Լրահոս
ՄԻՊ-ն էլ տեղյա՞կ չէ
Օրվա լրահոսը

ՍԴՀԿ Դուրս Կու Գայ Ամերիկայի «Հայաստան» Հիմնադրամի Հոգաբարձուներու Խորհուրդի Կազմէն

Հուլիս 09,2018 10:53
sdhk

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմինը Կը յայտարարէ որ, դուրս եկած է «Հայաստան» Հիմնադրամի Ամերիկայի Հոգաբարձութեան Խորհուրդի կազմէն, իր անվստահութիւնը յայտնելով Լոս Անճելըսի մէջ գործող Հիմնադրամի գրասենեակի գործունէութեան նկատմամբ:

Վերջին տասնամեակին Խորհուրդին մաս կազմող եկեղեցական, կուսակցական եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները ամբողջութեամբ անտեսուած են ու բոլոր որոշումները եւ նիւթական գործառնութիւնները կեդրոնացած են Հիմնադրամի տնօրէն Արա Վարդանեանի կողմէ նշանակուած եւ իր կողմէ ղեկավարուող՝ Լոս Անճելըսի գրասենեակի անձնակազմին մօտ: Խորհուրդի կազմէն խլուած է վերահսկողութիւն հաստատելու իրաւունքը եւ այդ մարմինի գոյութիւնը դարձած է ձեւական:

Անցեալին, մեր բոլոր բողոքները մնացած էին անհետեւանք եւ յոյս ունէինք որ, Հայաստանի նոր իշխանութիւններու օրօք Լոս Անճելըսի գրասենեակը կը փոխէ իր գործելաոճը ու կը հետեւի Ամերիկեան օրէնքներով հաստատուած կանոնադրութեան պահանջներուն: Սակայն, անցած շաբաթ Արա Վարդանեանի աղմկայարոյց ձերբակալութենէն ետք, ի յայտ եկաւ որ, նոյնիսկ բանտի պատերու ետեւէն ան կը շարունակէ ղեկավարել Լոս Անճելըսի գրասենեակը:

Յուլիս 6-ին նախատեսուած էր Խորհուրդի նիստ՝ հանդէս գալու համար Արա Վարդանեանի չարաշահումները դատապարտող յայտարարութեամբ: Սակայն, նիստէն ժամեր առաջ Հիմնադրամի Լոս Անճելըսի գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը՝ ուղղուած Ամերիկահայութեան, մեղմացնելով Վարդանեանի արարքները ու փորձելով համոզել հանրութիւնը, որ իրենց նուիրաբերած գումարներու կորուստ արձանագրուած չէ, այդպիսով կանխելով տակաւին ընթացքի մէջ գտնուող դատական գործի եզրակացութիւնը:

Գրաւի դիմաց բանտէն ազատ արձակուելէն անմիջապէս ետք, Արա Վարդանեանի վերադարձը իր պաշտօնին ոչ միայն անբարոյականութեան դրսեւորում էր այլ նաեւ անարգանք ամբողջ հայութեան:

Այս կացութեան դիմաց Հնչակեան կուսակցութիւնը կ՛առկախէ իր մասնակցութիւնը Ամերիկայի Հոգաբարձուներու Խորհուրդի կազմին ու այսուհետեւ ոչ մէկ պատասխանատուութիւն կը կրէ անոր յետագայ գործունէութեան համար:

Մենք կը հաւատանք «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի նպատակներուն եւ առաքելութեան, մեծապէս կը գնահատենք անկեղծ ու հայրենասէր՝ մեծ ու փոքր բարերարներու նուիրատուութիւններուն շնորհիւ կատարուած աշխատանքները՝ Արցախի ու Հայաստանի մէջ, եւ կը յուսանք որ մեր այս քայլով, որոշ չափով կը նպաստենք «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի առողջացման, նիւթական միջոցներու արդիւնաւէտ օգտագործման, մսխումներու վերացման ու ժողովուրդի վստահութիւնը վերականգնելու գործընթացքին:

ՍԴՀԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմին
Լոս Անճելըս
Յուլիս 9, 2018

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հուլիս 2018
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուն   Օգո »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031