Ռուսաստանի վերաբերմամբ, պատմականօրէն գոյութիւն ունեցած են (եւ ունի՛ն) երկու հակադիր կարծրատիպային (stereotypical) մտայնութիւններ՝ հայ քաղաքական կեանքի ֆոլքլորին մէջ:
Առաջինը, որ կ՛ըսէ, թէ կարելի չէ որեւէ ձեւով Ռուսաստանին հակադրուիլ կամ նոյնիսկ հակաճառել անոր… քանի որ անկէ կախուած է մեր գոյութիւնը այբէն մինչեւ ֆէ: Ռուբէն Տէր Մինասեան (Ռուբէն Դարբինեանի վկայութեամբ) համոզուած էր, որ մեր ժողովուրդը չէ «սորված» կռուիլ ռուսին դէմ: Սորված է կռուիլ թուրքի՛ն դէմ… Ուշագրա՛ւ դիտարկում:
Երկրորդը, որ կ՛ըսէ, թէ կարելի է ամէնէն փողոցային արտայայտութիւններով անուանարկել Ռուսաստանն ու ռուսը, միաժամանակ ապաւինելով հայ-ռուսական համագործակցութեան խարիսխին՝ հնարաւոր դարձնելու համար մեր պետականութեան լինելիութիւնը:
Այս երկու մտայնութիւնները կը թուին խորապէս արմատացած ըլլալ՝ անհնարին դարձնելով որեւէ առարկայական քննարկում: Անշուշտ կայ նաեւ վերջին կարծրատիպը, որով դուռը վերջնականօրէն կը փակուի մեր առջեւ, քանի որ մենք՝ Սփիւռքէն խօսողներս, մեր կաշիին վրայ չենք զգացած «ռուս»ին ներկայութիւնը:
Ըստ իս, կարեւոր է, որ այս հարցը դրուի համակողմանի քննարկման, քանի որ մենք բոլորով պարտական ենք մեր երկրի ապագային համար: Նժարին վրայ՝ մեր բոլորին զաւակներն են, որոնք վաղը պիտի դիմագրաւեն «ռուս»ին ներկայութիւնը, երբ մենք այլեւս չկանք:
Ես համոզուած եմ, որ երկու մտայնութիւններն ալ դարբնուած են պատմական դառն փորձառութիւններու բովին մէջ, զորս ոչ ոք իրաւունք ունի ստորագնահատելու: Բայց նաեւ թող ներուի ինծի ըսել, որ երկուքն ալ կը բխին քաղաքական անգրագիտութենէ, զոր ազգովին յաղթահարելու խնդիր ունինք մենք այսօր: Աւելի՛ն. անոնք կը բխին ինքնավստահութեան պակասէ եւ խուճապային հոգեբանութենէ, որոնք միշտ ալ եղած են վատ յուշարարներ:
Մենք պէտք ունինք երրորդ մտայնութեան, որ այսուհետեւ պէտք է հիմ հանդիսանայ մեր քաղաքական վարքագծին: Ներկայի երկուքը կը մատնեն այն վախը, թէ մենք ի վիճակի չենք կառավարելու (manage) այս շատ կենսական յարաբերութիւնը: Իրականութիւնը այն է, որ այս յարաբերութիւնը կառավարելի է (եւ կառավարուա՛ծ), քանի որ ոչ մէկ մեծապետութիւն – եւ յատկապէս Ռուսաստա՛նը – չէ այն անսասանելի ճիւաղը, զոր կը կառուցենք մեր մտքերուն մէջ: Ռուսաստան եւս կ՛ապրի իր ռազմավարական կարիքներով, տկարութիւններով եւ վախերով: Եւ այս ոլորտը նաեւ մեր քաղաքական գործադաշտն է, ուր մենք պիտի կարենանք գործել ամէնէն փայլուն հանճարով եւ հեռահաս ռազմավարական գործընկերոջ նախատեսութեանբ… եւ առանց անհարկի հակազդեցութիւններու: Այս գործադաշտէն փախուստ չկա՛յ: Ան մեր «տուն»ն է եւ մեր «խոհանոց»ը: Եւ մենք վերջապէս պիտի անվերապահօրէն յարինք այն վարդապետութեան, որ ոչինչ – բացաձակապէս ոչի՛նչ – դուրս կը գտնուի մեր կարելիութեան սահմաններէն:
ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» օրաթերթի այսօրվա համարում