«Ասպարեզ». Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան վերաձեւաւորման այս սկզբնական փուլին մէջ մենք զմեզ կը գտնենք ԱՄՆի նախագահին կողմէ աշխարհի քաղաքական բեմին ուղղուած հերթական մարտահրաւէրին առջեւ: ԱՄՆ չեղեալ կը յայտարարէ Իրանի հետ միջուկային համաձայնագիրը միաժամանակ խիստ արգելքներ խոստանալով Իրանի հետ տնտեսական յարաբերութիւններու մէջ գտնուող ամերիկեան հաստատութիւններուն: Աւելի՛ն: Պատժամիջոցներու սպառնալիքը ուղղուած կը թուի ըլլալ նաեւ բոլոր այն երրորդ երկիրներուն (ինչպէս Հայաստանն ու Արցախը), որոնք երկկողմանի տնտեսական յարաբերութիւններու մէջ են Իրանի հետ:
Իրան Հայաստանի չորրորդ ամենամեծ առեւտրական գործընկերն է եւ անշուշտ Հայաստանի կապը Իրանի հետ ռազմավարական մեծ նշանակութիւն ունի մեր երկրին համար: Ան մեծապէս կենսական է եւ անզանցառելի՝ բոլոր արտաքին պատժամիջոցներէն առաջ ու ետք: Ոչ մէկ Թրամփ ի վերջոյ ի վիճակի է հայ-իրանական այս կենսական երակը խափանելու: Բայց յարաբերութիւններու այսօրինակ սրումը յղի է ծանրագոյն հետեւանքներով Հայաստանի եւ Արցախի համար:
Այսօր բոլոր փաստերը ցոյց կու տան, որ այս տագնապին իսկական հրահրիչը Իսրայէլն է, որ շնորհիւ իր ներքին ամերիկեան խարիսխին յաջողած է «զօրաշարժի ենթարկել» վարչակազմի երեք սիւները յանձինս Պետքարտուղար Փոմփէոյի, Անվտանգութեան խորհրդատու Պետ Պոլթընի եւ Պաշտպանութեան քարտուղար Զօր. Մաթիսի: Այս տագնապէն մեծապէս նպաստաւորուելու դիրքին վրայ կը գտնուին Ատրպէյճան եւ Թուրքիա… Եւ անշուշտ յառաջիկայ ամիսներուն Հայաստան կրնայ ինքզինք գտնել հայ-ռուսական կապերու առաւել սերտացման պարտադիր նոր փուլի մը մէջ, ի հեճուկս բազմակողմ դիւանագիտութեան:
Վարչապետ Փաշինեանի փոխընտրութիւնները սահմանափակ են: Հայ դիւանագիտութեան նաւը մեծ դժուարութեամբ է, որ ճամբայ կը կտրէ: Թրամփի որոշումը ուղիղ հարուած կու տայ մեր ազգային անվտանգութեան, եթէ կացութիւնը թողունք իր բախտին: Որպէսզի կարելի ըլլայ այս վտանգը դիմագրաւել, պր. վարչապետը այժմէն իսկ պիտի գործի լծուի՝ մեր ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԿԱՐՈՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ընդգրկելով գործին մէջ… Եւ հոս է մեր իսկական յաղթանակին գաղտնիքը:
ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Մայիս 11, 2018, Ուաշինկթըն