Նախորդ վարչապետի շտապ հրաժարականէն ետք հարց տուինք, թէ ի՞նչ էր աշխատանքային կարգավիճակը Արամ Մանուկեանի յուշակոթողին. մեզի ըսուեցաւ, որ Ժողովրդային շարժման ցոյցերու ալիքին մէջ աշխատանքները կասած էին եւ արձանի տեղադրումը յետաձգուած՝ Յունիսի երկրորդ կիսուն:
Իմ անկեղծ յոյսն է, որ յետաձգման այս պատեհութիւնը, առանց այլեւայլի, առաջնորդէ նոր կառավարութիւնը այս ծրագիրի աւելի հիմնական վերանայման՝ ցոլացնելով այն անկեղծ, անկաշկանդ եւ ապագայասեւեռ մտածողութիւնը, զոր մեր ժողովուրդը պիտի պահանջէ վարչապետ Փաշինեանի գլխաւորած կառավարութենէն: Յուշակոթողի այդ նախագիծը, որ նախորդ իշխանութեան կողմէ որդեգրուեցաւ, իբրեւ յղացք՝ բացարձակապէս անյարիր է Արամ Մանուկեանի էութեան: Բազմաթիւ փորձերէ ետք, այս քանդակագործը ապացուցեց, որ ինք այս յանձնարարութեան մակարդակին վրայ չի գտնուիր: Ան չի՛ զգար Արամը, ինչպէս մեր ժողովուրդը զգացած է զայն՝ վերջին հարիւր տարուան ընթացքին: Իմ անկեղծ ցանկութիւնն է, որ այս նախաձեռնութիւնը իր ներկայ ձեւին մէջ ամբողջութեա՛մբ առկախուի:
Փոխարէնը, պէտք է ստեղծուի նոր յանձնաժողով մը՝ պր. վարչապետին ուղիղ պատասխանատուութեան տակ, այլ ոչ՝ Երեւանի քաղաքապետութեան: Յանձնաժողովին մէջ պէտք է ընդգրկուին ազգի լաւագոյն հեղինակութիւնները ոչ միայն արուեստի, այլ անպայմա՛ն պատմութեան, ազգագրութեան, մշակութաբանութեան մարզերէն: Ոչ միայն երկրէն, այլեւ՝ արտերկրէ՛ն: Յայտարարուի նոր մրցոյթ, որուն հրաւիրուին մասնակցելու քանդակագործներ թէ՛ երկրէն եւ թէ արտերկրէն: Ներկայացուած նախագիծերը իրենց վերջնական ձեւին մէջ դրուին քննարկման եւ ի վերջոյ՝ քուէարկութեան, միաժամանակ թէ՛ յանձնաժողովին կողմէ, թէ՛ համաժողովրդական մակարդակով: Յանձնաժողովի քուէարկութեան արդիւնքը վերջին գնահատականին մէջ ունենայ 75 տոկոս կշիռ, իսկ համաժողովրդական քուէն՝ 25 տոկոս: Անշո՛ւշտ, այս վերջին «ֆորմիւլ»ը միշտ կարելի է քննել: Արձանի տեղադրման համար թուական ընդունիլ Արամ Մանուկեանի մահուան 100ամեակը՝ Յունուար 2019:
ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Նյութի մանրամասները կարդացեք «Ասպարեզ»–ի կայքում