Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Հայաստանի բազմաթիւ որակումներով «յեղաափոխութիւնը». «Հայրենիք»

Հունիս 09,2018 12:13

Յոյսի եւ արդարութեան անարիւն թաւշեայ յեղափոխութիւն…
Թաւշեան պիտի ըլլա՞յ նաեւ անցաւ յեղափոխութիւն…
Հայաստան աշխարհը աճման տագնապ ապրեցաւ եւ աշխարհի աչքին պարզեց քաղաքականօրէն հասուն քաղաքացիներու դրական պատկեր, առանց ցնցումի իշխանափոխութիւն յառաջացնելով: Արդէն ընթացիկ եւ ընդունուած իրողութիւն է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իշխանափոխութիւնը, որ ինքզինք պարտադրեց օրինակելի ժողովրդական շարժումով մը:

Միամիտ պէտք չէ ըլլալ, շարժումը բոլորովին ինքնաբուխ չէր, ակնթարթային պոռթկում մը չէր: Մտածուած էր եւ կազմակերպուած, դասական քաղաքական պայքար մը, որ առաջնորդուեցաւ արդիական ճարտարագիտութեան ընձեռած հաղորդակցական միջոցներու մասնագիտական օգտագործումով. դիմատետր (facebook), համացանց, տեսերիզներ, (vdéo, youtub): Եւ քանի որ այդ միջոցներու օգտագործման գիտութեան ընդհանրապէս կը տիրապետեն երիտասարդները, դժգոհութեան ալիքը ձեւաւորուեցաւ եւ տարածուեցաւ անոնց միջոցաւ, անոնց շրջանակին մէջ, շարժումը ստացաւ նորի եւ երիտասարդականի նկարագիր:

Իսկ երիտասարդի եւ երիտասարդականի պիտակը միշտ աւելի համակրելի է եւ ընդունելի, գինովցնող (euphorique)՝ ե՛ւ երիտասարդին ե՛ւ նուազ երիտասարդին: Երիտասարդութիւնը միշտ ապագայի լուսաւոր խոստում է: Սակայն կեանքի օրէնք է, որ մեծ յոյսերը, դժուարութեան պարագային, կը յառաջացնեն մեծ յուսախաբութիւն, եւ անցեալի կարօտախտ: Այդպէս եղաւ խորհրդային կարգերու փլուզումէն ետք, անցումային շրջանի դեռ չյաղթահարուած դժուարութիւններու պարագային: Խորհրդային օրերու կարօտախտը դեռ կը շարունակուի, մանաւանդ երէցներու եւ համեստ թոշակառուներու շրջանակներուն մէջ: Փոփոխութիւններէն եւ յառաջդիմութիւններէն մոռցուած զանգուածը միշտ ալ կը յիշէ հին օրերը եւ զանոնք կ’իտէալականացնէ, ոչ միայն Հայաստանի մէջ:

Ինչպէս եւ ինչ որ ալ պատահի, պատմութիւն եւ քաղաքականութիւն յանկարծ չեն բուսնիր, ex nihilo չեն, նոյն ենթահողին վրայ նորի հետամուտ նախաձեռնութիւնները, նոյնիսկ երբ պատկերներ գեղեցկացնելու համար չենք խոստովանիր, կ’ընդդիմանանք, շարունակութիւն են: Այսօրուան երիտասարդը երէկի դրժուող-մերժուող դպրոցէն կ’ելլէ, միշտ իր ինքնուրոյնութիւնը մշակելու ցանկութիւնը դրսեւորելով:

Պատմութիւն եւ գրականութիւն կը վկայեն այս շփոթեցնող եւ միաժամանակ սովորական եւ բնական կացութիւններու մասին:
Ֆրանսայի ընկերվարական նախագահը, Ֆրանսուա Միթերան, տնտեսական եւ ժամանակի ըմբռնումներու ճնշման տակ, պահպանողական ղեկավարներէ աւելի, անցեալին ազգայնացուած արտադրական միաւորները ապազգայնացուց, վերադարձուց մասնաւոր սեփականատիրութեան, այսինքն՝ դրամատիրական համակարգին: Այդ կը պահանջէին տնտեսութեան տրամաբանութիւնը եւ միջազգային դրութիւնը, քանի որ ոչ ոք, անհատ թէ հաւաքականութիւն, առանձին չէ: Մէկ քայլ առաջ, մէկ քայլ ետ, միշտ քայլ պահելու հարկադրանք կայ:
Լեւոն Շանթի «Շղթայուած»ը կը պատմէ, որ մէկ տիրողին կը յաջորդէ յոյսեր ներշնչած նոր տիրողը, որ կը հետեւի զինք նախորդողի ընթացքին: Յիշել նաեւ ֆրանսացի մեծ գրող եւ իմաստասէր Ժան-Փոլ Սարթրի երկու թատերական երկերը, Les mains sales եւ L’engrenage, երբ յեղափոխելու համար ահաբեկչութիւն գործած «հերոս»ը կը հաստատէ, որ իշխանութեան տիրացած յեղափոխականը կը շարունակէ «նախկին»ը, իրական կամ անտես ուժեր կը պարտադրեն, վասն արդարութիւն հաստատելու յանձնառու հաւատքով եւ իտէալով իր ահաբեկած անձի քաղաքականութեան շարունակումը:

