Լրատուամիջոցները, իրենց յատուկ գործելաոճով, զգայացունց լուրեր կը տարածեն, խուզարկութիւններու եւ ձերբակալութիւններու ալիքը ցոյց տալով կը ջանան յագեցնել բնական, բայց տգեղ հանրային ծառաւ մը: Իշխանութիւններն ալ կը թուին այս քարոզչութեամբ շահագրգրուած ըլլալ, հաւանաբար արդարութիւնը վերահաստատուած ցոյց տալու աճապարանքով մը: Անշո՛ւշտ որ վտանգ կայ այսպիսի քարոզչական քաղաքականութեան մը մէջ, որովհետեւ որքա՛ն ալ կարեւոր ըլլան արդարութիւն հարթող ձերբակալութիւնները, անոնք հոգեբանականօրէն բացասական լիցք կը սրսկեն հանրութեան մէջ: Բան մը, որմէ առատութեամբ ունեցած ենք մեր իրականութեան մէջ վերջին տարիներուն: Ձերբակալութիւնները անհրաժեշտ են արդարութիւն վերականգնելու համար, սակայն նոր իշխանութիւնները շուտով պէտք է անցում կատարեն դէպի աւելի դրական ոգի արդող ձեռքբերումներու տարածք. բան մը, որ նաեւ աւելի համահունչ պիտի ըլլայ Շարժման իսկ դաւանած պայծառատեսութեան պատգամին:
Կը յիշենք բոլորս, թէ ինչպէ՛ս նախկին իշխող շրջանակներուն մօտ կար այն համոզումը եւ մնայուն մտահոգութիւնը, թէ Հայաստանի մէջ կատարուածին գծով միայն վատը տեսնելով ու միայն վատի մասին գրելով ու խօսելով՝ քննադատներն ու ընդդիմադիրները գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար գետին կը ստեղծեն յուսալքութեան, ինչ որ իր կարգին օտարումի եւ արտագաղթի տեղիք կու տայ: Կը յիշենք, թէ ինչպէ՛ս վատ իրավիճակը բարեփոխելու փոխարէն՝ վատը մատնացոյց ընողներուն թշնամի հռչակելու եւ լռեցնելու օրակարգ առաջ դրուած էր:
Այսօր, կարծէք դերակատարները եւ դերերը շրջուած են: Երկամսեայ կեանք ունեցող, տակաւին իր սկզբնական խարխափումներուն շրջանը չբոլորած իշխանութիւններուն իւրաքանչիւր դժուարութեան կամ նուազագոյն սայթաքումին մէջ, նախկիններն ու անոնց համակիրները, գալիք օրերու մեծ պատուհասներու նախանշաններ կը տեսնեն, եւ անոնց մասին կը խօսին ու կը խօսին: Կառավարական պաշտօնեայի նուազագոյն բացթողումը՝ երկիր, ազգ, մշակոյթ քանդելու ծրագիրի մը սկիզբ կը նկատուի: Մտահոգ եմ, որ նորերուն անկեղծ եւ երբեմն ալ միամիտ ճիգերը խորամանկ շահագործումներու ենթարկուին, եւ նոր կառավարութիւնը հազիւ իր առաջին քայլերը նետած՝ ներքաշուի հեղձուցիչ դժուարութիւններու մէջ:
Սակայն, եթէ ժողովրդավարութիւնը պիտի ընդունինք իբրեւ էական արժէք, ուրեմն ամէն խելօք, անխելք թէ սադրիչ խօսք, գոյութեան նոյն իրաւունքը պիտի ունենայ: Համաձայն եմ, պէտք է համբերել նոր ճիգերու արդիւնքները տեսնելու համար. բայց նաեւ պէտք է համբերատար ըլլալ անոնց պարագային, որոնք յատուկ եւ թէկուզ դաւադիր նպատակներով որոշած են համբերութիւն չցուցաբերել: Ա՛յս է գինը ժողովրդավարութեան:
Իրականութեան մէջ, ձեռքբերումներու էջերը իշխանութիւնները իրե՛նք պէտք է գրեն, իրենց ըրածով ու ընելիքով: Եթէ յաջողին իրենց խօսքը արագ կերպով գործի վերածել, ապա քննադատութիւնները անհեթեթութեան կը վերածուին եւ յօդս կը ցնդին: Ես կասկած չունիմ որ այդպէս ալ պիտի ըլլայ, որովհետեւ կը նկատեմ ճիգը, աշխատասիրութիւնը, սորվելու պատրաստակամութիւնը, թէկուզ երբեմն՝ անտեղի ինքնավստահութեամբ: Սակայն եթէ փոփոխութիւններու արդիւնքները ուշանան կամ ձախողին, ժողովուրդն ու ապագան անզիջող եւ անխնայ պիտի ըլլան:
Նիկոլն ու իր գործակիցները իրե՛նք են, որ իրենց երթը իբրեւ «յեղափոխութիւն» մկրտեցին: Լա՛ւ ըրին, եւ մենք ալ ընդունեցինք զայն իբրեւ այդպիսին ու միացանք երթին: Բայց թէ՛ Նիկոլը, թէ՛ բոլորս մեր խօսքին տէրը կանգնելու մարտահրաւէրին առջեւ ենք այսօր:
ՎԻԳԷՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» օրաթերթի այսօրվա համարում