմ մեր իշխանութիւններուն մասին: Ինծի կը թուի, թէ իրենք այնքան միամիտ ու այնքան իրականութենէ զուրկ չեն: Իրենք լաւ գիտեն, թէ նախագահ Փութին այնքան ալ հետաքրքրուած չէ, թէ քանի մարդ պիտի երթայ, թէ որքան ժողովրդականութիւն ու սէր կը վայելէ Փաշինեանը, թէ որքան ժողովրդավար ու օրէնքի երկիր է Հայաստանը:

Կը կարծէք, թէ յեղափոխութիւնը արդէն աւարտա՞ծ է: Կը կարծեմ՝ ոչ: Ռոպերթ Քոչարեանի կալանաւորումը ինչ, որ չափով միաւորեց հակայեղափոխական տարբեր ուժերը, մինչ անոր ազատ արձակումը յուսախափ ըրաւ յեղափոխականներէն շատեր: Երկու պարագաներն ալ կարծեմ, կը հասկնաս սիրելի ընթերցող, թէ ի միջի այլոց ի՛նչ լուրջ գլխացաւանք կրնան դառնալ նոր իշխանութեան համար:

Մարդոց հրապարակ կանչելով՝ վարչապետ Փաշինեան բնականաբար կը փորձէ ցոյց տալ, որ ինչպէս անցեալին, ժողովուրդը այսօր ալ իր կողքին է: Սակայն ես կը կարծեմ, որ այս անգամ (որքան ալ մեծ կամ համեմատաբար փոքր ըլլայ մասնակիցներուն թիւը) եւ նմանօրինակ հաւաքներ կրկնուելու պարագային անոնք կրնան լրջօրէն պառակտել հասարակութիւնը:

Ի վերջոյ, գրեթէ վստահ եմ, որ Օգոստոս 17ին կը դրուի նաեւ Երեւանի քաղաքապետի ընտրութիւններու ընտրարշաւի սկիզբը եւ ճամբայ կը հանէ խորհրդարանական ընտրապայքարը: Ամէն պարագայի դարձեալ հաճելի չէ մարդոց ուրիշ պատրուակով հաւաքել հրապարակ, յետոյ զայն այլ նպատակի ծառայեցնել…:

Մտահոգութիւններս շատ են, որոնք կրնան նաեւ Թէական դուիլ սակայն կը կարծեմ, թէ կան Էական հարցադրումներ, որ իւրաքանչիւր ՀՀ քաղաքացի պէտք է ընէ Նիկոլ Փաշինեանի վարչապետութեան 100 օրուան ընդառաջ.

  1. Ի՞նչ տնտեսական ցուցանիշներ գրանցուած են Նիկոլ Փաշինեանի վարչապետ ընտրուելէն ետք: Միջին ու փոքր ձեռնարկութիւնները շահա՞ծ են, թէ տուժած: Գնա՞ճ եղած է, թէ գնանկում:
  2. Արտաքին քաղաքականութեան ոլորտին մէջ քաղաքական ի՞նչ շաւիղ վերցուցած ենք, կամ ընդհանրապէս վերցուցա՞ծ ենք, թէ ոչ: Յստակութիւն կա՞յ այստեղ, թէ ոչ:
  3. Ներպետական կնճռոտ հարցերուն ինչպիսի՞ լուծումներ գտնուած են: Օրինակի համար, Ամուլ սարի խնդրայարոյց հարցին մէջ ի՞նչ դիրքորոշում որդեգրած է կառավարութիւնը: Հետագային նմանատիպ կնճռոտ հարցերու պարագայի՞ն ալ կառավարութիւնը այսպիսի լուծումներ պիտի տայ, աւելի ճիշդը՝ որեւէ լուծում չտայ:
  4. Իրաւական պետութիւնը երթալով կը կայանա՞յ, թէ հակառակը:
  5. ՀՀ սահմաններուն անվտանգութիւնը բարձրացա՞ծ է, թէ հակառակը:

Վստահ եմ, որ ՀՀ իւրաքանչիւր բնակիչ քաղաքացի իր մէջ ունի այս հարցերուն պատասխանները: Կը մնայ, որ ազգովին յենելով տրամաբանութեան եւ ո՛չ զգացականութեան վրայ այլեւս, ընենք համապատասխան հետեւութիւնները:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Օգոստոս 2018
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուլ   Սեպ »
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031