Այս բոլորը կ’ըսեմ, հասկնալի դարձնելու համար, որ քաղաքականութիւնը ոչ երազ է եւ ոչ ալ սոսկ տեսութիւն, այլ բազմաշերտ ընկերատնտեսական եւ մշակութաբարոյական իրականութիւններու գումարի «ղեկավարում» (management), որ գիտութեան կողքին կը պահանջէ փորձ, եւ ինչ որ յաճախ կը յիշենք, բայց զգացականութեամբ փակագիծի մէջ կը դնենք՝ raison d’Etat-ն: Այսինքն, քաղաքականութիւն եւ կեանք սոսկ գիտութիւն չեն, դասագիրք չեն, եւ երբ մեր սորվածը կը բախի կոշտ իրականութեան, խրամատ կը ստեղծուի, կը յառաջանան բեկումներ, դառնութիւններ, եսերու հակամարտութիւն եւ նորի ցանկութիւն:
Հայաստան առիթը ունեցայ հանդիպելու ընդհանրացած տարազով «թաւշեայ յեղափոխութիւնը» առաջնորդած դէմքերու եւ զիրենք լսելու, երիտասարդներ, տղաք եւ աղջիկներ, որոնց խօսքին եւ վերաբերումին մէջ կար «մեսիանական» նախնականութիւն, իրենց խօսքը եւ նայուածքը կ’ըսէին, թէ աշխարհը իրենցմով կը սկսէր, գոյութիւն չէին ունեցած անցեալի լաւը եւ վատը, աւելի ճիշդ՝ եղած էր միայն վատը, եւ իրենք կը բերէին լոյսը: Ընկերութեան յառաջդիմութեան համար կարեւոր է հզօր հաւատքը, բայց անգիտացումները միշտ պատճառ եղած նոր բախումներու եւ ետքայլի:

Հարկ է խօսիլ Եւրիպիտիոսի բարդոյթի մասին (complex d’Oeudipe): Սիկմունտ Ֆրէօյտ բացատրած է հոգեբանական երեւոյթը: Հաւանօրէն երիտասարդները երէցներէն աւելի լաւ գիտեն այդ կացութեան բացատրութիւնը: Ինքնահաստատման համար հարկ է սպաննել հայրը, այսինքն հեղինակութիւնը: Այս ընթացքին մէջ, ամէն երիտասարդ կը խորհի, որ «ինք գտած է Ամերիկան», ինքն է սկիզբը ամէն բանի: Անցեալը սխալներու խրձիկ է, եւ անհրաժեշտ է քանդել հինը, շինելու համար նորը:
Հայաստանի մէջ անհրաժեշտ էր փոփոխութիւնը: Սխալներ գործուած էին: Երբ անձ մը կամ խմբակ մը երկար կը մնայ իշխանութեան գլուխ, մեծ եւ պզտիկ սխալներ կը գումարուին, կը դառնան խրձիկ, եւ իշխանափոխութիւնը կը դառնայ կենսական անհրաժեշտութիւն: Սակայն իշխանափոխութիւնը ըլլալով հանդերձ նորի եւ նորարարութեան որոնում, խանդավառական կուրացման պէտք չէ առաջնորդէ: Պէտք է յիշել, որ խորհրդային վարչակարգի մասին ըսուած էին եւ կ’ըսուին բացասական խօսքեր, կ’ըլլան քննադատութիւններ: Բայց նորութեան եւ նորարարութեան փոթորիկի անցքէն ետք, անցածի եւ նախկինի մէջ եղած են նաեւ դրական իրականացումներ, ղեկավարներ գիտցած են շրջանցել խոչնդոտները: Ֆրանսական առած մը կ’ըսէ, որ երեխայի լոգանքի ջուրին հետ պէտք չէ կոյուղի թափել երեխան:

Հին նախախնամականի եւ անփոխարինելիի տեղ նոր նախախնամական եւ նոր անփոխարինելի պէտք չէ դնել: Այդ կ’ըլլայ նորի ձախողութեան սկիզբ:

