«Ակօս». Աննախադէպներ կ՚ապրուին Թուրքիոյ քաղաքական պատմութեան մէջ։ 24 Յունիս թուականին կայանալիք հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան թեկնածուներէն մին բանտի մէջ է։ Բանտախցիկէն կը տանի ընտրարշաւը։ Փաստաբաններուն բանտարկութեան դէմ առարկութիւնը «խոյս տալու հաւանականութիւն ունի» պատճառաբանութեամբ մերժուեցաւ դատարանի կողմէ։
Տեմիրթաշ 2014-ի նախագահական ընտրութիւններուն եւս մասնակցած ու մօտ 4 միլիոն ձայներ հաւաքած էր։ 7 Յունիս 2015-ին իր գլխաւորած ՀՏՓ ձայներու 13 տոկոսը ստանալով խորհրդարանի մէջ ունեցաւ 81 պատգամաւոր։ Իշխող Արդարութիւն եւ Զարգացում կուսակցութիւնը հիմնարկութենէն ի վեր առաջին անգամ զրկուեցաւ առանձինն կառավարութիւն կազմելու առիթէն։
Տեմիրթաշ ձերբակալուեցաւ 4 Նոյեմբեր 2016-ին։
Նախագահական թեկնածուն «Ակօս»ին հարցումներուն պատասխանեց Էտիրնէի բանտէն։
– Կուսակցութիւնը Կարօ Փայլանի թեկնածութիւնը առաջարկեց Տիյարպեքիրէն։ Դուք ինչպէ՞ս կը գնահատէք հայ պատգամաւորի մը Տիյարպեքիրի թեկնածու ըլլալը։
Ս. Տ.– Կարօն Տիյարպեքիրին, Տիյարպեքիրն ալ Կարօին շատ կը վայելեն։ Քաղաքի կեդրոնը անցեալին ունեցած է բազմամշակութային յատկութիւն։ Այդ դիմագիծը պահպանուած է մինչեւ հանրապետութեան առաջին տարիները։ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութենէն ետք քաղաքի այդ յատկութիւնը ցիրուցան եղաւ։ Մինչեւ 1980-ական տարեթիւեր Տիյարպեքիրի Սուր թաղամասին մէջ հայ ընտանիքներ կ՚ապրէին։ Ես իմ մանկութեան տարիներէս անգամ կը յիշեմ այս երեւոյթը։ Բայց 80-ական, 90-ական տարեթիւերու ճնշումի եւ տանջանքներու միջավայրին մէջ այդ վերջին հայերն ալ ստիպուեցան իրենց հայրենի քաղաքը լքելու։ Սա ինքնին ողբերգութիւն մըն էր։ Հայեր Տիյարպեքիրի հիւրերը չէ այլ տեղացիներն էին։
Կարօի Տիյարպեքիրի պատգամաւոր ըլլալը այդ վշտոտ պատմութեան փոխանցուած խիստ իմաստալի պատասխան մըն է։ Վստահ եմ որ Տիյարպեքիրի ժողովուրդը այս պատմական գիտակցութիւնով գրկաբաց պիտի ընդունի Կարօին։ Իսկ Կարօ արդէն Տիյարպեքիրի օտար մէկը չէ։ Կը հաւատամ, որ տեղւոյն երիտասարդութեան հետ շատ լաւ յարաբերութիւններ պիտի ունենայ եւ լաւագոյն կերպով պիտի ներկայացնէ իր կուսակցութիւնը։ Յաջողութիւններ կը մաղթեմ իրեն։
Հարցազրույցն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում