Լրահոս
COP29-ի հակառակ կողմը
Օրվա լրահոսը

100 օրերու պայմանական այս շրջանը բաւարար չէ լիարժէք վկայական մը տալու նոր իշխանութեան, որ Մայիսէն ի վեր իրագործեց ահագին դրական քայլեր. «Ասպարեզ»

Օգոստոս 15,2018 11:18

Այս օրերուն, Հայաստանի նոր իշխանութիւնը կը կտրէ հոգեբանական հանգրուան մը. Նիկոլ Փաշինեանի հռչակած «Թաւշեայ Յեղափոխութեամբ» կազմաւորուած նոր իշխանութիւնը – որ լոկ կառավարական փոփոխութիւն չէր, այլ բառին լայն իմաստով իշխանափոխութիւն՝ խաղաղ յեղաշրջումի միջոցով – կը բոլորէ առաջին 100 օրերու շրջանը, որ, ըստ քաղաքական աշխարհի աւանդութիւններուն, բաւարար ժամանակ կը նկատուի նորեկին բռնած ուղղութիւնն ու ծրագիրները կշռադատելու համար։ Սա պայմանական ժամանակաշրջան մըն է, անշուշտ, հետեւաբար, նոր իշխանութեան մը նկարագիրին յստակացման համար, երբեմն պէտք չ՛ըլլար այդքան սպասել, կամ ալ անհրաժեշտ կ՛ըլլայ աւելի երկար սպասել։

Բոլոր եղելոյթները ցոյց կու տան, որ 100 օրերու պայմանական այս շրջանը բաւարար չէ լիարժէք վկայական մը տալու նոր իշխանութեան, որ Մայիսէն ի վեր իրագործեց ահագին դրական քայլեր, ստեղծեց յոյսի մթնոլորտ, ուրախութիւն տարածեց ժողովուրդին մէջ, սակայն նաեւ պէտք է անդրադառնալ, որ ստեղծուած փոթորիկէն բարձրացած փոշին պէտք է «նստի», ժողովուրդի զգացումներու հրահրումով (populism) ու անոր ալիքներուն վրայ ստեղծուած՝ զգացականութեան փուլը պէտք է մեր ետին թողունք, որպէսզի տեսնենք, թէ ինչպիսի՛ մեծ հարցականներ կը կանգնին իշխանութեան, ու անոր հետ՝ մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին դիմաց։ Վարչապետ Փաշինեանի հրաւիրած հանրահաւաքը՝ 100 օրերու լրումին առիթով, 17 Օգոստոսին, վստահաբար ընդհանուր պատկեր մը պիտի պարզէ առաւելաբար դրական իրագործումներուն մասին։

***

Առաջին ակնարկով, անվիճելի է, որ Հայաստանի մէջ ստեղծուած է դրական զարգացումի երթ մը, արձանագրուած են շօշափելի քայլեր, որոնք բարիք կը բերեն, կամ՝ կը խոստանան երկրին ու ժողովուրդին, յոյսով կը համակեն նաեւ սփիւռքեան գաղութները։ Բարիին սպասումի ԶԳԱՑՈՒՄը տիրապետող է ամէն տեղ, հիմնուելով ընդհանրապէս խաղաղօրէն իրականացող քայլերուն վրայ։

Եթէ պահ մը ետքայլ ընենք եւ վերադառնանք իշխանափոխութիւնը կանխող օրերուն, ա՛յն օրերուն, երբ Փաշինեան «Իմ քայլը» նշանախօսքով ճամբայ հանեց իր շարժումը եւ հասաւ Երեւանի փողոցները ցուցարարներով ողողելու փուլին, պիտի յիշենք, որ յեղաշրջական գործողութիւնները ընթացան գրեթէ անարիւն եւ առանց բիրտ ուժի գործածութեան։ (Արդէն մոռցուած են իսկապէս մանր միջադէպերը, կամ՝ որոշ հաստատութիւններէ ներս բռնի ուժով մուտք գործելու Փաշինեանի ու ընկերակիցներուն արարքները՝ ուսանողներ ցոյցին միացնելու նպատակով)։ Անարիւն յեղաշրջումին մէջ պէտք չէ բոլորովին անտեսել այսօր արդէն ընդդիմադիր դարձած եւ փլուզումի վիճակ պարզող՝ նախորդ իշխանաւորներուն «կրաւորական» դերակատարութիւնը, որովհետեւ հակաշարժում մը, եթէ փորձուէր, անկախ յաջողելու-ձախողելու հաւանականութիւններէն, կրնար ծանր հետեւանքներ ու հետքեր ունենալ։ Աչքի առջեւ ունինք աշխարհի մօտակայ կամ հեռաւոր երկիրներու մէջ, ընտրութեանց ճամբով կամ ուժի գործածութեամբ, իշխանափոխութեան բազմաթիւ օրինակները։ Մեր հայրենիքն ալ նման դառն փորձառութիւններ ապրած է անցեալ տասնամեակներուն։

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Նյութի մանրամասները կարդացեք «Ասպարեզ»ի  կայքում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Օգոստոս 2018
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուլ   Սեպ »
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031