Նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի եղբայրը «բերման ենթարկուած է»… զէնք կրելու յանցանքով: Այս «բերման ենթարկում»ը կարծես սոսկ աղմուկ հանելու նպատակին կը ծառայէ, օրուան պահանջ մը լրացնելու համար: Ալեքսանդր (Սաշիկ) Սարգսեանի «բերման ենթարկում»ը եթէ տնտեսական ու քրէական մեծ յանցագործութեանց հետ առնչուած չէ՝ իսկապէս անիմաստ կարգադրութիւն մըն է:
Ուաշդիր ըլլանք անիրականանալի խոստումներ տալէ: Խօսքը սփիւռքահայերուս կը վերաբերի: Հայաստանի նոր կառավարութեան անդամներուն հետ հանդիպելու կամ հրապարակագրական արտայայտութեանց մէջ մենք պէտք է զուսպ ըլլանք ու խուսափինք անիրականանալի խոստումներ տալէ: Կառավարութեան աջակցելու անկեղծ տրամադրութիւնը, պատասխանատուութիւններ ստանձնելու պատրաստակամութիւնը պէտք չէ խառնել երեւակայական ծրագիրներ իրականացնելու խոստումին հետ: Մեզմէ ակնկալուածը նոր ղեկավարները խանդավառելը չէ, այլ՝ անոնց իսկական, շօշափելի քայլերով օժանդակելը: Թէ՛ հայրենադարձութեան տրամադրութիւններու եւ թէ մեծ ներդրումներու պարագային, այնքան նախապատրաստական աշխատանքի կարիք կայ, որ մեր յանձնառութիւնները միայն կրնան այդ գետնի վրայ իմաստաւորուիլ:
Նյութի մանրամասները կարդացեք «Ասպարեզ»–ի կայքում