Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Ըսէ՛ք «ԱՅՈ», պարոն վարչապետ. «Ասպարեզ»

Հուլիս 28,2018 11:11

«Ասպարեզ». «Համաչափ» եզրոյթի գործածութիւնը թէ՛ նախորդ իշխանութեան օրով եւ թէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի բառապաշարին մէջ անխուսափելիօրէն տեղի կու տայ շփոթի եւ սխալ մեկնաբանութիւններու՝ ոչ միայն մեր ներքին դաշտի քննարկումներուն մէջ, այլեւ մեր պետական դիւանագիտութեան:

Նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեան քանի մը առիթներով հրապարակաւ սպառնացած էր Բաքուի իշխանութիւններուն՝ «հաւաստիք» տալով, որ հայկական կողմի պատասխանը «յաջորդ» ատրպէյճանական նախայարձակման ըլլալու էր «անհամաչափ»… Բայց այդ օրը իսկապէս չտեսանք եւ յանկարծ մենք զմեզ գտանք Քառօրեայ պատերազմի իրականութեան առջեւ, եւ՝ առանց համապատասխան պատրաստականութեան (preparedness):

Այսօր, վարչապետ Փաշինեանը, իր կարգին, կ՛ապաւինի նոյն վերոյիշեալ եզրոյթին՝ արտաքին աշխարհին առջեւ մեր քաղաքականութիւնը յստակացնելու յստակ միտումով: Ան կը պնդէ, որ հայկական կողմի արձագանգը Ատրպէյճանի կողմէ որեւէ խաղաղասիրական եւ անկեղծ կամարտայայտութեան ըլլալու է «համաչափ»… Նոյն ձեւով ատրպէյճանական որեւէ նախայարձակման դիմաց հայկական կողմի հակադարձութիւնը ըլլալու է… «համաչափ»:

Նորէն նոյն թակարդին մէջ կը գտնուինք եւ պարզ է, թէ ո՛ւր թաղուած է այսօր առասպելական շան գլուխը… Մեղաւորը լեզուն չէ: Մեղաւորը այն ռազմավարութիւնն է, որ Սերժ Սարգսեանի վարչակարգին կողմէ ի գործ դրուեցաւ մէկ ամբողջ տասնամեակ եւ որ ինք, իր կարգին, զայն փոխ առած էր նախագահ Քոչարեանէն եւ որ այժմ կը թուի յաջողապէս փոխանցուած ըլլալ մերօրեայ իշխանութեան: Կարեւոր չէ, թէ քանի անգամ եւ քանի ձեւով Ատրպէյճանը կ՛ոտնակոխէ զինադադարի պայմանագիրը եւ զոհեր կը խլէ մեր բանակի շարքերէն, մենք կը շարունակենք պնդել, որ մեր ռազմավարութիւնը պաշտպանողական է… Որմէ ինքնաբերաբար կը հետեւի նաեւ այն, որ մենք ի վիճակի չենք «համաչափօրէն» վարելու մեր գործը: «Համաչափօրէն հակադարձելու» գաղափարը ինքնին հականշային (oxymoron) տիպ է, եթէ մենք շարունակենք հաւատարիմ մնալ պաշտպանողական ռազմավարութեան գաղափարին եւ մեր ձեռքերը ի յառաջագունէ կապելուած պահել:

Ատրպէյճանական որեւէ ոտնձգութեան պարագային, մեր պատասխանը սկզբունքով պէտք է ըլլայ «անհամաչափ», որպէսզի ըլլայ «համաչափ», որմէ եւ կը հետեւի, որ պաշտպանողական ռազմավարութեան գաղափարը պէտք է հրապարակաւ սնանկ հռչակել: Երբ թշնամի կողմը բացայայտօրէն կը յայտարարէ, որ ինք պատերազմի մէջ է մեզի դէմ եւ իր նպատակն է յափշտակել մեր հայրենիքը ու բնաջնջել մեր ժողովուրդը, ան արդէն յստակացուցած է չափը իր ընելիքին: Այս պայմաններուն մէջ, «համաչափութեան» թեման արդէն վաղուց սպառած է ինքզինք:

Կասկած չկայ, որ թշնամի կողմը կը պատրաստուի նոր արկածախնդրութեան: Միայն ժամանակի խնդիր է: Այդ մարտահրաւէրին մենք պիտի շարունակենք պատրաստ ըլլալ եւ մեր դիւանագիտութիւնն ալ պիտի գործէ նոյն օրակարգով: Իսկ ի՞նչ կը նշանակէ պատրաստ ըլլալ… Այսօր նախարար Տօնոյեանը պատգամ կը յղէր թշնամիին եւ միջազգային հանրութեան (ենթադրաբար, առաջին հերթին՝ Մոսկուային), որ որեւէ թշնամի արկածախնդրութեան պարագային հայկական կողմը կրնայ իր յատուկ զինատեսակները գործածելու «գայթակղութեան» մէջ գտնուիլ… Արդեօք կը խօսինք պաշտպանողական ռազմավարութիւնը վերջապէս թաղելո՞ւ մասին: Արդեօք եկած է օրը իրապա՞շտ քաղաքականութեան: Արդեօք եկա՞ծ է օրը այն քաղաքականութեան, որ իր մէջ պիտի ընդգրկէ ամբողջութիւնը մեր ազգային կարողականութիւններուն… Արդեօք արդէն ուժի մէ՞ջ է բազմամակարդակ մեր ռազմավարութիւնը, որ պիտի ըլլայ մեր յաղթանակի ռազմավարութիւնը (winning strategy):

Ըսէ՛ք «ԱՅՈ», պր. վարչապետ:

Յուլիս 25, 2018

Ուաշինկթըն

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հուլիս 2018
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուն   Օգո »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031