«Ասպարեզ».Դար մը առաջ, յեղափոխական սերունդի մը հրաշալի խոյանքին շնորհիւ՝ անկախացա՛նք, ստեղծեցինք մեր սեփական, ազգային պետականութիւնը եւ նուիրեալ քաղաքական, կուսակցական ու պետական գործիչներու առաջնորդութեամբ ճամբայ ելանք մեր կեանքը ինքնիշխանօրէն կազմակերպելու՝ մեր հայրենի երկինքին տակ:
Մեր երթը կոպտօրէն ընհատուեցաւ, օտար լուծը վերստին կապուեցաւ մեր վիզին եւ սկսաւ մեզ այլասեռման ենթարկելու հետեւողական, ահաւոր ծրագիրի մը գործադրութիւնը:
Դիմացա՛նք, դիմադրեցինք, պահպանեցինք էականը, հիմնականը եւ հասանք Արցախեան Ազատագրական պայքարի փրկարար տարիներուն, երբ դարձեա՛լ փշրուեցան շղթաները, երբ դարձեա՛լ ինքնուրոյն ապրելու իրաւունքը նուաճեցինք:
Վերսկսանք մեր ինքնակազմակերպման. սեփական ճակատագիրի տէրը դառնալու երթը այս անգամ յատկանշուեցաւ խարխափումներով, ազգային գաղափարախօսութեան թելադրած ուղիէն շեղումներով: Չկրցանք անհրաժեշտ արագութեամբ մեր վրայէն թօթափել կրաւորականութիւնը, մեր շրջապատի իրադարձութիւններուն մատներու միջով նայելու վարքագիծը… եւ՝ տուժեցի՛նք: Շա՛տ տուժեցինք: Տուինք կորուստներ: Արդէն անկասելի ըլլալու տպաւորութիւնը թողած՝ մեր երկիրը արիւնաքամ դարձնող արտագաղթը վերածուեցաւ բարոյալքման նոր աղբիւրի, անարդարութիւններու ու կամայականութիւններու դէմ պայքարելու փոխարէն գաղթականական ճամպրուկները պատրաստ պահելու եւ ամէն պատեհ առիթի՝ օտար ափերու վրայ երջանկութիւն ու ինքնադրսեւորման հնարաւորութիւն փնտռելու հոգեվիճակին դատապարտելով մեզ:
Ի վերջոյ, սակայն, դարձեա՛լ կրցանք մենք մեր մէջ գտնել բաւարար ուժ, համարձակութիւն ու յանդգնութիւն, կասեցնելու համար սրնթաց գահավիժումը, եւ դարձեա՛լ մեր ճակատագիրին տէրը ըլլալու ճամբան բռնեցինք:
Հիմա կը դիմագրաւենք խարխափումներ ծնող փորձութիւնները շրջանցելու մարտահրաւէրը: Հիմա կը դիմագրաւենք երկրի իսկակա՛ն տիրոջ հոգեբանութեամբ ապրելու, պայքարելու, ստեղծագործելու, կառուցելու մարտահրաւէրը:
Հիմա կը դիմագրաւենք մեր երկրի ազատ քաղաքացին դառնալու մարտահրաւէրը, որ կը նշանակէ՝ ամբողջական շահագրգռութիւն ցուցաբերել հանրապետութեան տարածքին վրայ իւրաքանչիւր երեւոյթի՝ լաւ թէ վատ, եւ իւրաքանչիւր գործընթացի հանդէպ, կը նշանակէ՝ մեր անմիջական խնդիրներէն անդին պատասխանատուութիւն վերցնելու վարքագիծը ուղենիշ դարձնել:
Պիտի դիմագրաւենք ու յաղթահարենք ամէն դժուարութիւն: Առաջին հերթին՝ պիտի թօթափենք ամէն կասկած, երկմտանք, մեր ուժին հանդէպ վստահութեան պակաս:
Չենք կրնար նոր փորձարկումներ կատարել: Յաջողութեան երաշխիքը ազգային համերաշխութեան կենսունակ մթնոլորտի ստեղծումն է, ուրկէ դուրս պէտք է մղել փոքրոգութիւնը, նենգութիւնը: Առարկայական հզօր ուժով ընթացող պատմութեան ուղղութիւնը շրջելու պարտաւորութիւնը ցցուած է մեր առջեւ. պէ՛տք է վերագտնենք ամէն ինչ, որ կորսուած է, եւ վերականգնե՛նք մեր հոգիներու աւերածութիւնը:
Իբրեւ ներշնչում՝ մենք կրնանք միշտ յենիլ հարիւր տարի առաջ, բոլորովին անբարեյոյս պայմաններու մէջ պետութիւն կերտած գործիչներու հաւատարմութեան, գաղափարականութեան, անձնազոհութեան, անշահախնդիր ծառայութեան հարուստ աւանդներուն: