ԿՈՉ
Հայ Եկեղեցուոյ Մէջ Ծագած Տագնապներ Փողոցին Մէջ Չէ,
որ Կը Լուծուին Այլ Կրօնական Հաստատութեան Երդիկին Տակ
Սիրելի Հայորդիներ ի Հայաստան, ի Արցախ եւ ի Սփիւռս Աշխարհի,
Բոլորիս ալ յայտնի են, Հայ ժողովուրդի պատմութեան թէ՛ խաղաղ եւ թէ՛ աւելի յաճախ արիւնով շաղախուած՝ պատերազմներով ու տառապանքով լեցուն տխուր էջերը: Քանի անգամներ աւերուած եւ կրկին մոխիրներու տակէն Փիւնիկի նման վերակենդանացած են մեր շէն քաղաքներն ու եկեղեցիները, ասոնց շարքին նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցուոյ Մայր Աթոռը:
Ծանր եղած է մեր ժողովուրդին ընթացքը մարդկային պատմութեան մէջ, սակայն երբեք լքուած չենք Աստուծոյ եւ Իր հիմնադրած Եկեղեցիին կողմէ: Հայ Եկեղեցին եւ յատկապէս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը միշտ իր հոգատար կամարներուն տակ հաւաքած է հոգածութեան կարօտ իր հօտը: Հայ հոգեւորականը միշտ առաջնորդած է իր հօտը թէ՛ գոյամարտերու պահուն եւ թէ՛ կեանքի առօրեային մէջ: Հայ ժողովուրդի ինքնութիւնը, լեզուն ու մշակոյթը պահպանուած է Հայ եկեղեցուոյ եւ անոր նուիրեալներուն շնորհիւ: Մինչեւ այսօր Եկեղեցին կը հանդիսանայ այն սրբազան հաւաքատեղին, որ կը միաւորէ եւ հայ կը պահէ աշխարհասփիւռ իր զաւակները:
Մայր աթոռին գահակալները Հայ եկեղեցին կը մարմնաւորեն ու կը միանան անոր հետ: Հետեւաբար հակառակ իրենց մարդկային սխալական էութեան կարելի չէ արատաւորել կամ ոտնակոխել անոնց հանգամանքն ու դիրքը:
Արդ, այսօր, Մայր Աթոռի գահակալին դէմ շղթայազերծուած պայքարը, ոչ միայն կ՛արատաւորէ անոր անձը, այլ նաեւ Հայ եկեղեցին ու բաժանումներ կը ստեղծէ հաւատացեալներուն շարքերուն մէջ:
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը իր գոյութեան ամբողջ ընթացքին հաւատալով Մայր Աթոռին դերին, անվերապահ դրօշակակակիրը եղած է անոր ու նուիրեալ ջահակիրը անոր առաքելութեան Սուրբ ճամբուն:
ՌԱԿ-ի համար անհանդուրժելի է այսօր փողոցին մէջ սկիզբ առած Մայր Աթոռին հեղինակութեան վնաս հասցնող շարժումը, որ Հայ ժողովուրդին արժէքային համակարգին համար օտար է:
ՌԱԿ կը հաւատայ, որ Հայ Եկեղեցուոյ Հայրապետին ընտրութիւնն ու անոր ճակատագրին տնօրինումը կը վերաբերի միայն ու միայն կրօնական հաստատութեան ու անոր հովանիին տակ գործող մարմիններուն իրեն յատուկ ծէսով ու ընթացակարգով:
Հետեւաբար, Հայ եկեղեցուոյ մէջ ծագած տագնապներ, մենք կը հաւատանք, որ փողոցին մէջ չէ, որ կը լուծուին այլ կրօնական հաստատութեան երդիկին տակ: Նման տագնապներ փողոց փոխադրելու դժբախտ փորձը ունի Հայ Ժողովուրդը իր հեռաւոր, թէ մօտակայ անցեալի պատմութեան մէջ, որոնց յիշատակումն անգամ կ՛ընդուըզեցնէ ու կը մտահոգէ իւրաքանչիւր Հայորդի:
Ներկայ տագնապին շրջանցումը ու անոր բարուոք լուծումը կը կարօտի հաւաքական ճիգի ու փոխադարձ հանդուրժողականութեան ու պատասխանատուութեան գիտակցութեան, որպէսզի անխախտ պահուի Մայր Աթոռի եւ Լուսաւորչակերտ Հայ եկեղեցուոյ հիմքերը:
Ի Դիմաց՝
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
Սեւակ Յակոբեան Սերխիօ Նահապետեան
Ատենադպիր Ատենապետ