Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Զապէլ Եսայեանի «Շնորհքով մարդիկ – Հլուները եւ ըմբոստները»

Հունիս 18,2018 12:00

«Արաս» հրատարակչատունը կը շարունակէ գրականութեան մասնագէտներուն ու ընթերցողներու ուշադրութեան յանձնել Ի դարու արեւմտահայ գրականութեան տիրական դէմքերէն Զապէլ Եսայեանի ստեղծագործութիւնները։ Եսայեանի անդրանիկ՝ «Սպասման սրահին մէջ» վէպը առաջին անգամ առանձին հատորով մը տպելէ ետք, «Արաս» այժմ ալ հատորով մը կը ներկայացնէ «Շնորհքով մարդիկ» ու «Հլուները եւ ըմբոստները» վէպերը։

Առաջինը՝ «Շնորհքով մարդիկ»-ը, տպուած է Պոլիս, 1907-ին, «Սագաեան» տպարանէն, որպէս «Նշան Պապիկեան» մատենադարանի հրատարակութիւնը։ Վէպը կը պատմէ անցեալին ամիրայական վերնախաւին պատկանող պոլսեցի ընտանիքի մը մութին մնացած պատմութիւնը, անոր գաղտնիքները, կը բացայայտէ ներքին փտածութիւնը։ Ընդմէջ Սկիւտարի ու Բերայի ընթացող պատումը կը հիւսուի Յակոբի ու Զարուհիի շուրջ։ Վէպին գլխաւոր կերպարները մարդիկ չեն միայն, այլ նաեւ Պոլսոյ գեղեցկութիւնները՝ Չամլըճան, Ոսկեղջիւրի ու Վոսփորի տեսարանները։ «Շնորհքով մարդիկ» վէպը տպագրուած է նաեւ Սովետական Հայաստանի մէջ, 1959-ին։

Գիրքին մէջ տեղ գտած միւս վէպը կը կոչուի «Հլուները եւ ըմբոստները», որ առաջին անգամ կը հրատարակուի առանձին հատորի մը մէջ։ Համիտեան բռնապետութեան շրջանէն պոլսահայ իրականութենէն դրուագ մը պատկերող կիսաւարտ այս վէպը որպէս թերթօն նախ տպագրուած է 1906-ին, Լեւոն Լարենցի խմբագրութեամբ Եգիպտոս հրատարակուող «Ազատ բեմ» հանդէսին մէջ։ Զապէլ Եսայեան գործածած է Շահան ծածկանունը։ Վէպէն ընդարձակ հատուած մը հետագային՝ օսմանեան սահմանադրութեան վերահռչակումի օրերուն, լոյս տեսած է նաեւ «Ձայն հայրենեաց»-ին մէջ, զոր Լեւոն Լարենց սկսած էր խմբագրել Պոլսոյ մէջ։

Բացի այս վէպերէն, հատորի աւարտին զետեղուած է ֆրանսահայ գրագէտ Գրիգոր Պըլտեանի «Երկու վէպեր» խորագրեալ վերջաբանը եւ բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեանի մէկ ուսումնասիրութիւնը, ուր ցոյց կը տրուին «Շնորհքով մարդիկ» վէպի պոլսական ու սովետական հրատարակութիւններուն տարբերութիւնները։
Զապէլ Եսայեանի նոր հատորը, որու կողքին գործածուած է Կարապետ Եազմաճեանի մէկ գեղանկարը, հասցէագրուած է դպրոցական բարձր տարիքի պատանիներուն, ինչպէս նաեւ ընթերցող լայն շրջանակներու համար։

Կողքի գեղանկարը՝ Կարապետ Եազմաճեանի (1868-1929) «Հրդեհ Պայազըտի մէջ»:

«Առավոտ»

15.06.2018

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունիս 2018
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մայիս   Հուլ »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930