Հայաստանի մէջ կը ձեւաւորուի նոր կառավարութիւն, ժողովրդական պահանջի ալիքի վրայ: Փոխանցման շրջան մը կ’ապրի Հայաստանի պետութիւնը: Նոր կառավարութիւնը պիտի փորձէ բաւարարել ժողովրդական ակնկալութիւնները յաւելեալ արդարութեան ենթահողի վրայ: Միաժամանակ կառավարութիւնը ազգային-պետական զոյգ քաղաքականութիւն պիտի մշակէ, պիտի առաջնորդէ, որ անհատներու սպասումներուն պատասխան պիտի չըլլայ, այլ ազգի: Ազգը՝ Հայաստանի եւ սփիւռք(ներ)ի, եւ այս պարագային գերիշխող պէտք է ըլլայ քաղաքական միտքը, ազգային հեռանկարներու, ինքնութեան եւ իմաստութեան լուսաւորումով:
Այդ իմաստութիւնը, առաջին հերթին, հանրային կարծիքը եւ իշխանութիւնը զերծ պէտք է մնան, պէտք է պահուին յաղթողի եւ պարտուածի տեսակ մը հոգեխոցէ (trama): Եթէ երկիրը ինքզինք յանկարծ գտնէ նման կացութեան մէջ, կը մտնենք տեւաբար իշխանութիւն փոխելու խաղին մէջ, հողմապտոյտը մեզ կառնէ իր յորձանքին մէջ, եւ երազուած «վերականգնում»ները կը դրուին սպասման սենեակներու մէջ: Ոմանք պիտի դժգոհին եւ նախաձեռնութիւնները պիտի համարեն կիսամիջոցներ, ուրիշներ պիտի գտնեն, որ ձեռքբերումները կը դատապարտուին կորստեան:
Հոս կը սկսի մտաւորականութեան աշխատանքը, որ պարտի բացատրել, այն ինչ որ կը կորսնցնենք հաւաքական կորուստ կ’ըլլայ, իսկ յաջողութիւնները կ’ըլլան երաշխիք վաղուան վերականգնումի: Այս տարրական ողջախոհութեամբ եթէ առաջնորդուին ղեկավարութիւնները, ոչ միայն կառավարութիւնը, ժողովրդային շարժումը հասած կ’ըլլայ իր նպատակին, փոխան անձերու փոփոխութեամբ կրկներեւոյթներու (mirages) խաբկանքով գոհունակութիւն պատճառելու եւ անմիջապէս վերջ ծնունդ տալու դժգոհութիւններու ալիքի:
Յ. Պալեան
Հոդվածն ամբողջությամբ կարող եք կարդալ «Հայրենիք» շաբաթաթերթում