ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինոյի նախաձեռնութեամբ, նահանգային Ծերակոյտի Ամավարկի յանձնախումբը 23 Մայիսին վաւերացուցած էր իր կողմէ առաջադրուած հայանպաստ շարք մը առաջարկներ։
Փորթանթինոյի գրասենեակը19 Յունիսին տեղեկացուց, թէ այդ առաջարկներէն երկուքը ներառնուած են Քալիֆորնիոյ նահանգային յաջորդ ամավարկին մէջ։ Անոնք են՝
– Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի քալիֆորնիացի 6 շրջանաւարտներու համար ամբողջական կրթանպաստներ (մօտաւորապէս 190,000 տոլար), յաճախելու համար Իրաւաբանական «Հէյսթինկզ» համալսարանը.
– 500,000 տոլար՝ Քալիֆորնիոյ հանրային վարժարաններուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդման ուղեցոյցներ պատրաստելու նախաձեռնութեան։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան դրուատեց Փորթանթինոյի այս նախաձեռնութիւնը՝ յոյժ կարեւոր համարելով յատկապէս Քալիֆորնիոյ պետական վարժարաններուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդման համար հարկաւոր գործիքներ պատրաստելու ջանքերուն յատկացուելիք գումարը, միաժամանակ յիշեցնելով, որ Ցեղասպանութեան դասաւանդման ջանքերը Հայ Դատի առաջնահերթութիւններէն մէկը եղած է երկար տարիներով:
Նյութի մանրամասները կարդացեք «Ասպարեզ»–ի կայքում