Հայաստանի նոր ղեկավարութիւնը, վասն նորարարութեան, «մաքրագործումներ» պէտք չէ ընէ: Այս «յեղափոխական» ձեւը գործածեցին համայնավարները, եւ գրեցին, «Կոմունիստ» թերթին մէջ, որ յեղափոխութիւնը կատարեալ չ’ըլլար, կամ չի յաջողիր, «եթէ չհոսի հայ բուրժուայի արիւնը»: Այսօր բաւականաչափ քաղաքակրթուած ենք, արիւն չհոսեցնելու համար, եւ «խելացի մրջիւնները», որոնք գործ կը կատարեն, քաւութեան նոխազ պէտք չէ ըլլան, մարդիկ, այրեր եւ կիներ, որոնք մեքենաները գիտեն բանեցնել, ճախարակները դարձնել՝ բուրդ մանելու համար:

Միամիտ պէտք է ըլլալ հաւատալու համար, որ բոլոր արժէքները եւ գիտութիւնը վկայականներով կը ստացուին: Ամէն բանի բացատրութիւնը գիրքերու մէջ չէ: Ղեկավարման եւ ստեղծագործական կարողութիւնները վկայականի մէջ չեն միայն: Ֆրանսան ունեցած է մեծ կրթական նախարար մը, որ միայն երկրորդական վարժարան աւարտած էր, քանի մը տարի առաջ գրականութեան նոպէլեան մրցանակ տրուեցաւ ֆրանսացի գրողի մը, որ միայն երկրորդական ուսման վկայական ունէր: Ղեկավարման համար անհրաժեշտ է նաեւ փորձը, փորձառութիւնը, կեանքի բովէն անցածի փորձառութիւնը:

Նափոլէոն մեծ կայսրը կ’ըսէր, որ ինք «կը սիրէ ամէն գոյնի լաւ մարդիկը», ինչ որ ղեկավարի իմաստութեան յատկանիշ է:
Հայաստանի նոր ղեկավարութիւնը, ինչպէս ամէն քայլափոխի կը կրկնեն՝ «թիմ»ը, կարծէք հայերէն բառ չկայ այդ ըսելու համար (թէեւ քիչ մը ամէն տեղ օտար անուն եւ օտար բառ կարծէք դասակարգ փոխելու խորհրդանիշ են), ապագայակերտ գործ պիտի տեսնէ, եթէ նորի, նորարարութեան, յեղափոխութեան խանդավառութիւնը բարեխառնէ չափի գիտակցութեամբ, կեանքի փորձառութենէն ստացուած ողջախոհութեամբ, նպատակ ունենալով երկրի եւ ժողովուրդի կեանքի բարելաւումը քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ հոգեբարոյական մարզերու մէջ: Որպէսզի չըլլան հակամարտութիւն, խռովութիւն, անարդարութիւն, այլ հասնինք համագործակցութեամբ սրբագրելու ինչ որ թերի է, եւ ժողովուրդը առաջնորդելու դէպի աւելի բարեկարգ երկիր մը եւ յաւելեալ միասնութիւն:

Քաղաքական կեանքի ղեկավարումը ոչ պսպղուն լոյս է եւ ոչ տպաւորելու կոչուած նորաձեւական իրարանցում: Ան պէտք է ըլլայ հաւաքական կամքի եւ պարտականութեան գիտակցութեան հզօրացում: Քաղաքական իրաւութեամբ ղեկավարումը անմիջական ժամանակի գերանցումը կը կատարէ, մրցակցութիւնները եւ մերժումները կը մոռնայ, կը դառնայ ազգի շարունակութիւնը երաշխաւորող պատմութիւն: Նման ղեկավարումի առաջնորդը եւ մասնակիցը ազգի երախտագիտութեան արժանի կ’ըլլան:

Յաճախ պէտք է ներշնչուիլ ԺԶ դարու ֆրանսացի իմաստասէր Միշէլ տը Մոնթէնեի խօսքէն՝ որ «եսը ատելի է»: Այսինքն՝ ղեկավարումը կը պահանջէ իմաստութիւն, փոխան հրավառութիւններու:
Պէտք է յիշել Մահաթմա Կանտին եւ իր արտակարգ հեղինակութիւնը, խարիզ-ման, ինչպէս սովորաբար կ’ըսեն՝ Հայաստան, charisme:
Եւ յանձնառութիւն՝ ոչ թէ յաւելեալ իրաւունքի եւ փառքի համար, այլ՝ յաւելեալ ծառայութեան:

Այս ալ կրնայ ըլլայ դատումի եւ գնահատման արժեչափ:
Եւ մանաւանդ շարժիչ ուժ՝ յառաջդիմութեան եւ արդար հասարակարգի յառաջացման:

Յ. Պալեան

«Հայրենիք» շաբաթաթերթ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունիս 2018
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մայիս   Հուլ »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930