Չորեքշաբթի, 4 Յուլիս 2018-ին, Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան բանբերը ՍԱՆԱ-ին յայտնեց, որ սուրիական բանակին արձանագրած յաղթանակներուն եւ Սուրիոյ զանազան շրջաններու ազատագրումին լոյսին տակ, սուրիական պետութիւնը կոչ կ՛ուղղէ ահաբեկչական յարձակումներուն հետեւանքով երկիրը լքած իր քաղաքացիներուն վերադառնալու հայրենիք:
Ըստ «Գանձասար»-ի՝ աղբիւրը աւելցուց. «Սուրիոյ կառավարութիւնը կը շեշտէ, որ պատասխանատու է իր քաղաքացիներուն, անոնց ապահովութեան, արժանապատիւ կեանքի ապահովման համար, ուստի ամէն ջանք պիտի թափէ այս շրջագիծին մէջ քաղաքացիներուն բոլոր կարիքներուն ապահովման, անհրաժեշտ ենթակառոյցներու, դպրոցներու, հիւանդանոցներու վերականգնումին համար: Կառավարութիւնը միաժամանակ մարդասիրական կազմակերպութիւններէն ու միջազգային ընտանիքէն կը պահանջէ պատասխանատուութիւն կրել այս առումով՝ Սուրիոյ քաղաքացիներուն կամաւոր վերադարձի անհրաժեշտ պայմանները ստեղծելու համար»: Աղբիւրը եզրափակելով ըսաւ. «Սուրիոյ կառավարութիւնն ու ժողովուրդը համագործակցաբար պիտի թօթափեն ահաբեկչական պատերազմին հետքերը, ու պիտի վերականգնեն երկիրը Սուրիա ապրող, կամ պարտադրաբար երկրէն մեկնած Սուրիոյ քաղաքացիներուն ջանքերով ու ձեռքերով»: