Երկուշաբթի, 30 Յուլիս 2018-ին, ՍԱՆԱ-ի թղթակիցը հաղորդեց, որ Հալէպի հարաւ արեւմտեան ծայրամասին մէջ հաստատուած զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ հրթիռներ արձակած են Հալէպի Համտանիէ շրջանին եւ 3000 բնակարանային համալիրին ուղղութեամբ: Արձանագրուած է երկու զոհ, վեց վիրաւոր:
Թղթակիցը աւելցուց, որ սուրիական բանակը հակադարձելով կրակ բացաւ հրթիռներուն արձակման կեդրոններուն ուղղութեամբ՝քանդելով ահաբեկչական խմբաւորումներուն թաքստոցները: